Ռումանիոյ դեսպանը այցելեց երեսփոխան Բագրատունի

Pakradouni_Amb.Roumania-300x200Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիել Թանասէ այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, որ զինք ընդունեց «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ:

Լիբանանի ներկայ անցուդարձերուն մասին կարծիքներու փոխանակման կողքին, քննութեան նիւթ դարձան յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ մանաւանդ Լիպիոյ կացութիւնն ու այդ իմաստով եւրոպական պետութիւններուն դերակատարութիւնը:

Դեսպան Թանասէ մօտէն ծանօթ է հայութեան հետ առնչուող խնդիրներուն եւ սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռումանիոյ հայութեան եւ պատասխանատուներուն հետ: Այս առնչութեամբ ան անհրաժեշտ նկատեց յարաբերութիւններու սերտացումը Լիբանանի եւ Ռումանիոյ հայկական գաղութներուն միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց Լիբանանի մէջ գործող հայկական կառոյցներուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ լիբանանեան հարցերուն մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն:

Տպել Տպել