Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը


Հայաստանի վրայ Խորհրդային իշխանութիւնների գործադրած ճնշումների առթիւ

Շուրջ երկու շաբաթներէ ի վեր, խորհրդային իշխանութիւնները բիրտ ճնշումներ ի գործ կը դնեն Հայաստանի մէջ, խափանելու համար հայ ժողովուրդի արդար պահանջը: Լեռնային Ղարաբաղի վերամիացուած տեսնելու Մայր Հայրենիքին: Արդարութեան եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն պահանջատէր կանգնող հարիւրաւոր հայրենատէրներու ձերբակալութիւնները յայտնաբար նշան են Մոսկուայի իշխանութեանց որդեգրած այս խիստ քաղաքականութեան, որուն կþընկերանայ՝ մամլոյ եւ տեղեկատուական միջոցներու օգտագործումով, խեղաթիւրումներու եւ ամբաստանութիւններու ճամբով, ակնյայտ ճիգ մը՝ վարկաբեկելու ոչ միայն սոսկական շարժում մը եւ անոր ղեկավար անդամները, այլեւ, փաստօրէն ամբողջ հայ ժողովուրդը, որ անխտիր ու անվերապահ կերպով զօրավիգ է Արցախեան պահանջատիրութեան:

7 Դեկտեմբերի աննախընթաց երկրաշարժի պատճառած աղէտին մէջ, որ իր խլած մարդկային անհամար զոհերով եւ պատճառած նիւթական վիթխարի աւերներով ցնցեց համայն մարդկութիւնը եւ որ հայ ժողովուրդի կրած դարաւոր ողբերգութեանց վրայ եկաւ աւելնալու իբրեւ կոտտացող նոր վէրք, առնուազն զարմանալի կը թուին կեդրոնական իշխանութեանց կողմէ Հայաստանի մէջ շղթայազերծուած հալածանքները: Զարմանալի՝ նաեւ անոր համար, որ Մոսկուայի վարիչներուն մտրակն ու սպառնալիքները կþուղղուին այսպէս կոչուած ՙհայ ազգայնականներու գրգռիչ արտայայտուն եւ արարքներուն դէմ, որոնք ըստ ամենայնի արդար ընդվզումի պոռթկումներ են հանդէպ Պաքուի եւ Կիրովապատի փողոցներուն մէջ ՙմահ հայերուն» գոռացող ամբոխներուն: Հանդէպ անոնց, որոնք երէկ Սումկայթի մէջ հայրեու դէմ նախճիրներ կը սարքէին, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի հայաբնակ շրջաններուն մէջ սպանդներ կը գործէին՝ հաւաքական կողոպուտի, հրկիզումի, ահ ու սարսափի եւ մահուան սպառնալիքի տակ աւելի քան երկու հարիւր հազար հայեր տեղահան դարձնելով իրենց տուներէնեւհայրենի բնօրրանէն:

Զարմանալի ըլլալէ աւելի ընդվզեցուցիչ է արդարեւ այն իրողութիւնը, որ կորպաչեւեան վարչակարգի այս օրերուն, Մոսկուա տակաւին անգիտանալ կը ձեւացնէ այս բոլորը եւ սաստումի ու զսպումի ոչ մէկ գործնական միջոցառումի կը դիմէ՝ զգաստութեան հրաւիրելու համար Պաքուի պան-թուրանական ղեկավարները, որոնք կը հանդիսանան հակա-հայ գրգռութեանց բուն իսկ կազմակերպիչներն ու պատասխանատուները:

Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանին վերամիացումը հայկական համընդհանուր պահանջ է եւ հայրենի հայութեան, եւ սփիւռքահայութեան համար. բայց ամէնէն առաջ անկապտելի իրաւունքն է ան նոյնինքն Ղարաբաղի հայութեան, որ պարբերաբար ենթարկուած ըլլալով ջարդերու, հալածանքի եւ տեղահանութեանց՝ զօրաւոր եւ դառն փորձառութեամբ գիտէ, թէ ինչ կը նշանակէ պան-թուրանական ազգայնամոլներու տիրապետութեան տակ ապրիլը: Հասկնալի է, հետեւաբար, որ ան անդուլ պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութիւնը ի խնդիր արդար լուծումի մը վախճանական նպատակ ունենալով իր ազատագրումը այդ անարգ լուծէն:

Հայ ժողովուրդը պարզապէս արդարութեան պահանջ ունի խորհրդային ղեկավարութենէն, որ ազգերու միջեւ եղբայրութեան եւ միջազգայնութեան իր առաջադրութեանց սիրոյն իսկ պարտի սրբագրել անցեալի սխալները, այս պարագային՝ ստալինեան շրջանի հայ ժողովուրդին դէմ գործուած պատմական այս մեծ սխալը: Իսկ այդ սխալը սրբագրելու համար խորհրդային իշխանութիւնները պարտաւոր են նախ հասկացողութիւն ցոյց տալ հայ ժողովուրդի արդարացի ընդվզումին հանդէպ. դադրեցնեն ճնշումի եւ հալածանքի քաղաքականութիւնը օրինաւոր արդար պահանջներով հանդէս եկող ժողովուրդի հայրենասէր զաւակներուն դէմ եւ, վերջապէս, որոնեն ու գտնեն յարմարագոյն ուղիները, որոնք պէտք է ի վերջոյ յանգին Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանի վերամիացման:
Այս է մեր համոզումը եւ կը հաւատանք, որ այլ ճամբայ չկայ ազգային հարցի ուղիղ եւ արդարացի լուծման համար:

Այլապէս, Կոմկուսի Առաջին Քարտուղար Միխայել Կորպաչեւով սկսած ժողովրդավարականացման եւ վերակառուցման ժամանակաշրջանը դատապարտուած է յատկանշուելու այն բոլոր սխալներով ու ճնշամիջոցներով, որոնցմով կը մեղադրուին խորհրդային նախորդ վարչակարգելը: Խորհրդային իշխանութիւնները իրաւունք չունին խուսափելու արդարութեան կողքին դիրքորոշուելու իրենց այս պատմական պատասխանատուութենէն, որովհետեւ պարզ հաշտարարէ աեւլի՝ մեր ժողովուրդը արդարամիտ դատաւորի կեցուածք կþակնկալէ խորհրդային ներկայ ղեկավարութենէն:

Հ.Յ.Դ.ԲԻՒՐՕ
21 Դեկտեմբեր, 1988

Տպել Տպել