[1]Թերեւս պէտք է հասկնալի համարել թերամտութեան հետեւանքով դաշնակցական ժողովներու կարեւորութեան անտեսումը, որովհետեւ մեր ազգային առօրեային մէջ հազուադէպօրէն արծարծումի նիւթ կը դառնայ դաշնակցական ժողովը: Հազուագիւտ պարբերականութեամբ՝ երկու տարին անգամ մը, դաշնակցական կազմակերպական շրջանի մը մէջ տեղեակ կ՛ըլլանք այդ շրջանի դաշնակցական Շրջանային ժողովի գումարման ու աշխատանքներուն մասին: Չորս տարին անգամ մը համայն հայութիւնը կ՛իմանայ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին մասին:
Առ ի հետեւանք, ազգային թէ շրջանային առումով դաշնակցական ժողովներուն նկատմամբ անհրաժեշտ գնահատումը կը խուսափի մեզմէ: Մանաւանդ, չի զարգանար անհրաժեշտ անդրադարձումն ու գիտակցութիւնը այն գերակշիռ դրոշմին ու ազդեցութեան, զոր դաշնակցական ժողով մը կը պարտադրէ Դաշնակցութեան տանելիք աշխատանքին ու բռնելիք ընթացքին վրայ: Իրականութիւնը այն է, որ դաշնակցական ժողովը իսկ էութիւնն է Դաշնակցութեան: Ան կը հանդիսանայ այն քուրան, ուր կը թրծուին շարքային անդամները եւ կը ծնին դաշնակցական գործի ուղիները: Այնտեղէն է, որ կը բխի նաեւ դաշնակցական մարմինը, որ կոչուած է գործադրելու զինք ընտրող ժողովին որոշումները եւ հետեւելու անոր ճշդած ուղղութիւններուն:
Դաշնակցական կառոյցին մէջ կազմակերպական գերադասութիւնը վերապահուած է ու կը պատկանի ժողովներուն: Ուստի, կանոնագրային յօրինուածքի հիմամբ, Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի հիմքը կը սկսի դաշնակցական ժողովով: Այդ կառուցային բուրգին գագաթը կը գրաւէ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը, որմէ աւելի գերադաս ժողով չունի Դաշնակցութիւնը:
Բնականաբար, շրջապատի պայմաններու, աշխարհագրական վայրի ու ժամանակի բերումներով, Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը ենթարկուած է փոփոխութիւններու եւ պատշաճեցումներու: (Այս մասին տե՛ս՝ Հրաչ Տասնապետեան. «ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցի հոլովոյթը», 1974): Այսուհանդերձ, եւ հասկնալի գիտակցութեամբ, Դաշնակցութիւնը պահպանած է իր ժողովներու կազմակերպական գերադասութեան սկզբունքը, որովհետեւ դաշնակցական ժողովները կը ներկայացնեն դաշնակցականներու հաւաքական վճիռն ու կամքը, որոնք անխտիր պարտադիր են տուեալ ժողովի բոլոր անդամներուն եւ տուեալ ժողովէն բխող մարմինին:
Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը ներկայիս կ՛ընդգրկէ հետեւեալ ժողովները՝ Խմբական ժողով, Խումբերու ընդհանուր ժողով, Ներկայացուցչական ժողով (կամ ըստ պարագայի՝ Ընկերական ընդհանուր ժողով), Շրջանային ժողով, Հայաստանի Գերագոյն ժողով, եւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողով: Ժողովները կը կազմեն Դաշնակցութեան օրէնսդիր, որոշում կայացնող, ուղղութիւն ճշդող եւ գործադիր մարմին յառաջացնող կառոյցները: Միաժամանակ, իւրաքանչիւր ժողովի իրաւասութիւնը կը սահմանափակուի իրեն վերապահուած աշխարհագրական վայրով:
Այսպէս, Խմբական ժողովը, Խումբերու ընդհանուր ժողովը եւ Ներկայացուցչական ժողովը (կամ ըստ պարագայի՝ Ընկերական ընդհանուր ժողովը) ունին տեղական իրաւասութիւններ: Այս ժողովներէն է, որ յաջորդաբար կը բխին հետեւալ մարմինները՝ խումբի դիւան, ենթակոմիտէ եւ կոմիտէ: Շրջանային ժողովը տուեալ աշխարհագրական տարածաշրջանի գերադաս ժողովն է, որ որոշումներ կու տայ եւ ուղղութիւն կը ճշդէ տուեալ տարածաշրջանին համար: Շրջանային ժողովէն կը բխի շրջանի գործադիր մարմինը՝ Կեդրոնական կոմիտէն: Հայաստանի պարագային Հայաստանի Գերագոյն ժողովը երկրի կազմակերպութեան գերադաս ժողովն է, որուն իրաւասութեան տարածքը Հայաստանն է, իսկ գործադիրը՝ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը: ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող գերագոյն ժողովն է: Անոր որոշումները անառարկելի ու պարտադիր են դաշնակցական բոլոր ժողովներուն, բոլոր մարմիններուն եւ բոլոր դաշնակցականներուն համար: ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովէն կը բխի կուսակցութեան գերագոյն գործադիր մարմինը՝ ՀՅԴ Բիւրօն:
Ժողովական այս կառուցուածքը յստակ կը դարձնէ, որ «Մեր կուսակցութեան յօրինուածքին մէջ ժողովներն ու մարմինները յաջորդում են իրար եւ իրար գերադասում» (Նիկոլ Աղբալեան. «Մեր Կանոնագիրը», Ա., էջ 12, 1937): Այսինքն, ինչպէս բացատրուեցաւ, իւրաքանչիւր ժողովէ կը բխի գործադիր մարմին մը, որ ստորադաս է զինք ընտրող ժողովին: Իւրաքանչիւր ժողովին կը յաջորդէ իրմէ գերադաս ժողով եւ այդ ժողովէն բխող գերադաս մարմին մը: Իւրաքանչիւր մարմին գերադաս է իրմէ ստորադաս ժողովներուն եւ մարմիններուն: Սակայն չկայ Դաշնակցութեան մէջ աւելի բարձր եւ իրաւասու ժողով քան ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը, որ կը ներկայացնէ համայն Դաշնակցութեան եւ անխտիր բոլոր դաշնակցականներուն կամքը: Ըստ այնմ, դաշնակցական բոլոր ժողովներն ու մարմինները ստորադաս են ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին:
Դաշնակցական ժողովները կազմակերպական էական արժէք եւ դերակատարութիւն ունին, որովհետեւ հոն է, ուր կը դարբնուին ու վճիռի կը վերածուին դաշնակցական որոշումները: Մարմիններուն կը մնայ հետեւիլ եւ գործադրել անոնց վճիռն ու որոշումները: Հետեւաբար, բոլոր մարմինները համարատու են իրենցմէ անմիջապէս ստորադաս ժողովին: Աւելի ճիշդը՝ «Բոլոր ժողովները համարառու են իրենց ընտրած մարմինների հանդէպ եւ իրաւունք ունին պատիժ ու պատուհաս տնօրինելու նրանց մասին» (Նիկոլ Աղբալեան. «Մեր Կանոնագիրը», Ա., էջ 13, 1937):
Ժողովներու կազմակերպական գերադասութեան սկզբունքը տեւական կիրարկման ու յարգման հիմնական գործընթաց է Դաշնակցութեան մէջ: Հազուադէպ են այն պարագաները, ուր գերադաս մարմին մը իր կամքը պարտադրէ իրմէ անմիջապէս ստորադաս ժողովի մը իրաւասութիւններուն՝ հարցերու անկաշկանդ քննարկման, որոշումներու ինքնակամ որդեգրման եւ մարմիններու ազատ ընտրութեան: Այնքան ատեն որ ժողով մը իր որոշումներուն եւ ընտրութիւններուն մէջ հաւատարիմ է Դաշնակցութեան ծրագիրին, հետամուտ է Դաշնակցութեան կանոնագրային տրամադրութիւններուն, եւ չի հակասեր ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի ուղղութեանց ու դաշնակցական գործելաձեւին, գերադաս մարմին մը կանոնագրային իրաւունքը չունի միջամտելու ստորադաս ժողովի աշխատանքներուն՝ պարտադրելու համար որոշումներ եւ մարմիններու ընտրութիւններ: Նման միջամտութիւն արտօնելի է միայն կանոնագրային հիմունքներով եւ հիմնաւորեալ բացատրութեամբ: Աւելին, նման միջամտութեան համար տուեալ գերադաս մարմինը համարատու է իր գերադաս ժողովին:
Ահա՛ թէ ինչու, Դաշնակցութեան համար կազմակերպական կենսական կարեւորութիւն եւ արժէք կը ներկայացնեն իր ժողովները: Դաշնակցական ժողովները կը կազմեն եւ կը կազմաւորեն դաշնակցականին կամքն ու վճիռը: Անոնք կը գծեն դաշնակցական մարմիններուն ուղղութիւնը: Դաշնակցական գործին մէջ անոնք են մնայունը:
Պարզ՝ Դաշնակցութեան մէջ որոշումն ու բարոյական հեղինակութիւնը կը բխին դաշնակցական ժողովէն:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
asbarez.com
20/08/2013