- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Հայրենիք»ի խմբագրական. խուռներամ ըմբոստութիւն..հարիւր դրամ

cropped-cropped-cropped-hairenikweeklylogo [1]Երեւանի վերընտրուած քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի համար դիւրին չեղաւ գործադրել իր փափաքածը: Արդարեւ, ան որոշած էր յանկարծակի եւ հսկայական յաւելում մը առաջադրել ու պարտադրել, այս անգամ փոխադրամիջոցներու եւ յատկապէս հանրակառքերու բնագաւառէն ներս:

Հարիւր դրամի փոխարէն, ան որոշած էր յիսուն առ հարիւր յաւելում մը, այսինքն հարիւրյիսուն դրամ: Այս շտապ որոշումով, Երեւանի քաղաքապետը ինկած էր, իր իսկ փորած խրամին մէջ, առիթ ընծայելով որ դժգոհ տեղացիներ համախմբուին եւ շարունակ հաւաքներ կազմակերպեն:

Ժամանակի ընտևանին ալ հարց էր: Առանց որեւէ հանրային քննարկում կատարելու, այս սակի յաւելման լուրը տարածուած էր, գործադրման օրէն երկու օր առաջ:…Եւ աւելին ու հիմնական հարցը` քաղաքապետութիւնն ու քաղաքապետը. կը հակասէին իրենց իսկ թափանցիկ գործելաձեւին, որն էր հանրային մասնակցութեան եւ բնակիչներուն որոշումներու կայացման մասնակից դարձնելու սկզբունքը:

Եւ բնականաբար, այս միակողմանի որոշումը անընդունելի կը նկատուէր, նկատի ունենալով որ կայացած էր առանց շահագրգիռ կողմերու, այսինքն վառորդներու, ուղեւորներու, ղեկավարութեան եւ հանրութեան իրական եւ իրաւական մասնակցութեան:

Այսպէս ընբոստ խուռներամը, այդ յաւելում կրած “դրամ“ին դէմ դրօշ պարզած էր, նոյնիսկ հիմնաւորելով թէ նմանօրինակ որոշում կը խախտէ Հ.Հ. սահմանադրութեան տարրական սկզբունքներէն մէկը եւ կը նպաստէ ընկերային անարդարութեան խորացման:

Ընդդէմ այս յաւելման, ցուցարարները իրենց կարգին յստակացում կը պահանջէին, այս բնագաւառէն ներս գործող ընկերութիւններուն եւ անոնց փորձառութեան մասին, սկսելով փոխադրակառքերու մակարդակէն մինչեւ շարժավարներու եւ անձմակազմի աշխատանքի պայմաններն ու իրավիճակը:

Շատ աւելի առաջնահերթ հարց է համապատասխան վերահսկողական մարմիններու ստեղծումն ու անոնց հետեւողական աշխատանքը, ձեռք ձգելու համար բարձր մակարդակ եւ որակ, նաեւ սպասարկող ու ընդունակ անձնակազմ:

Դեռ աւելի զգայուն եւ փափուկ հարց է, հաշիւ պահանջել վերջին տարիներու կատարուած ծախսերէն, եկամուտներէն, հարկերէն, եւայլն:

Կեանքը կը շարունակուի Երեւանի մէջ …եւ նորածինն ու երիտասարդը, պապն ու ալեհերը մուտք կը գործեն փոխադրակառքերէն ներս, սակն է անփոփոխ` հարիւր դրամ:

hairenikweekly.com
31/07/2013