[1]Անտեղեակութեամբ թէ չարամտութեամբ, հայ կեանքէն ներս թերամիտ տարրերը դաշնակցական մամինները կը պատկերացնեն ու կը ներկայացնեն իբրեւ միահեծան իշխանաւորներ, իսկ դաշնակցական մարմիններու անդամները՝ իբրեւ մենատէրեր, որոնք իրենց կամքն ու ենթադրեալ կամայականութիւնները կը պարտադրեն կուսակցութեան ու կուսակցականներուն: Որքա՜ն անբոյթ եւ անատակ, նոյնքան անհիմն ու ծիծաղելի է դաշնակցական մարմիններու եւ անոնց անդամներուն մասին թերամտութեան այս երեւակայածին մօտեցումը:
Դաշնակցական մարմինները միահեծան իշխանաւորներ չեն եղած ու չեն, իսկ այդ մարմիններուն անդամները մենատէրեր չեն կրնար ըլլալ:
Դաշնակցութեան Կանոնագիրը, գործելաձեւը եւ գաղափարաբանութիւնը թոյլ չեն տար նման պարտադրական եւ մենատիրական ձգտումներու զարգացման կամ յարատեւման: Պարզ ու հանրայայտ իրողութիւն է որ, ի տարբերութիւն այլ կազմակերպութիւններու, Դաշնակցութեան մէջ անհատը իր ծագումնային, դասակարգային պատկանելիութեան կամ նիւթական հարստութեան «արժէքներու» հիման վրայ չէ որ մարմին կ՛ընտրուի կամ պատասխանատու դիրք կը ստանձնէ: Ռուբէն Տէր Մինասեանի մատնանշումով՝ «Դաշնակցութեան համար նման արժէքներ գոյութիւն չունին: Արժէք չէ անհատի դասակարգային ծագումը, անցեալը, հարստութիւնը, տիտղոսը, մտաւոր պաշարը եւ այլն: Միայն եւ միայն երեք արժէքներ նկատի կ՛առնուին. հաւատարմութիւն, զոհաբերութիւն (ներկայի համար) եւ գործելու եռանդ», (Ռուբէն Տէր Մինասեան, «ՀՅԴ Կազմակերպութիւնը», (1935), 1978ի հրատարակութիւն, էջ 23):
Արդ, հայկական յեղափոխութեան անգերազանցելի յուշագրող Ռուբէնի մատնանշած եռեակ «արժէքները» առանցքային չափանիշերը կը կազմեն դաշնակցական մարմինի էութեան ու անոր ճամբով պատասխանատուութեան արժանացման եւ ստանձման: Այս արժէքները բարոյական, կազմակերպական ու գաղափարական թարգմանն են Սիմոն Զաւարեանի «բարոյական բաւարարութեան եւ պարտաւորութեան» սկզբունքին, որ ամրագրուեցաւ 1892ին հաստատուած ՀՅԴ Անդրանիկ Ծրագիրին ընդմէջէն:
Բացատրելով այս սկզբունքին յարակցութիւնը Դաշնակցութեան մէջ «իրաւունքի եւ իշխանութեան» հարցերուն՝ 1898ի ՀՅԴ Երրորդ Ընդհանուր ժողովին յղած իր մէկ նամակին մէջ Զաւարեան կը հաստատէ. «Դաշնակացութեան մէջ անհատներից, խմբերից եւ կոմիտէներից սկսած մինչեւ Բիւրօ եւ Պատասխանատու մարմին, չկայ խնդիր իրաւունքի եւ իշխանութեան, այլ միմիայն՝ պատասխանատուութեան ու պատրաստականութեան՝ կատարելու կազմակերպական որոշումներն ու ընկերների խնդիրները», (Տե՛ս «Նիւթեր ՀՅԴ Պատմութեան Համար», Բ. Հատոր, էջ 51-52):
Հետեւաբար, ինչպէս անհատ դաշնակցականի պարագային, նոյնպէս ալ դաշնակցական մարմիններու եւ անոնց անդամներուն համար «իրաւունքի եւ իշխանութեան» իրաւասութիւններ գոյութիւն չունին: Դաշնակցական մարմինները կը յառաջանան, կը գործեն ու կը յարատեւեն «հաւատարմութեան, զոհաբերութեան եւ գործելու եռանդ»ի հիմամբ: Անոնց իրաւասութիւնը կը կայանայ միայն ու միայն «պատասխանատուութեան ու պատրաստականութեան» մէջ՝ ի սպաս դաշնակցական որոշումներու կիրարկման ու ընկերներու առաջադրանքներու կատարման:
Դաշնակցական մարմիններու առաջացումն ու գոյատեւումը պայմանաւորող վերոյիշեալ արժէքներն ու սկզբունքները տեսական թէ գործնական առումներով կ՛արգելակեն մարմիններու մակարդակին վրայ մենատիրական կամ միահեծան իշխանութեան ձգտումներն ու փորձերը: Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ի վեր պահպանուող եւ գործադրուող այս արժէքներն ու սկզբունքները կը հանդիսանան այն անխորտակելի պատուանդանը, որուն վրայ կառուցուած է Դաշնակցութեան կազմակերպական շէնքը:
Այդ կազմակերպական շէնքը կ՛առաջնորդուի ու կը ղեկավարուի յատուկ եւ յստակ օրէնքներով ու կանոններով, որոնք ձեւ ու մարմին կը ստանան ՀՅԴ Կանոնագիրով: Ուստի, ՀՅԴ Կանոնագիրը այն հարթիչ գլանն է, որ ո՛չ միայն կը կանոնաւորէ ու կը հաւասարակշռէ կազմակերպական առօրեան, այլեւ կը վերահսկէ դաշնակցական մարմիններուն եւ անոնց անդամներուն աշխատանքը, նաեւ, ի հարկին, կը սանձէ անոնց կամայականութիւններն ու մենատիրական սայթաքումները:
Բնականաբար, Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը անփոփոխ չէ մնացած ու պիտի չմնայ: Պահելով իր գաղափարական էութիւնն ու ազգային նպատակներու հարազատութիւնը՝ ժամանակի ու շրջապատի զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ փոխուելու կարողութիւնը յատուկ է Դաշնակցութեան: Առ այդ, յատկապէս կառուցային բնագաւառէն ներս, Դաշնակցութիւնը փոխելու եւ փոփոխուելու անփոխարինելի փորձառութիւն ունի: Ըստ պայմաններու, վայրի ու ժամանակի՝ Դաշնակցութիւնը ունեցած է «կենտրոն», նոնյ ատեն գործող մէկէ աւելի Բիւրօներ, պատասխանատու մարմիններ եւ այլն: Դաշնակցութեան կազմակերպական ու կառուցային փոփոխութիւններու զարգացումներուն մասին լաւագոյն աշխատութիւններէն է Հրաչ Տասնապետեանի «ՀՅԴ Կազմակերպական Կառոյցի Հոլովոյթը» (1974) խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը:
Բազմաթիւ ու բազմամակարդակ հոլովոյթի բովէն անցնելով՝ Դաշնակցութեան կառոյցին մէջ ներկայիս կը գործեն հետեւեալ մարմինները. Խումբ, Ենթակոմիտէ, Կոմիտէ, Կեդրոնական Կոմիտէ, Հայաստանի Գերագոյն Մարմին եւ ՀՅԴ Բիւրօ: Այս մարմինները կը կազմեն Դաշնակցութեան գործադիր միաւորները: Խումբը հիմնաքարն է դաշնակցական մարմիններուն: Ենթակոմիտէն եւ Կոմիտէն տեղական մակարդակի գործադիր միաւորներ են, որոնք ենթակայ են իրենց շրջանի Կեդրոնական կոմիտէին: Կեդրոնական կոմիտէն տուեալ աշխարհագրական շրջանին մէջ Դաշնակցութեան կազմի գործադիր եւ բարձրագոյն մարմինն է: Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը ՀՅԴ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմակերպութեան գերագոյն գործադիր մարմինն է: ՀՅԴ Բիւրօն Դաշնակցութեան գերագոյն մարմինն է:
Այս մարմիններուն առաջացումը կը կատարուի վերեւ բացատրուած արժէքներու եւ սկզբունքներու հիմամբ: Ամէնէն էականը՝ դաշնակցական տուեալ մարմինի ընտրութեան իրաւասութիւնը կը պատկանի իրմէ գերադաս ժողովին: Ինչպէս Նիկոլ Աղբալեան կը բացատրէ՝ «Վերից նայելով մեր կուսակցութեան շէնքին, ինչպէս որ այդ շէնքն երեւում է մեր կանոնագրի միջից՝ նրա հիմքը ժողովներից է սկսւում եւ ժողովով է վերջանում:
Իրաւասութիւնը մեր կուսակցութեան մէջ ժողովների ձեռքն է», (Նիկոլ Աղբալեան, «Մեր Կանոնագիրը» Ա., (1937), էջ 10): Տուեալ մարմին կը բխի իրմէ գերադաս ժողովէն եւ ենթակայ ու հաշուետու է այդ ժողովին: Իսկ տուեալ ժողով համախմբումն է տուեալ շրջանի բոլոր դաշնակցականներուն, որոնց վճիռն ու որոշումները կը ներկայացնեն այդ շրջանի Դաշնակցութեան կամքը:
Խումբէն մինչեւ Բիւրօ, դաշնակցական մարմինները կը յառաջանան ժողովներու ընդմէջէն՝ դաշնակցական շարքայիններու կամքով: Այդ իսկ պատճառով, որեւէ մարմինի պարտականութիւնն է գործել ՀՅԴ Կանոնագիրի սահմաններուն մէջ եւ ժողովներու որոշումներուն հիմամբ: «Մարմինը կարող է տարբեր տեսակէտ ունենալ կանոնագրի այս կամ այն յօդուածի մասին, ինչպէս նաեւ գործերի այս կամ այն ընթացքի մասին, բայց այդ տեսակէտը աւելի չէ իր արժէքով քան անհատ ընկերների անձնական կարծիքը», (Նիկոլ Աղբալեան, նոյն՝ էջ 4-5):
Այս բոլորը կը յստակացնեն, թէ դաշնակցական մարմիններու մակարդակին վրայ կամայականութիւններ ո՛չ միան դժուար են, այլեւ՝ անհանդուրժելի, մենատիրական ձգտումները ո՛չ միայն անիրագործելի են, այլեւ՝ դատապարտելի ու կանխելի: Վերջին հաշիւով՝ պէտք է ականջալուր ըլլանք եւ ի մտի ունենանք Նիկոլ Աղբալեանի հետեւեալ թելադրութիւնը. «Միշտ պէտք է յիշել, որ կուսակցութիւնը տեւական է, իսկ մարմիններն անցաւոր եւ կուսակցութիւնը տեւական է իր ծրագրով եւ կանոնագրով», (Նիկոլ Աղբալեան, «Մեր Կանոնագիրը» Բ., (1937), էջ 11):
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
asbarez.com
09/08/2013