[1]Մշակութային, իրաւական, քաղաքական թէ այլ բազում ոլորտներու մէջ, հայերու նկատմամբ թրքական ատելութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը վերջերս սկսած են նորովի դրսեւորումներ ստանալ: Թուրքիան այն երկիրն է, ուր հայերու հանդէպ հետեւողականօրէն ատելութիւն կը քարոզուի երկրի բարձրագոյն իշխանութեան մակարդակով: Թուրքիոյ մէջ ամէն օր քանդուող, պղծուող հայկական յուշարձանները ցայտուն կերպով կը հաստատեն մեր այս տեսակէտը:
Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ քաղաքին մէջ, շինարարական աշխատանքներու պատրուակով թուրքեր վերջերս ոչնչացուցին հայկական պատմական բնակարաններու 80% տոկոսը: Այս մասին թրքական մամուլն անգամ արտայայտուեցաւ: Հաւանաբար Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին ընդառաջ Հայկական Հարցի արծարծման եւ մեր մշակութային արժէքներու պահանջատիրութեան մտավախութիւնը գրգռած ու բազմապատկած է թրքական հակահայ մոլուցքը:
Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր հայերուն նկատմամբ միշտ ալ թըշնամանք քարոզուած է, ու դժուար է գտնել հասարակական-քաղաքական կեանքի որեւէ բնագաւառ, ուր չնշմարուին հակահայկական տրամադրութիւններ: Թրքական պետութեան ու թուրք հասարակութեան անխնայ յարձակումներուն մշտական ու գլխաւոր թիրախ դարձած է հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ ցարդ պահպանուած ճարտարապետական մեր շինութիւններն ու կոթողները եղած են ու կը շարունակեն մնալ այդ տարածքներու մէջ հայութեան գոյութեան լուռ, բայց անհերքելի վկաները: Օտար զբօսաշրջիկներ յաճախ կ՛այցելեն այդ շրջանները: Անոնց յուշագրութիւններն ու միջազգային մամուլին մէջ հերթականօրէն հրապարակած այլաբնոյթ յօդուածները կը հաստատեն այդ տարածքներու հայկականութիւնը եւ կ՛ընդգծեն թէ` հայեր թէեւ այսօր չեն ապրիր այդ բնակավայրերուն մէջ, սակայն հայկական մշակոյթի առկայ նմուշները անառարկելիօրէն կը խօսին եւ կը վկայեն անոնց ներկայութեան մասին:
Բնականաբար այս հանգամանքը կը սարսափեցնէ թուրք պետութիւնն ու հասարակութիւնը: Մուշի եւ Կարսի հայկական բնակարաններու վերջին քանդումը բացայայտօրէն կ՛ապացուցէ հայկական որեւէ հետք կամ ներկայութիւն ոչնչացնելու թրքական մոլեռանդ միտումը: Նոյն կերպով վերջնականապէս անհետացան Սասունի Մարութա սարի գագաթին գտնուող հայոց եկեղեցւոյ աւերակները, ուր ամէն տարի հայեր ուխտի կ՛երթային:
Հայաստանի հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը տեղեկացած էր թրքական կողմի ձեռնարկած վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին հայկական եկեղեցիները դիտաւորեալ կերպով աղաւաղելու պարագաներու մասին: Սակայն մտահոգիչը այն է, որ հայոց գերատեսչութիւնը բաւարարուեցաւ ընդամէնը կատարուածի փաստը արձանագրելով` առանց դոյզն բողոք բարձրացնելու: Զարմանալի կերպով մեր յուշարձաններու պահպանութեան հարցը քննութեան առարկայ չենք դարձներ, եւրոպական մշակութային կազմակերպութեանց համապատասխան մարմիններու եւ համագումարներու ուշադրութեան չենք յանձներ:
Անտարակոյս մեր արձագանգը, պետական մակարդակով մեր հակազդեցութիւնը շատ աւելի հատու եւ վճռական պէտք է ըլլայ: Մեր ձայնը շատ աւելի բարձր եւ տիրական պէտք է հնչէ միջազգային այդ կառոյցներու եւ ատեաններու բեմերէն, որոնք համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան պատասխանատուներն են: Կարճ խօսքով` պէտք է շատ աւելի ազդեցիկ, արդիւնարար միջոցառումներու ձեռնարկել եւ մեր ձայնը լսելի դարձնել միջազգային հանրութեան պատասխանատու շրջանակներուն առջեւ: Սակայն դժբախտաբար իրողութիւնը առայսօր այդպէս չէ:
Մենք ունինք իրաւական լուրջ հիմքեր մեր տեսակէտը, կողմնորոշումը ապացուցելու եւ Թուրքիան մեղադրելու միջազգային առնչակից կազմակերպութեանց հարթութեան վրայ: Մենք ի վիճակի ենք շօշափելի արդիւնքներու հասնիլ նոյնիսկ մարդկային գործօնը օգտագործելով, սակայն ցաւօք մեր աշխատանքները, ինչպէս առհասարակ, ծրագրուած ու համակարգուած չեն, որուն իբրեւ արդիւնք շատ անգամ տուժած ենք տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Թուրք գրականութեան մէջ հայեր տեւաբար ներկայացուած են որպէս թշնամիներ, նոյնը կարելի է ըսել դաստիարակութեան պարագային, ինչ որ մեր ժողովուրդի նկատմամբ թուրքերու տածած ատելութեան անթաքոյց վկայութիւնն է: Ականատեսներու խոստովանութեամբ, դպրոցական միջոցառումներու ընթացքին թուրք աշակերտներ ներկայացումներ բեմականացուցած են, ուր հայ ֆետայիներ պատկերուած են իբրեւ աւազակներ, որոնք «արդար» պատիժի արժանացած են եւ սպաննուած «հերոս» թուրքերու կողմէ: Այսպէս կը դաստիարակուի թուրք նորահաս սերունդը:
Իրաւական դաշտի մէջ նաեւ կը հանդիպինք հայութեան հանդէպ ատելութիւնը խորացնող, նուիրականացնող եպերելի դրսեւորումներու: Նկատելիօրէն յաճախակի դարձած են երկրէն ներս հայերու սպանութեան դէպքերը, մինչդեռ` Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգը խուլ ու համր կը դառնայ, երբ մեղադրեալի աթոռին նստած կը տեսնէ հայը սպաննած ոճրագործ թուրք մը:
Փաստուած է, որ թուրք պետութեան մէջ հետեւողականօրէն հայ քաղաքացիներու հանդէպ կը կիրարկուի խտրական վերաբերմունք: Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ բազմացած են հայերու նկատմամբ գործադրուած սպանութիւնները, որոնք անցեալի նման այսօր եւս կը մնան անպատիժ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ թուրքին հակահայկական տրամադրութիւններն ու մոլուցքը ամենեւին չեն փոխուած:
Սոյն թշնամանքին որպէս ցայտուն օրինակ այստեղ կարելի է ներկայացնել Հրանդ Տինքի դատավարութեան հանգամանքները: Տինքի սպանութեան մեղսակից եւ այդ անմարդկային ոճրագործութեան ծալքերու բացայայտումը խոչընդոտած պաշտօնեաներ ոչ միայն չպատժուեցան, այլեւ վարձատրուեցան, աւելի բարձր պաշտօններ ստացան:
Թաքսիմ հրապարակի «Կեզի» այգիին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ընթացքին ոստիկաններ ցուցարարները վարկաբեկելու համար «հայեր» կ՛անուանէին զանոնք, իսկ ազգայնական թերթերը ցոյցերու գլխաւոր կազմակերպիչ կը համարէին հայ քաղաքացիները:
Թուրքի ցեղակիցներու ձեռքով եւ անոր գործակալ-կամակատարներու ուղղակի մասնակցութեամբ հայերու սպանդներ կը կազմակերպուին նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս, մասնաւորաբար Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:
Անոնք կը փորձեն հայերու դէմ միասնական ճակատ կազմել` հասարակ յայտարար ընդունելով կրօնական ենթահողը, շահարկելով եղբայր մահմէտականներու կրօնամոլական զգացումները եւ հրաւիրելով զանոնք անհաւատ քրիստոնեայ հայերու դէմ պայքարելու սրբազան պարտականութեան:
Այս բոլորը կը թելադրեն հայրենի մեր պատասխանատուներուն, ասպնջական Սուրիոյ մէջ ներկայիս տեղի ունեցող ներքաղաքական պատերազմը գնահատել ոչ միայն որպէս Հայաստանի բարեկամ այս երկրէն ներս ծաւալող բազմաշերտ հակամարտութեանց եւ ահաւոր բռնարարքներու անծայր շղթայ, այլ նաեւ հայութեան կարեւորագոյն մէկ երակը հանդիսացող հայատրոփ եւ անդապահ սուրիահայ գաղութի ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող լուրջ մարտահրաւէր, որ տուեալ հարցի հանդէպ իմաստուն, խիզախ եւ պատասխանատու վերաբերում- կողմնորոշում կը պահանջէ:
Անգարա, սեփական երկրի մասնատումէն ու քրտական պետութեան ստեղծման հաւանական վտանգէն մտահոգ, այսօր կը ջանայ քիւրտերու հետ քննարկել արեւմտեան Հայաստանի տարածքին անոնց ինքնավարութիւն շնորհելու գաղափարը` այդ կերպով քիւրտերը հակադրելու եւ հրահրելու հայերու դէմ:
Հայերն ու քիւրտերը իրար դէմ լարելը, իրարու թշնամացնելը Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան դասական եղանակներէն կը սեպուի` նուիրականացնելով «բաժնէ որ տիրես» ծանօթ սկզբունքը: Արեւմտեան Հայաստան այցելողներ իրենց կենցաղային շփումներու ընթացքին նկատած են, որ թրքական քարոզչութիւնը սկսած է արդիւնաւորուիլ եւ քիւրտերու մօտ արդէն նշմարելի են հակահայ տրամադրութիւններ:
Թուրքեր ոչ միայն քիւրտ քաղաքական գործիչներու, այլեւ շարքային քիւրտ քաղաքացիներու մօտ հակահայկական քարոզչութիւն կը կատարեն, ընդհանրացնելով այն մտավախութիւնը, թէ հայեր այդ տարածքներու նկատմամբ ունին յաւակնութիւններ, պահանջքներ եւ որոշակի ծրագիր, որով կը նախապատրաստուին այդ հողերուն տիրանալու եւ հոն վերադառնալու:
Թրքական այս քարոզչութիւնը ըստ երեւոյթին անհետեւանք չէ մնացած եւ յաջողած է քիւրտերու մօտ հայերու հանդէպ թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանել, արմատաւորել:
Խ.Շ.
kantsasar.com