[1]Հայոց բանակի գերագոյն հրամանատարը, հայոց պետութեան գլուխը կանգնողը՝ Հայաստանի նախագահն է:
Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ գերագոյն առաջնորդը՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսն է:
Այս երկու անձնաւորութիւններուն դերը մեր ազգի դիմադրականութիւնը ուժեղացնելու գործին մէջ անփոխարինելի է ու կենսական:
Որքա՛ն ճառագայթող ըլլայ այս երկու անձնաւորութիւններուն հեղինակութիւնը, որքա՛ն ամուր ըլլայ անոնց բարոյական կերպարը, այնքան ուժեղ կ՛ըլլայ անոնց ղեկավարումը, այնքան հզօր կ՛ըլլան իրենց վստահուած կառոյցները:
Իսկ մեր ազգային իրականութիւնը, դժբախտաբար, գրեթէ ամէն օր մեզի կը «պարգեւէ» այնպիսի զարգացումներ, այնպիսի վիճակներ, որոնց լոյսին տակ կը տեսնենք ինչպէ՛ս կը կրծուին մեր աշխարհիկ ու հոգեւոր առաջնորդներու վարկն ու հեղինակութիւնը:
Մեր ղեկավարներուն վարկաբեկումը ժողովրդավարական գործընթացի ծիրէն ներս կատարուած քննադատութիւններուն, անոնց ղեկավարման ոճի ու գործելակերպի քննարկումներուն ճամբով չէ, որ կը կատարուի: Մեր ժողովուրդը իրեն հաշիւ տուող, իրեն հետ հաշիւի նստող ղեկավարներ ունենալու բախտը չունեցաւ, իր անկախութեան բոլոր տարիներուն: Ընտրական կեղծիքներով ու խարդախութիւններով ընտրուած յաջորդական նախագահները պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ վարկաբեկումի կնիքը կրած են իրենց ճակատին՝ իրենց օրինականութեան խնդրականացումով:
Վարկաբեկումի ու հեղինակազրկումի ալիքը վերջերս սկսած է հարուածելու եկեղեցական գործիչները՝ չխնայելով նոյնիսկ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Ֆրանսայի առաջնորդի հրաժարականին յառաջացուցած աղմուկը, որուն վերջին դրսեւորումը եղաւ Երուսաղէմի պատրիարքին նամակը՝ Գարեգին Բ.ին, եկաւ գումարուելու Ամենայն հայոցի գործելակերպին մասին անցեալի քննադատութիւններուն՝ կարծես աւելի օրինականութիւն տալով անոնց:
Թէ՛ աշխարհիկ եւ թէ հոգեւոր այս ղեկավարները փոխելու հնարաւորութիւնները գրեթէ չգոյ են: Ուրեմն ի՞նչ: Մեր ազգին ու մեր պետութեան առջեւ դրուած են այնպիսի խնդիրներ, որոնք կը պահանջեն ուժերու առաւելագոյն լարում, ամբողջական զօրաշարժ: Ո՞վ պիտի լարէ մեզ, ո՞վ պիտի զօրաշարժի ենթարկէ ազգը: Վարկաբեկուած ղեկավարնե՞րը: Ուրեմն մենք դատապարտուա՞ծ ենք, պիտի չկարենա՞նք մեր ամբողջ կարողութիւնը դրսեւորելու մթնոլորտ ստեղծողներ ունենալ իբրեւ առաջնորդներ:
Անշուշտ չենք կրնար հաշտուիլ դատապարտուած ըլլալու գաղափարին: Հետեւաբար, պարտաւոր ենք ձեւը գտնել զգաստացնելու ղեկավարները, առաջնորդները, որ տէր ըլլան իրենց պատասխանատուութեան ու արժանի՝ իրենց կոչումին: Պէտք է գտնենք ձեւը ձերբազատուելու մեր ազգի կարողութիւնը ջլատողներէն:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com
09/08/2013