Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը


Հայաստանի կենսոլորտային ներկայ տագնապին առիթով

Վերջին ամիսներուն, հետզհետէ շեշտուած կերպով` հայրենի, ապա սփիւռքահայ եւ միջազգային մամուլը արձագանք հանդիսացան Խորհրդային Հայաստանի մթնոլորտի ծայրայեղ ապականման, որ հետեւանք է երկրամասի տարածքին հաստատուած կորիզային, ինչպէս նաեւ ջերմուժ արտադրող գործարաններու շողարձակումներուն եւ մթնոլորտի մէջ տարածուող մեծ քանակութեամբ թունաւոր կազերու:

Ժամանակի ընթացքին մթնոլորտին մէջ կուտակուող եւ գիտականօրէն հանդուրժելի առաւելագոյն չափը բազմապատիկ կերպով զանցող այս թունաւորումներն ու շողարձակումները, ըստ արժանահաւատ հաստատումներու, լրջօրէն կը վտանգեն հայրենի ժողովուրդին շնչելու եւ ապրելու հնարաւորութիւնները` մահացու կերպով սպառնալով ներկայ եւ գալիք սերունդներու գոյութեան իսկ:

Ահազանգային բնոյթ ստացած կենսոլորտային այս հարցը, որուն վրայ կը բարդուի Չերնոպիլեան արկածի հետեւանքով շողարձակուած կաթի եւ եւ այլ սննդամթերքներու վնասաբեր գործածութիւնը Հայաստանի մէջ, վերջին աստիճանի մտահոգութիւն կը պատճառէ համայն հայութեան` հայրենիքի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի, այն աստիճան, որ հայրենի մտաւորական մը կը խօսի հայութեան սպառնացող նոր Ցեղասպանութեան մը մասին:

Արդ, այսքան կենսական եւ միանգամայն մտահոգիչ կացութեան մը դէմ հանդիման, կը պահանջուի առաջին առթիւ, որ պատկան իշխանութիւնները անյապաղ դիմեն հարկ եղած վճռական միջոցառումնեռուն` անմիջական դարման գտնելու համար ստեղծուած կացութեան, նախ քան որ անդարմանելին պատահի: Հայութիւնը, ուր որ ալ գտնուի եւ ինչ խաւի ալ պատկանի, իր պաշտօնական մարմիններով, մտաւորականութեամբ, մամուլով եւ ժողովրդական զանգուածներով, չի կրնար եւ իրաւունք չունի ձեռնածալ մնալ իր հայրենիքին մէջ համախմբուած հայութեան սպառնացող այս վտանգին առջեւ: Հետեւաբար նաեւ, կը սպասուի որ ազգովին բողոք բարձրացնէ այս կացութեան պատասխանատուներուն մօտ, պահանջելով`

1. Փճացնել Չերնոպիլէն եկած ամբողջ շողավարակ կենսամթերքը:

2. Դիմել բոլոր քայլերուն, որոնք առաջքը կ’առնեն օդի ապականման, հետեւանք` Երեւանի քաուչուկի գործարանի թունաւոր արտանետումներուն:

3. Դադարեցնել կորիզային կայաններու գործունէութիւնը, զանոնք փոխարինելով ելեկտրուժ մատակարարող այլ գործարաններով:

Այս բոլորը կարեւորութեամբ կը յանձնենք Հայաստանի կառավարութեան պատասխանատուներու ուշադրութեան եւ ազգովին կը սպասենք անմիջական կարգադրութիւններու:

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
28 Նոյեմբեր, 1987

Տպել Տպել