[1]aztagdaily.com – «Ազդակ» երէկ կապ հաստատեց Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ հայ գաղութի ներկայացուցիչներու հետ` ծանօթանալու համար երկրին մէջ տիրող կացութեան լոյսին տակ երկու քաղաքներուն մէջ հայութեան իրավիճակին:
ԳԱՀԻՐԷ
Գահիրէէն Սուրէն Պայրամեան «Ազդակ»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ հայ գաղութի կացութիւնը հանդարտ է, թէեւ միութենական գործունէութիւն չկայ, որովհետեւ քաղաքին մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատուած է:
Ան նշեց, որ Գահիրէի Ռամսես հրապարակին վրայ Իսլամ եղբայրներուն կատարած քայլարշաւին ընթացքին ցուցարարները հայ առաքելական եկեղեցւոյ մօտէն անցած են եւ քարեր նետելով` փշրած եկեղեցւոյ նկարազարդուած ապակիները: Ցուցարարները նաեւ քոքթել մոլոթով մը նետած են, սակայն եկեղեցւոյ պահակները անմիջապէս մարած են կրակը:
Պայրամեան ըսաւ, որ Գահիրէի մէջ ընդհանրապէս եկեղեցիներու դէմ մեծ յարձակումներ չկան, որովհետեւ ապահովական ուժերը խիստ միջոցառումներ որդեգրած են` աւելցնելով, որ եկեղեցիներու դէմ յարձակումները ընդհանրապէս երկրին ծայրամասերուն մէջ կը կատարուին:
Պատասխանելով Եգիպտոսի կողմէ ՄԱԿ-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող համաձայնագիրի մը ստորագրման մասին տեղեկութիւններուն մասին հարցումի մը ան ըսաւ, որ այդ ուղղութեամբ ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան, սակայն եգիպտական օրաթերթերը որոշ ատենէ մը ի վեր կը գրեն Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին` նշելով, որ այդպիսի մթնոլորտ մը կայ, որուն մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունին նաեւ Ազգային իշխանութեան եւ Հայ դատի մարմինին տարած աշխատանքները:
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ
Եգիպտոսի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Աղեքսանդրիայէն Պերճ Հալաճեան իր կարգին «Ազդակ»-ի հետ «Սքայփ»-ի ճամբով հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքին մէջ կացութիւնը հանդարտ է, քաղաքին մէջ գտնուող եկեղեցիներուն ոչինչ պատահած է, որովհետեւ անոնք ապահովական ուժերուն կողմէ լաւապէս պաշտպանուած են, սակայն քաղաքին մէջ արտակարգ դրութեան հաստատման պատճառով համագաղութային ձեռնարկները սառած վիճակի մէջ են:
Խօսելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի «Թուիթըր»-ի վրայ տեղադրած որոշումին մասին` ան ըսաւ, որ եգիպտահայերը այդ որոշումի որդեգրման առիթով ժամանակաւոր նախագահին շնորհաւորական գրութիւններ ուղարկած են:
aztagdaily.com