ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարման մասին

ARF_Logo-coloredՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը լուրջ մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարման հոլովոյթին: Առաջնորդի մը հրաժարումը իւրայատուկ երեւոյթ է, ծանրակշիռ, մտահոգիչ հետեւանքներով: Մանաւանդ` աննախադէպ ու աննախընթաց ֆրանսահայ գաղութին մէջ:

Նորվան Արք. Զաքարեան 45 տարուան անառարկելի վաստակ ունի ֆրանսահայ կեանքէն ներս ու կը վայելէ անխտիր բոլորին յարգանքը: Իսկ վերջին 7 տարիներուն, իբրեւ Թեմի Առաջնորդ ապացուցեց իր կարողութիւնները, արժեւորեց իր հոգեւոր պաշտօնը ու մանաւանդ իր անվերապահ զօրակցութիւնն ու ներդրումը ունեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, մի՛շտ համախմբելով բոլո՛րը, բանիւ եւ գործով հանդիսանալով միասնականութեան ջատագովը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յանուն առարկայական մօտեցման, անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին մօտէն հետեւեցաւ հրաժարման ամբողջ հոլովոյթին, մանրամասնօրէն քննարկեց բոլո՛ր ծալքերը հրաժարման տուն տուող պատճառներուն եւ ամբողջական տուեալները ունենալով յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեան:

Առաջնորդ Սրբազանին հրաժարման հիմնական պատճառը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խիստ ու կարծր յարաբերութեանց ու կառավարման ոճն ու եղանակն են ֆրանսահայոց Թեմին հետ: Անտեղի ու մենատիրական միջամտութիւններ, անյարիր` ֆրանսահայոց Թեմի կանոնագրութեան տառին ու ոգիին, ինչպէս նաեւ` Նորվան Արք. Զաքարեանի տիպար վարքագծին:

Ներկայիս իրավիճակը բարդ է ու գեր մտահոգիչ: Արդէն իսկ սկսած է պատրաստուիլ յառաջիկայ քայլերը եւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ մենատիրական միեւնոյն տրամադրութեամբ Թեմին պարտադրուի յաջորդ Առաջնորդը: Նման պարագայ ոչ միայն անընդունելի է ֆրանսահայ համայնքին համար, այլեւ կրնայ անցեալի տխրահռչակ բաժանումներու սպիացած վէրքերը վերաբանալ գաղութին մէջ:

Առ այդ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հանդարտութեան ու զգաստութեան կոչ կ’ուղղէ բոլորին, ի խնդիր ապագայի պահպանման: Միակ հնարաւոր ելքը Նորվան Արք. Զաքարեանը համոզելն է, որ վերատեսութեան ենթարկէ հրաժարման իր որոշումը, միաժամանակ երկխօսութեան դիմել Վեհափառ Հայրապետին հետ, որ իր հերթին նպաստէ այս ընթացքին, յարգելով ֆրանսահայոց Թեմն ու անոր հոգեւոր ղեկավարը:

17 Յուլիս 2013
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի
Փարիզ Կեդրոնական Կոմիտէ

Տպել Տպել