[1]Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Տէյվիտ Ճեֆրին, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան հանրային կապերու պատասխանատու Ֆատի Հաֆեզ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի ներքին անցուդարձերուն եւ շրջանային կացութեան շուրջ:
Բագրատունի ամերիկացի դիւանագէտին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի դիրքորոշումը` լիբանանեան թէ շրջանային թատերաբեմին վրայ կատարուող զարգացումներուն թէ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն գծով:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը հետամուտ ըլլայ հարցերը երկխօսութեամբ եւ բռնութենէ հեռու միջոցներով լուծելու անհրաժեշտութեան:
aztagdaily.com