- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Եւրոպայի կազմակերպութեան ռայոնական ժողովի

[1]
Գումարեցին Եւրոպայի կազմակերպութեան ռայոնական ժողովը, նուիրուած հայ քաղաքական Դատի եւ յարակից հարցերու քննարկման։ Պրիւքսէլի մէջ Ժողովին կմասնակցեին Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւրոպական տարբեր ներկայացուցչական կազմերը (Ֆրանսա, Պելճիքա, Հոլանտա, Կիպրոս, Յունաստան, Գերմանիա, Աւստրիա, Շուէտ, Իտալիա, Պուլկարիա եւ Անգլիա)։

Գլխաւոր օրակարգերէն էր Թուրքիոյ ձգտումը Եւրոմիութեան անդամակցութեան։ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը արդէն նախաձեռնութիւններ առած էր քաղաքական շրջանակներու մօտ, որպէսզի այդ անդամակցութիւնը խստօրէն ստորադասուի պարտադիր պայմաններու։
Եւրոպական երկիրներու նախագահները եւ վարչապետները Դեկտեմբեր 17ին պիտի դիրքորոշուին Թուրքիոյ Եւրոմիութիւն մուտքը պայմանաւորող բանակցութիւնները ընթացքի դնելու մասին։ Այս կացութեան առջեւ, ժողովը շեշտեց կարեւորութիւնը Եւրոպայի հայութիւնը եւ անոր կողքին գտնուող բարեկամները անմիջական զօրաշարժի ենթարկելու եւ լոպպիյինկի աշխատանքները բազմապատկելու քաղաքական շրջանակներու մօտ, ամբողջ Եւրոպայի տարածքին։

Ան ընդգծեց կարիքը գործնական միջոցառումներով աւելի շեշտակի լսելի դարձնելու մեր դժգոհութիւնը եւ բողոքը եւրոպական բոլոր երկիրներու մօտ, ինչպէս եւ կազմակերպելու բոլոր գաղութներու զօրաշարժը, որպէսզի հոծ բազմութեամբ ներկայ եւ մասնակից ըլլայ Դեկտեմբեր 17ի հաւաքին Պրիւքսէլի մէջ, ու միասնաբար արգելք հանդիսանանք Թուրքիոյ Եւրոպա մուտքի այս գործընթացին։

Դիւան Հ.Յ.Դ. Ռայոնական ժողովի