- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՄԸՄ Լիբանան Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ Մարզախաղերու Ախոյեան

pagoum1 [1]Շաբաթ, 3 օգոստոսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միկա» պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը: Խաղերը ընթացք առած էին շաբաթ մը առաջ` 27 յուլիսին, 17 երկիրներէ համախմբելով 650 մարզիկ¬մարզիկուհիներ: Մարզախաղերը ընդգրկեցին ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, աթլեթիզմ, լող, ճատրակ եւ առաջին անգամ ըլլալով` թենիս:

Փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան եւ բաժակներու տուչութիւնը կատարեցին Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի պատասխանատուներ:

Մարզիկներու տողանցքէն ետք, մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմնին անունով խօսք առաւ Սեւակ Կարապետեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի մարզական ֆետերասիոններուն եւ Ազգային ողիմպիական կոմիտէին, որոնք որեւէ օժանդակութիւն չզլացան խաղերու յաջողութեան համար:
stephan-der-bedrossian-300x199 [2]Lebanon1-300x199 [3]
Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղարը մարզախաղերը նկատեց Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման միջոց եւ մաղթեց, որ չորս տարի ետք ՀՄԸՄ-ական մարզիկները դարձեալ իրարու հանդիպին հայրենիքի մէջ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ մարզախաղերուն փակումով ոսկիէ էջ մը կը փակուի միութեան պատմութեան մէջ: «Ստեղծուած խանդավառութիւնը այժմ կը փոխադրուի շրջաններ, ուր մարզիկները վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յիշատակները, պատմելով իրարու եւ քաջալերելով իրենց խմբակիցները այժմէն պիտի պատրաստուին չորս տարի ետք տեղի ունենալիք համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն», դիտեց ան:sevag-garabedian-300x199 [4]lebanon-300x199 [5]

Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան: Ան ողջունեց մարզախաղերուն յաջողութեան համար աշխատած ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական օժանդակ յանձնախումբը եւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, որոնք ջանք չխնայեցին մարզիկներուն հանգստութիւնը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ լաւագոյն մարզիկներու եւ ախոյեաններու անուններու յայտարարութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը:

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, իւրաքանչիւր մարզախաղի լաւագոյն մարզիկին շնորհուեցաւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականի անունով մրցանակ մը` յուշանուէրի ձեւով:
Արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.

Ճատրակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Նարեկ Նաճարեան («Վարուժան Մուրատեան մրցանակ»):
Աղջկանց թենիսի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Գահիրէէն Դալար Մազլումեան («Պարգեւ Պարսամեան մրցանակ»):

Տղոց թենիսի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Քանատայէն Վահագն Թոնաքանեան («Ճորճ Տաղլեան մրցանակ»):
Աղջկանց փինկ¬փոնկի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Դուին Մումջօղլեան («Կարօ Թիւթիւնճեան մրցանակ»):

Տղոց փինկ-փոնկի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Միսաք Պոյաճեան («Յարութիւն Գազանճեան մրցանակ»):

Աղջկանց լողի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Սուրիայէն Սէրլի Մուշեղեան («Սուրէն Մուրատեան մրցանակ»):
Տղոց լողի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Փիթըր Մանուշակեան («Վարդգէս Հայրապետեան մրցանակ»):

Աղջկանց աթլեթի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Լոռի Թաշճեան («Յովհաննէս Շահինեան մրցանակ»):
Տղոց աթլեթի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Սերժ Քուքճեան («Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան մրցանակ»):

Աղջկանց վոլիպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-էն Ժենիա Յովհաննէսեան («Գէորգ Կարապետեան մրցանակ»):

Ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Փարիզէն Խաժակ Սինանեան («Վարդան Բախշեան մրցանակ»):
Կրտսեր աղջկանց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Շարիս Ղազերի («Սուրէն Մուրատեան մրցանակ»):

Կրտսեր տղոց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Թէօ Դաւիթեան («Ժիրայր Պոյաճեան մրցանակ»):

Երէց աղջկանց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Կասիա Սարգիս («Երուանդ Տեմիրճեան մրցանակ»):

Երէց տղոց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Նարպէյ Իպրահիմեան («Տոքթ. Միսաք Արզումանեան մրցանակ»):

Համա¬ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու տիպար ՀՄԸՄ-ական հռչակուեցաւ Աւստրալիայէն Անդրանիկ Բանոյեան:

Մարզախաղերու ախոյեաններ հանդիսացան հետեւեալ շրջանները.

Ճատրակ – Լիբանան
Թենիս – Քանատա եւ Գահիրէ
Փինկ փոնկ – Լիբանան
Լող – Թեհրանի ՀՄԱԿ
Աթլեթ – Լիբանան

Վոլիպոլ – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երրորդ):

Ֆութպոլ – Փարիզ (առաջին), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Պասքեթպոլ/կրտսեր աղջիկներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Լիբանան (երկրորդ), Քուէյթ (երրորդ):

Պասքեթպոլ/կրտսեր տղաք – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Պասքեթպոլ/երէց աղջիկներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):

Պասքեթպոլ/երէց տղաք – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ (երրորդ):

Արդիւնքներու հրապարակումէն ետք յայտարարուեցաւ նաեւ մարզախաղերու ընթացքին լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած շրջանին անունը: ՀՄԸՄ Լիբանան հռչակուեցաւ համա¬ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու ախոյեան իր տիրացած 3 առաջնութեան (ճատրակ, փինկ-փոնկ, աթլեթ), 1 երկրորդութեան (կրտսեր աղջկանց պասքեթպոլ) եւ 3 երրորդութեան համար (ֆութպոլ, կրտսեր տղոց պասքեթպոլ եւ երէց աղջկանց պասքեթպոլ): Լիբանանի 95 հոգինոց մարզական պատուիրակութիւնը Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեանի ձեռամբ ստացաւ յատուկ բաժակ:manuel-Marselian-209x300 [6]Hrant-Markarian-200x300 [7]Karnig-Megherditchian-215x300 [8]

Մարզախաղերու փակումէն ժամեր ետք, երեկոյեան, Աբովեանի մէջ տեղի ունեցաւ համա¬ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` ներկայութեամբ 1200 մարզիկ¬մարզիկուհիներու, պատասխանատուներու եւ ՀՄԸՄ-ի բարեկամներու: Հիւրերու շարքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ ՀՄԸՄ-ի բարերարներ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան երկարամեայ իրենց ներդրումը ունեցած եղբայրներ: Մանուէլ Մարսելեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն) պարգեւատրուեցաւ «Ոսկիէ շուշանածաղիկ» յուշամետալով, իսկ Մանուկ Մանուկեան եւ Աւետիս Պէրպէրեան պարգեւատրուեցան «Վարդան Բախշեան» յուշամետալով:

Ճաշկերոյթը խանդավառեցին հայրենի խումբ մը արուեստագէտներ եւ սուրիահայ երգիչ Յովսէփ Գասպարեան: Ճաշկերոյթին ընթացքին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ի նպաստ կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Այս առիթով ներկաներուն բաժնուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու գրքոյկը, ուր ողջոյնի խօսքեր կը փոխանցէին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Եուրի Վարդանեան, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութիւնը:

aztagdaily.com