Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Ռումբի Օգտագործման Մասին

A man stands in an empty street near a burning building hit by a mortar shell fired by Syrian Army soldiers, in the Zamalka neighbourhood of DamascusՍուրիոյ կառավարութեան դէմ զինեալ պայքար մղող ընդդիմութեան աղբիւրները Օգոստոս 21-ին յայտարարեցին, թէ բանակային ուժերը քիմիական նիւթեր պարունակող հրթիռներով յարձակած են Դամասկոսի արուարձաններուն վրայ՝ պատճառելով հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»-ը

Սուրիոյ կառավարութիւնը անմիջապէս հերքեց այս ամբաստանութիւնը՝ զայն նկատելով քանի մը օր առաջ Սուրիա ժամանած ՄԱԿի քիմիական զէնքի մասնագէտներու աշխատանքը խանգարելու նպատակով առնուած քայլ մը, մինչ միջազգային համայնքը ամբաստանութիւնը հաստատելու նպատակով հետախուզութիւն կատարելու կոչ ըրաւ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս «առարկայական եւ արհեստավարժ հետախուզութիւն» մը պահանջեց այս հարցով՝ աւելցնեով, թէ նախնական տուեալներու համաձայն՝ քիմաիական նիւթեր պարունակով հրթիռ մը արձակուած է ընդդիմութիւններու հակակշիռին տակ գտնուող շրջանէ մը, ընդդիմութիւնը անուղղակիօրէն ամբաստանելով միջազգային համայնքը հրահրելու յանցանքով:

yerakouyn.com

Տպել Տպել