Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 24-ՐԴ Ընդհ ժողովի յայտարարութիւնը


Ընկերներ եւ հայրենակիցներ,

Պատմական դարձակէտ կապրի Հայոց նորագոյն պատմութիւնը: Հայկական Հարցը մտած է նոր եւ բախտորոշ փուլի մը մէջ:

Ըստ էութեան, ցարդ ոչինչ փոխուած է անշուշտ այն առանձնաշնորհեալ դիրքէնª զոր Թուրքիան կը վայելէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան զինակցութեանց միջեւ, եւ որ հիմնական խոչընդոտն է Հայ Դատի բարենպաստ լուծման: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ու անոր դաշնակից պետութիւնները, շարունակելով Թուրքիան պատուար նկատել Խորհրդային Միութեան ծաւալման թէ անոր ազդեցութեան գօտիի ընդարձակման դէմ, թուրք պետութեան կþընծայեն տնտեսական, ռազմական եւ ընկերային լայն օժանդակութիւն: Իսկ Խորհրդային Միութիւնը, մղուած իր սեփական հաշիւներէն – որոնց մէջ կարեւոր տեղ ունի իր տարածքի թրքօ-թաթար ժողովուրդներն ու Թուրքիան իրարու շաղկապող համաթուրանական յարաճուն տրամադրութիւններուն հաշուառումը – ոչ միայն բացայայտօրէն չի հակադրուիր թուրք ցեղապաշտ պետութեան, այլեւ կը շարունակէ զայն պարբերաբար դարպասել: Հակադիր ուժերու այս բարդ հաւասարակշռութեան մէջ է, որ հայ ժողովուրդը պարտաւորուած է գործել ի խնդիր իր ազգային-քաղաքական առաջադրանքներու իրականացման: Բայց եթէ Հայ Դատի ամբողջական լուծման դժուարութինները տակաւին վերացած չեն, այլ նոր կացութիւններ, միջազգային թէ ազգային գետնի վրայ. նոր յոյսեր կը ներշնչեն հայութեանª իր անժամանցելի իրաւունքներու բազմակողմանի հետապնդման եւ աւելի բարենպաստ արդիւնքներու կարելիութեան գծով:

Իրօք, վերջին տարիներուն, Արեւմտեան Զինակցութեան եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ երբեմնի ծայրայեղ լարուածութիւնը որոշ մեղմացում կրեց. խորհրդային նոր ղեկավարութեան կողմէ ձեռնարկուած ներքին թէ արտաքին յեղաշրջող բարեփոխումներուն բերումով: Վերակառուցման (փերեսթրոյքա), հրապարակայնութեան (կլասնոսթ) եւ ժողովրդավարացման (դեմոկրատիզացիա) կորպաչեւեան ներքին կարգախօսներ, տնտեսական որոշ ազատութիւններ, ինչպէս նաեւª արտաքին ճակատի վրայª աստիճանական զինաթափման ճիգեր, նոր եւ աւելի արժանավայել կեանքի մը խոստումը կու տան խորհրդային քաղաքացիներուն եւ ժողովուրդներուն: Նոր պայմանները Խորհրդային Հայաստանի եւ Անդրկովկասի չորսուկէս միլիոն հայութեան համար եւս ստեղծեցին հաւաքական ինքնաշեշտման եւ աւելի ազատ զարգցման զգալի կարելիութիւններ:

Ուստի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը դրական մօտեցում միայն կրնայ ունենալ Խորհրդային Միութեան վերակառուցման, հրապարակայնութեան եւ ժողովրդավարացման քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական բացման եւ ազատութիւններուն նկատմամբ, եւ իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ զօրավիգ կը կանգնի անոնց:

Ներազգային ճակատի վրայ, մինչեւ տակաւին վերջերս՝ Հայաստանի ժողովուրդն ու պետութիւնը զրկուած ըլլալով քաղաքական ազատ արտայայտութեան ամէն կարելիութենէ, Հայ Դատի հետապնդման միակ գործօնը արտախորհրդային Սփիւռքի հայութիւնն էր: Եւ հարկ է նշել, որ, հակառակ միջազգային կաշկանդումներուն եւ յարակից բոլոր դժուարութիւններուն, վերջին 15-20 տարիներուն աւելի շեշտակի կերպով շղթայազերծուած Հայ Դատի պայքարը, իր ցուցական, քարոզչական, յարաբերական եւ դիւանագիտական երեսներով, տուաւ շօշափելի արդիւնք՝ մեր ազգային իրաւունքները ընդհանրապէս եւ հայութեան կրած Ցեղասպանութիւնը յատկապէս համաշխարհային հանրային կարծիքին ծանօթացնելու տեսակէտէն:

Բայց Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան 1988 Փետրուարի արդար ընդվզումը եւ Խորհրդային Հայաստանի ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախեան շարժման՝ էապէս զօրացուցին Հայ Դատի հետապնդման կարելիութիւնները. անոնց տալով բոլորովին նոր տարողութիւն: Հայրենի մեր ժողովուրդը փաստեց, որ, հակառակ տասնամեակներու իր լռութեան, դաժան վարչակարգի մը ներքիւ, ինք լրիւ պահած է գիտակցութիւնը հայ ազգային իրաւունքներուն եւ ունի վճռական տրամադրութիւնը զանոնք հետապնդելու՝ ըստ ամենայնի առողջ գործելակերպով եւ միակամ կեցուածքով: Հայաստանի հայութեան խիզախ այդ վարմունքը, որ իր անկաշկանդ արտայայտութիւնը գտաւ խորհրդային ներքին նոր քաղաքականութեան ստեղծած պայմաններուն մէջ, էական կարեւորութիւն ներկայացնող դարձակէտ կը կազմէ մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման մէջ: Ան կոչուած է իր պատմաքաղաքական բովանդակ նշանակութիւնը պահելու՝ եթէ նոյնիսկ, Խորհրդային Միութեան ներքին բարեփոխութեանց մասնակի թէ ամբողջական վերացումով այդպիսի կեցուածքներ այսուհետեւ բռնի ուժով արգիլուին հայրենի ժողովուրդին: Հայաստանը, իր շուրջ երեքուկէս միլիոն գրեթէ միաձոյլ հայութեամբ, քաղաքական հիմնական գործօն է այլեւս, որուն խաղալիք դերը, Հայ Դատի հետապնդման եւ ի մասնաւորի Անդրկովկասի հայապատկան հողամասերու պահանջատիրութեան գծով, պիտի ունենայ վճռական նշանակութիւն:

Միւս կողմէ, սակայն, համաթուրանական վտանգը այսօր նոյնքան առկայ է որքան երէկ: Հարկ է բացայայտել այդ վտանգը կարելի բոլոր միջոցներով եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ, եւ խարանել ըստ ամենայնի ժամանակավրէպ ցեղապաշտ այդ վարդապետութիւնըª Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար աղետալի իր առաջադրանքներով հանդերձ: Հարկ է մանաւանդ ըլլալ աչալուրջ ու շրջահայեացª Հայաստանի եւ Անդրկովկասի հոծ հայութիւնը զերծ պահելու համար նոր փորձանքներէ:

Բոլոր պարագաներուն մէջ, Հայկական Արցախի եւ հայրենի հայութեան ազգային պահանջատիրութեան սքանչելի զարթօնքը Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը դնէ վերանորոգուող ու միշտ աւելի շեշտուող պարտաւորութեանց դիմաց: Շարունակելով գործել Հայ Դատի հետապնդման այլազան մարզերուն մէջ, միշտ պահանջատէր մնալով Թուրքիայէն, պետութիւններէն եւ Խորհրդային Միութենէն՝ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեամբ Հայաստանի եւ հայ ազգի վերամիաւորման գծով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը վերահաստատէ իր անմիջական պարտաւորութիւնները՝ հայրենի ժողովուրդին նկատմամբ,- լրիւ զօրավիգ հանդիսանալ անոր տրամադրութիւններուն եւ ձգտումներուն, անոր ազգային ազատութիւններուն, ընկերային եւ քաղաքական պահանջներուն, ջանալ ամէն կերպով, որ առողջ եւ իրատես հունի մէջ մնայ հայրենի պահանջատիրութեան շարժումը, զայն ապաժամ ու վտանգաւոր նախաձեռնութիւններէ հեռու պահելու նախանձախնդրութեամբ. օժանդակել Հայաստանի եւ Հայկական Արցախի անտեսութեան բարւոքման ու ծաղկումին, ու նպաստել, վերջապէս, ազգային-հաւաքական շահերը ամէն բանէ գերադասող հայրենի արժանաւոր ու բոլորանուէր իշխանութեան մը ստեղծման:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը վստահ է, որ հայ ազգային իրաւունքներու հետապնդման եւ հայրենի ժողովուրդին զօրակցութեան ու օժանդակութեան իր ճիգերուն մէջ, ինք պիտի շարունակէ վայելել բովանդակ հայութեան անվերապահ գործակցութիւնը: Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերջին շարժումները անհերքելի փորձաքար մը եղան, ապացուցանելու համար թէ Սփիւռքի բոլոր գաղութներն ու բոլոր հոսանքները ինչպիսի միաձոյլ ու վճռական զօրակցութիւն կրնան յայտնաբերել՝ ի պաշտպանոթիւն Մայր Հայրենիքի ժողովուրդին հարազատ տրամադրութիւններուն եւ ազգային արդար իրաւունքներուն: Համահայկական այդ հոյակապ զօրակցութիւնը պէտք է վառ մնայ ու շարունակուի: Աւելին քան երբեք ի զօրու է այսօր համազգային հրամայական կարգախօսը՝
ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԷԿ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ:

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 24ՐԴ ԸՆԴՀ. ԺՈՂՈՎ
15 Օգոստոս, 1988

Տպել Տպել