[1]
Յստակեցումներ «Սարտարապատ» շաբաթաթերթի կարգ մը հաստատումներուն մասին
Օգոստոս 11, 2010ի իր համարով, Պուէնոս Այրէսի մէջ լոյս տեսնող տեղւոյս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շաբաթաթերթ «Սարտարապատ»ի Ա. էջին վրայ հրատարակուած է յօդուած մը «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառը մեծարեց մեր տնօրէն` Սերխիօ Նահապետեանին» խորագրով: Սոյն յօդուածին մէջ տեղ գտած են կարգ մը հաստատումներ եւ յայտարարութիւններ, որոնք լայն արձագանգ գտան Ռամկավար մամուլին մէջ: Այդ հաստատումները, սակայն, մեզ կը ստիպեն կատարել կարգ մը յստակացումներ ի խնդիր նկարագրուած իրադարձու թիւններու եւ անձերու մասին ճշմարտութեան: Յօդուածը կը ներկայացնէ Ռամկավար ղեկավար պրն. Սերխիօ Նահապետեանը որպէս Արժանթինի մէջ «հայ ծագումով առաջին երեսփոխանը», որուն «շնորհիւ Արժանթինի Խորհրդարանը առաջին անգամ ըլլալով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
1983ին Արժանթինի ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր, հայ ծագումով առնուազն երկու երեսփոխան` Իսիտրօ Պաքիրճեան (Ինթրանսիխէնթէ Կուսակցութենէն) եւ Ռիքարտօ Ալաժիա (Ռատիքալ Կուսակցութենէն) մաս կազմած են Ազգային Խորհրդարանին: Նահանգային օրէնսդիր մարմիններուն մէջ հայ ծագումով շատ քաղաքացիներ ներկայացուցչական տեղեր գրաւած են ընտրուելով տարբեր կուսակցութիւններու ցանկերով:
1985 թուականէն ի վեր, Արժանթինի ե’ւ Ծերակոյտը, ե’ւ Երեսփոխանական Ժողովը ոչ միայն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ տարբեր առիթներով վերահաստատած են իրենց հայանպաստ կեցուածքը: Օրինակի կարգով նշենք` 17 Ապրիլ 1985ին Երեսփոխանական Ժողովի Յայտարարութիւնը, 19 Յունիս 1985ին Ծերակոյտի Յայտարարութիւնը, 13 Յուլիս 2000 եւ 24 Հոկտեմբեր 2001ին Երեսփոխանական Ժողովի Յայտարարութիւնները, 20 Օգոստոս 2003, 14 Ապրիլ 2004, 20 Ապրիլ 2005, 27 Յուլիս 2005 եւ 19 Ապրիլ 2006ի Ծերակոյտի Յայտարարութիւնները:
«Սարտարապատ»ի Ա. էջին վրայ նաեւ տեղ գտած ղ «Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Յայտարարութիւը Ղարաբաղի վերաբերեալ» խորագրով լուր մը, որ կը հաստատէ թէ առաջին անգամ ըլլալով Երեսփոխանական Ժողովը Լեռնային Ղարաբարի մասին յայտարարութիւն կը հրապարակէ: Սակայն իրողութիւն է, որ Արժանթինի օրէնսդիր իշխանութեան կողմէ Արցախի ի նպաստ յայտարարութիւնները լոյս տեսած են դեռեւս 1988 թուականէն սկսեալ£ Այդ յայտարարութիւններու կարգին նշենք` 9 Մայիս 1990ին Արժանթինի Ծերակոյտի յայտարարութիւնը, ուր գրուած է «աջակցելով հայ ազգին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան պահանջներուն…», 5 Մայիս 1992ին Ծերակոյտը յայտարարութիւնը, որ երկրի Նախագահին կը թելադրէ ՄԱԿի մէջ արժանթինեան դասպանին ուղղութիւն տալ աշխատանք տանելու «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հաստատման, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանափակման վերացման…», 13 Յունիս 1992ի Ծերակոյտի յայտարարութիւնը որով կը յայտնէ «Իր մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունեցող ծանր կացութեան (տարածաշրջան մը որ պատմականօրէն հայկական էր, եւ Ազրպէյճանի կցուեցաւ 1923 թուականին Սթալինի հրահանգով)… «եւ աջակցութիւն կը յայտնէ «…խաղաղութեան ի նպաստ նախաձեռնութիւններուն, ի խնդիր զինադադարի հաստատման որպէս հարցի խաղաղ լուծման առաջին հանգրուան»: Նոյն յայտարարութիւնը կը թելադրէ «այդ լուծման որպէս հիմք նկատի ունենալ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի եւ մարդկային իրաւունքներու յարգանքը», Երեսփոխանական Տան 31 Օգոստոս 1988, 25 Յունիս 1991 եւ 19 Մայիս 1993 թուականներու յայտարարութիւններ:
Նշեալ յստակացումները որեւէ մէկ ձեւով նպատակ չունին երեսփոխան Խոսէ Ամէկինօ Արպոյի հեղինակութեամբ առաջարկուած վերջին յայտարարութեան կարեւորութիւնը նուազեցնել: Ընդհակառակը` հիմնական կը նկատենք որ արդէն կատարուած յայտարարութիւնները նկատի առնուին Խորհրդարանին կողմէ՝ հանրային կարծիքին յստակացնելու համար որ Արժանթինի Խորհրդարանը արցախեան հիմնախնդրի առաջին օրէն իսկ դէմ եղած է ազերիական ռազմատենչութեան եւ զօրակցած հարցի խաղաղ կարգաւորման ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման: Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հիմնական կը նկատէ Արժանթինի մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ տարուած քաղաքական աշխատանքները կեդրոնացնել, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական պետականութեան ամրապնդման ի նպաստ հայ համայնքի կողմէ տարուած լայնածաւալ գործունէութիւնը արդիւնաւորուի լիարժէք կերպով:
Միաժամանակ, հայ հանրային կարծիքը, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, պէտք չէ ունենայ այն սխալ տպաւորութիւնը, որ Արժանթինի հայանպաստ դիրքորոշումը նորութիւն է:
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Պուէնոս Այրէս
Սեպտեմբեր 21, 2010