[1]Երկքաղաքացիութիւնը`
Համազգային Արժէք
Երկքաղաքացիութիւնը սփիւռքահայութեան ազգային պատկանելիութեան ամրագրման անփոխարինելի կռուանն է, որ ունի համահայկական արժէք եւ համազգային կարեւորութիւն: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ երկքաղաքացիութեան օրէնքին որդեգրումով հայը, ո՛ւր որ ալ ապրի, այսուհետեւ իրաւունք ունի անդամ դառնալու իր հայրենիքին եւ մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման աշխատանքներուն ու ճիգերուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի լաւապէս պէտք է ճանչնայ իր քաղաքացիական իրաւունքները եւ ի մասնաւորի` իր պարտաւորութիւնները: Քաղաքացին, հայրենիքի մէջ թէ հայրենիքէն հեռու, պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ, որ իր քաղաքացիութեամբ ինք պահապանն է հայրենիքին, որուն պաշտպանութեան ի խնդիր պէտք է ի գործ դնէ իր բոլոր կարելիութիւնները:
Այսօրուան պայմաններուն մէջ Հայաստանի քաղաքացին ներդրումային ծրագիրներով, մշակութային եւ կրթական յարաբերութիւններով եւ առհասարակ բոլոր բնագաւառներուն մէջ պէտք է մասնակցի Հայաստանի բարգաւաճման ծրագիրներուն: Սփիւռքահայուն համար երկքաղաքացիութիւնը պէտք է դառնայ սրբութիւն, հայրենիքի եւ սփիւռքի ամուր կապերու հաստատման կամուրջ, դժուարութիւններու եւ արգելքներու յաղթահարման կայուն ցուցանիշ եւ միասնականութեան ազդակ:
Այս գծով, անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հետ մեր ունեցած հանդիպումին ընթացքին դեսպանին սահմանումը ամբողջական է եւ էական. «Երկքաղաքացիութիւնը շատ կարեւոր է մեր ազգի համար, առկայ մարտահրաւէրներու, քաղաքական զարգացումներու եւ տարածաշրջանային խնդիրներու պարունակին մէջ: Հայաստանի քաղաքացիութիւնը արդէն պարտաւորութիւն է, զէնք է, իրաւունք է, նոր դրսեւորումն է մեր միասնականութեան, երաշխիքն է մեր քոյրերու եւ եղբայրներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու անվտանգութեան»:
[2]
Երկքաղաքացիութիւն Ստանալու
Գործընթացը
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր արտաքին գործոց նախարարութեամբ եւ դեսպանատուներով իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է նեցուկ կանգնելու դիմումներ կատարող հայորդիներուն: Այլ դիտակէտէ, գաղութներու մէջ գտնուող կուսակցութիւններու եւ համայնքներու պարտաւորութիւններն են ստեղծել քաջալերական ու ազգային մթնոլորտ եւ գործընթացի հեզասահ ընթացքի ապահովման բնորոշ գործելակերպ:
Այս առնչութեամբ, դեսպան Քոչարեան հաստատեց, որ երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար հայրենակիցներուն համար բոլոր հնարաւորութիւններ ստեղծուած են, որովհետեւ այս մէկը համահայկական արժէք է: Ան ըսաւ, որ դիմումներ կատարողներուն կը փոխանցուին համապատասխան տեղեկութիւններ եւ կը մատուցուին ծառայութիւններ` դիւրացնելու երկքաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը: Դեսպանը յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դեսպանատան կայքէջերուն մէջ կարելի է գտնել երկքաղաքացիութեան մասին ամբողջական տեղեկութիւններ: Դեսպանատան անձնակազմը նաեւ սպառիչ պատասխաններ կու տայ հեռաձայնով կամ համացանցի միջոցով ուղղուած բոլոր հարցումներուն: Դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ Այնճարի մէջ պարբերաբար կը կազմակերպուին ընդունելութիւններ Հայաստանի քաղաքացիութեան համար դիմողներուն յատուկ:
Դիմողներու Թուական Պատկերը
Եւ Մթնոլորտը
Դեսպան Քոչարեան նշեց, որ վերջին տարիներուն հայորդիներու հայրենասիրական զգացողութիւնը, հայրենիքի հանդէպ հետաքրքրութիւնն ու վստահութիւնը աւելի բարձր մակարդակի հասած են, որուն ապացոյցը դեսպանատուն կատարուած դիմումներուն բազմացումն է: Ան աւելցուց, որ քանի մը տարի առաջ եթէ հարիւրաւոր մարդիկ երկքաղաքացիութեան դիմում կը կատարէին, ապա վերջին երկու տարիներուն թիւը հասած է մօտ տասը հազարի: Հայաստանի անձնագիրը թէ՛ իրաւունքներ կ՛ընձեռէ եւ թէ՛ պատասխանատուութիւն կը սահմանէ: «Լիբանանահայերը հնարաւորութիւն ունին երկքաղաքացիութեամբ մօտենալու հայրենիքին, իրենց փորձով, գիտելիքներով եւ ներդրումներով մասնակցիլ երկրի տնտեսական զարգացմանը: Կը փափաքիմ, որ լիբանանահայերը աւելի մեծ թափով մասնակցին համահայկական բնոյթի նախաձեռնութիւններուն եւ բերեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան:
Քարոզչական եւ տեղեկատուական աշխատանքներուն կողքին, պէտք է ստեղծել դաստիարակչական առողջ մթնոլորտ, որպէսզի դիմում կատարողները լաւապէս գիտնան, ըմբռնեն եւ հասկնան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան կարեւորութիւնը: Դեսպան Քոչարեան ըսաւ, որ երկքաղաքացիութիւն ստանալու արարողութիւններուն, որոնց մասին դեսպանութիւնը նախօրօք կը տեղեկացնէ քաղաքացիները, յաճախակի կը դառնան անհասկնալի եւ չհիմնաւորուած բացակայութիւններ: Ասիկա լրջախոհութեան բացակայութեան արտայայտութիւն է եւ մտահոգիչ երեւոյթ է:
Դեսպանատունը` Հայրենիքին
Մէկ Փոքր Մասնիկը
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը հայրենիքին մաս կազմող օղակ մըն է, եւ այս կառոյցին նկատմամբ դեսպանատուն այցելուները պէտք է ցուցաբերեն պատշաճութիւն, կարգապահութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` յարգանք: Երբ դեսպան Քոչարեան դեսպանատուն այցելողներու հետ կապուած կարգ մը երեւոյթներու կ՛անդրադառնայ, կը շեշտէ, թէ դեսպանատունը սրբավայր է, եւ կարգ մը այցելուներ պէտք է աւելի պատասխանատու կերպով ներկայանան: Պատասխանատու ներկայանալ կը նշանակէ` պատշաճ արտաքին, յարգալիր վերաբերմունք եւ փոխադարձ յարգանք:
Երկքաղաքացիութիւնը Անհատական
Շահարկումներու Միջոց Չէ
Սփիւռքահայերը, եւ ի մասնաւորի լիբանանահայերը, երբեք իրաւունք չունին երկքաղաքացիութեան նպատակային մեկնակէտերը անտեսելու եւ այս համազգային կարեւորութիւն ունեցող արժէքը փոխարինելու այլ նպատակներով, նոյնինքն նպատակը վերածելով միջոցի` բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ անհատական շահարկումներու:
Դեսպան Քոչարեան նշած է, որ` «մեր հայրենակիցները մշտապէս պէտք է զգան երկքաղաքացիութեան արժէքը եւ սրբօրէն կատարեն իրենց պարտաւորութիւնը եւ հաւատարիմ մնան հայրենիքին եւ համահայկական արժէքներուն»:
Կարգ Մը Խնդիրներ Եւ
Մտահոգութիւններ
Վերջին շրջանին ի յայտ կու գան կեղծիքներ, կը ներկայացուին կասկածելի փաստաթուղթեր, ինչ որ կ՛արժեզրկէ քաղաքացիութեան վեհ գաղափարն ու նպատակը: Լիբանանի մէջ պաշտօնական փաստաթուղթերով զբաղող անհատներն ու կառոյցները պէտք է յատուկ բծախնդրութեամբ մօտենան իրենց պարտականութիւններուն եւ պատշաճ մակարդակով կատարեն պահանջուող փաստաթուղթերու զտման եւ ստուգման աշխատանքները:
Տակաւին, կարգ մը հայորդիներ Հայաստանի քաղաքացիութիւնը կ՛օգտագործեն այլ երկիրներու մէջ իբրեւ կեցութեան հաստատագիր կամ ալ այլ երկիր մուտքի անցագիր, ինչ որ մերժելի է եւ իր նպատակին չի ծառայեր: Անոնք, որոնք Հայաստանի քաղաքացիութեամբ այլ երկիր մուտք կը գործեն ու ապա կը հրաժարին Հայաստանի քաղաքացիութենէն, ապա անոնց այս քայլերը ամբողջովին ապազգային են, քանդիչ են եւ անընդունելի, վնաս կը հասցնեն Հայաստանի պետական շահերուն եւ հեղինակութեան:
Պէտք չէ անտեսել նաեւ քաղաքացիութիւնը կրթական իմաստով շահագործելու այն երեւոյթը, երբ լիբանանահայեր քաղաքացիութեան ճամբով կը հրաժարին Լիբանանի պետական քննութիւններէն եւ ֆրեշմենի կարգավիճակով մուտք կը գործեն համալսարաններ: Այս մէկը Լիբանանի Հանրապետութեան շահերուն համար մերժելի է:
Այս բոլոր հարցերը վստահաբար առկայ են դիմում կատարողներու փոքր տոկոսի մը մօտ, մինչ հարիւրաւոր հայորդիներու համազգային առաջադրանքներէն մեկնած դիմում կատարելու քայլերը արժանի են մեծ գնահատանքի: Այնուամենայնիւ, նմանօրինակ երեւոյթներու քննարկումը պէտք է կասեցնէ ընթացքը` պահպանելու երկքաղաքացիութեան արժէքը:
Երկքաղաքացիութիւնը` Համազգային
Տեսլական Եւ Հեռանկար
Երկքաղաքացիութիւնը գործնականացումն է «Մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ» կարգախօսին, եւ այս գործընթացը պէտք է նպաստէ, որ հայրենիքէն հեռու ապրող հայորդիներու հայեցակէտը դառնայ Հայաստանը: Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր» նպատակային կարգախօսը իր կարգին երկքաղաքացիութեան օրէնքով կը ստանայ նոր բնոյթ եւ արժեւորում: Էականը այն է, որ երկքաղաքացիութեամբ համայն հայութիւնը պէտք է փորձէ աշխատիլ հասնելու Հայաստանին եւ ամենակարեւորը` Հայաստանին ընդմէջէն Արարատին:
Վերջապէս, միասնաբար տէր կանգնինք իւրաքանչիւր սփիւռքահայու արդար իրաւունքին` օրէնքով սահմանուած երկքաղաքացիութեան: Այլ դիտակէտէ, չօգտագործենք երկքաղաքացիութիւնը, այլ գործածենք համազգային նպատակներու համար` կատարելով իւրաքանչիւր քաղաքացիի վստահուած ե՛ւ պետական, ե՛ւ ազգային պարտաւորութիւնները: Իրաւունք եւ պարտաւորութիւն զիրար կը լրացնեն: Պահանջելով մեր իրաւունքը եւ խղճով ու համահայկական մօտեցումներով կատարենք մեր ազգային պարտաւորութիւնները:
Պատրաստեց` ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ