ՀՅԴ Բիւրոյի կոչը հայ ժողովրդին


Հայ ժողովուրդը խոր սուգի մատնող 7 Դեկտեմբերի Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի աղէտը իր սահմռկեցուցիչ տարողութեամբ ծանրակշիռ հետեւանք ունեցաւ հայրենաբնակ հայութեան կեանքին համար£ Կործանած քաղաքներու եւ գիւղերու պարզած ողբերգական պատկերը թէ բազմահազար մեռեալներու, վիրաւորներու, անպատսպար աղէտեալներու իրավիճակը խոր վշտով վրդովեցին հայութիւնըª Մայր Հայրենիքէն մինչեւ Հայ Սփիւռքի տարածքին ապրող անդաստանական մեր ժողովուրդին զաւակները:

Սփիւռքահայութիւնը՝ իր երեք ազգային¬քաղաքական կուսակցութիւններու միջոցաւ յայտնելով իր խորունկ վշտակցութիւնները հայրենի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին, արդէն իւրաքանչիւր գաղութէ ներս ձեռնարկած է նիւթական շօշափելի եւ համազգային օժանդակութիւններու ապահովման: Օժանդակութիւններ, որոնք անմիջապէս պիտի փութացուին, Սփիւռքէն Հայրենիք՝ երկրաշարժի աղէտեալներուն թէ քաղաքական պատճառներով ատրպէյճանական շրջաններէն Հայաստան ապաստանած հալածեալ գաղթականներուն՝ իբր ամբողջական սրտակցութիւն եւ զօրակցութիւն£ Հայութեանª Արցախեան պահանջատիրական պայքարի ընթացքին տուած զոհերուն եկան միանալու երկրաշարժի աղէտեալներն ու զոհերը, հայութիւնը դնելով կրկնակի տագնապներու դիմագրաւման վճռականութեան առջեւ:

Սփոփիչ երեւոյթ է անշուշտ միջազգային համայնքին Հայաստանին օգնութեան փութալու պատրաստակամութիւնը:

Մէկ եւ ամբողջական հայութիւնը իր ազգային աղէտը անգամ մը եւս պիտի դիմագրաւէ միասնութեան եւ համագործակցութեան ազգային բարձր գիտակցութեամբ:

Սփիւռքի հնարաւոր բոլոր միջոցները¬ մարդկային, նիւթական, բարեսիրական, առողջապահական եւ ընկերային օգտագործել եւ շարժման մէջ դնել կազմակերպական կառոյցները՝ երկրաշարժին պատճառած ահաւոր վնասները դարմանելու, քանդուածը վերաշինելու, աղէտեալներուն մարդասիրական ամէն կարգի օգնութիւն փութացնելու համար:

Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ հայութեան շինարար կամքը, վերակառուցման բուռն թափով՝ պիտի տայ ապացոյցը իր պատմութեան նորագոյն մարդկային եւ նիւթական վնասներ պատճառած աղէտը համազգային ճիգով եւ նախաձեռնութեամբ դիմագրաւելու:

Առ այդ կոչ կընենք Սփիւռքի չորս ծագերուն սփռուած հայութեան բոլոր զաւակներուն, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, համայնաքային թէ եկեղեցական կառոյցներուն, որ համազգային մեր մեծ սուգին խոր անդրադարձումով եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին ապրած ծանր ողբերգութեան հաղորդակից սրտակցութեամբ մասնակցին փրկարար այն ճիգերուն, որոնք ի գործ կը դրուին Հայրենիքի մէջ՝ վնասները դարմանելու ուղղութեամբ£ Իւրաքանչիւր հայ գաղութէ ներս հանգանակիչ մարմիններուն սատարելի ազգային գերագոյն պարտականութիւն է այս օրերուն:

Ամբողջական հայութիւնը կանգնած է հայրենակերտումի նոր հրամայականին առջեւ, որ իւրաքանչիւր հայէ եւ ազգային կառոյցէ կը պահանջէ զոհաբերութեան նոր ոգի եւ ամբողջական նուիրում:

ՀՅԴ Բիւրօ
ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն

21 Դեկտեմբեր, 1988 թ.

Տպել Տպել