- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հայ Դատը Հայաստանի Առնուազն 50, Իսկ Արցախի՝ 5 Միլիոն Տոլարի Ամերիկեան Օժանդակութեան Կոչ Կ՛ընէ

asparez [1]ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց ենթայանձնախումբը արդէն իսկ յատկանշական կրճատումներ կատարած է 2014 տարեշրջանի արտաքին յատկացումներու ամավարկին մէջ, իսկ Ծերակոյտին համազօր ենթայանձնախումբը Երեքշաբթի, Յուլիս 23ին պիտի սկսի քննելու այդ հարցը:

Հակառակ այն իրողութեանց, որ արտաքին օժանդակութեանց Հայաստանի եւ Արցախի յատկացումներուն մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան, Ամերիկայի Հայ Դատի0723Landmine-injury-boy- [2]
յանձնախումբը մտահոգ է յաւանական կրճատումներով եւ կոչ կ՛ընէ ամերիկահայերուն, որ իրենց քոնկրեսականներուն հետ կապ հաստատելով՝ ապահովեն Հայաստանի ու Արցախի համար հետեւեալ նուազագոյն օժանդակութիւնները.

– Արցախի համար առնուազն 5 միլիոն տոլարի ուղղակի օժանդակութիւն.

– Առնուազն 50 միլիոն տոլար օժանդակութիւն՝ Հայաստանի համար.

– Վրաստանի տրամադրուելիք օժանդակութեանց առնուազն 10 տոկոսը Ջաւախքի մէջ աշխատանքի կարելիութեանց յատկացնելու երաշխիք.

– Մարդասիրական օժանդակութիւններ ապահովել Մջին Արեւելեքի հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն, որոնք տուժած են շրջանի իրադարձութիւններէն.

– Պահպանել ու խստացնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները սահմանափակող օրէնքը.

– Վերացնել Արցախի ղեկավարութեան հետ հաղորդակցութեանց առջեւ դրուած արգելքը.

– Ապահովել Արցախի ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի առաջնորդութեամբ տարուող միջնորդական ջանքերուն:

Յայտնենք, թէ Ամերիկայի Հայ Դատի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան անցեալ շաբաթ մասնակցած էր Արցախի տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւններուն ազդեցութիւնը քննելու նպատակով դէպի Արցախ կազմակերպուած առաքելութեան՝ հանդիպումներ ունենալով ԼՂՀի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներ կատարող «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան պաշտօնեաներուն հետ:

Ձեր շրջանի քոնկրեսականին պատգամ մը յղելու համար, այցելել Հայ Դատի www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=62754891 կայքէջը, իսկ Քոնկրեսին առջեւ այս մասին Հայ Դատի վկայութեան տեսաերիզը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.anca.org/press_releases/press_releases.php?prid=2244 կայքէջը:

asbarez.com
22/07/2013