Արժանթինը եւ հայ դատի ի նպաստ իր աջակցութիւնը


Յստակեցումներ «Սարտարապատ» շաբաթաթերթի կարգ մը հաստատումներուն մասին

Օգոստոս 11, 2010ի իր համարով, Պուէնոս Այրէսի մէջ լոյս տեսնող տեղւոյս Ռամ­կավար Ազատական Կուսակցութեան շաբաթաթերթ «Սարտարապատ»ի Ա. էջին վրայ հրատարակուած է յօդուած մը «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառը մեծա­րեց մեր տնօրէն` Սերխիօ Նահապետեանին» խորագրով: Սոյն յօդուածին մէջ տեղ գտած են կարգ մը հաստատումներ եւ յայտարարութիւններ, որոնք լայն արձա­գանգ գտան Ռամկավար մամուլին մէջ: Այդ հաստատումները, սակայն, մեզ կը ստի­պեն կատարել կարգ մը յստակացումներ ի խնդիր նկարագրուած իրա­դար­ձու թիւն­ներու եւ անձերու մասին ճշմարտութեան: Յօդուածը կը ներկայացնէ Ռամ­կա­վար ղեկավար պրն. Սերխիօ Նահապետեանը որպէս Արժանթինի մէջ «հայ ծագու­մով առաջին երեսփոխանը», որուն «շնորհիւ Արժանթինի Խորհրդարանը առաջին ան­գամ ըլլալով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

1983ին Արժանթինի ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր, հայ ծագումով առ­նուազն երկու երեսփոխան` Իսիտրօ Պաքիրճեան (Ինթրանսիխէնթէ Կուսակ­ցու­թե­նէն) եւ Ռիքարտօ Ալաժիա (Ռատիքալ Կուսակցութենէն) մաս կազմած են Ազգային Խորհրդարանին: Նահանգային օրէնսդիր մարմիններուն մէջ հայ ծագումով շատ քա­ղաքացիներ ներկայացուցչական տեղեր գրաւած են ընտրուելով տարբեր կու­սակ­ցութիւններու ցանկերով:

1985 թուականէն ի վեր, Արժանթինի ե’ւ Ծերակոյտը, ե’ւ Երեսփոխանական Ժողովը ոչ միայն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ տարբեր առիթներով վերա­հաս­տատած են իրենց հայանպաստ կեցուածքը: Օրինակի կարգով նշենք` 17 Ապ­րիլ 1985ին Երեսփոխանական Ժողովի Յայտարարութիւնը, 19 Յունիս 1985ին Ծե­րա­կոյտի Յայտարարութիւնը, 13 Յուլիս 2000 եւ 24 Հոկտեմբեր 2001ին Երես­փո­խա­նական Ժողովի Յայտարարութիւնները, 20 Օգոստոս 2003, 14 Ապրիլ 2004, 20 Ապրիլ 2005, 27 Յուլիս 2005 եւ 19 Ապրիլ 2006ի Ծերակոյտի Յայտարարու­թիւննե­րը:

«Սարտարապատ»ի Ա. էջին վրայ նաեւ տեղ գտած ղ «Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Յայտարարութիւը Ղարաբաղի վերաբերեալ» խորագրով լուր մը, որ կը հաս­տատէ թէ առաջին անգամ ըլլալով Երեսփոխանական Ժողովը Լեռնային Ղա­րաբարի մասին յայտարարութիւն կը հրապարակէ: Սակայն իրողութիւն է, որ Ար­ժան­թինի օրէնսդիր իշխանութեան կողմէ Արցախի ի նպաստ յայտարա­րութիւն­նե­րը լոյս տեսած են դեռեւս 1988 թուականէն սկսեալ£ Այդ յայտարարութիւններու կար­գին նշենք` 9 Մայիս 1990ին Արժանթինի Ծերակոյտի յայտարարութիւնը, ուր գրուած է «աջակցելով հայ ազգին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան պա­հանջներուն…», 5 Մայիս 1992ին Ծերակոյտը յայտարարութիւնը, որ երկրի Նախա­գա­հին կը թելադրէ ՄԱԿի մէջ արժանթինեան դասպանին ուղղութիւն տալ աշխա­տանք տանելու «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հաստատման, Հայաս­տա­նի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանափակման վերացման…», 13 Յունիս 1992ի Ծերակոյտի յայտարարութիւնը որով կը յայտնէ «Իր մտահոգութիւնը Լեռնա­յին Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունեցող ծանր կացութեան (տարածաշրջան մը որ պատ­մականօրէն հայկական էր, եւ Ազրպէյճանի կցուեցաւ 1923 թուականին Սթա­լի­նի հրահանգով)… «եւ աջակցութիւն կը յայտնէ «…խաղաղութեան ի նպաստ նախաձեռնութիւններուն, ի խնդիր զինադադարի հաստատման որպէս հարցի խա­ղաղ լուծման առաջին հանգրուան»: Նոյն յայտարարութիւնը կը թելադրէ «այդ լուծ­ման որպէս հիմք նկատի ունենալ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի եւ մարդ­կա­յին իրաւունքներու յարգանքը», Երեսփոխանական Տան 31 Օգոստոս 1988, 25 Յու­նիս 1991 եւ 19 Մայիս 1993 թուականներու յայտարարութիւններ:

Նշեալ յստակացումները որեւէ մէկ ձեւով նպատակ չունին երեսփոխան Խոսէ Ամէ­կի­նօ Արպոյի հեղինակութեամբ առաջարկուած վերջին յայտարարութեան կարեւո­րու­թիւնը նուազեցնել: Ընդհակառակը` հիմնական կը նկատենք որ արդէն կա­տարուած յայտարարութիւնները նկատի առնուին Խորհրդարանին կողմէ՝ հանրա­յին կարծիքին յստակացնելու համար որ Արժանթինի Խորհրդարանը արցախեան հիմ­նախնդրի առաջին օրէն իսկ դէմ եղած է ազերիական ռազմատենչութեան եւ զօ­րակցած հարցի խաղաղ կարգաւորման ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապե­տու­թեան մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման: Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հիմնական կը նկատէ Արժանթինի մէջ տարբեր մա­կար­դակներու վրայ տարուած քաղաքական աշխատանքները կեդրոնացնել, որ­պէս­զի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական պետականութեան ամ­րա­պնդման ի նպաստ հայ համայնքի կողմէ տարուած լայնածաւալ գործունէու­թիւ­նը արդիւնաւորուի լիարժէք կերպով:

Միաժամանակ, հայ հանրային կարծիքը, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, պէտք չէ ունենայ այն սխալ տպաւորութիւնը, որ Արժանթինի հայանպաստ դիր­քո­րոշումը նորութիւն է:

Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Պուէնոս Այրէս
Սեպտեմբեր 21, 2010

Տպել Տպել