- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Արցախի պատանիները հիւրընկալուեցան Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ

patani [1]Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ջանքերով, ամէն տարուայ Օգոստոսի վերջաւորութեան Յունաստան կը ժամանեն Արցախէն պատանիներ, որոնք յատուկ կարգադրութեամբ կը հիւրընկալուին 10 օրուայ համար Սիրոս կղզիի քաղաքապետութեան կողմէ։ Այս տարի եւս, Հինգշաբթի 22 Օգոստոսի առաւօտուն, Արցախէն Աթէնք հասան 22 պատանիներ որոնք, ըստ տարիներու սովորութեան, հիւրասիրուեցան Գոքինիոյ Հ.Կ.Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ։

Արցախի մեր սիրուն հայորդիները «Զաւարեան»ի մէջ դիմաւորուեցան Խաչուհի ընկերուհիներուն եւ Կեդրոնի Խորհուրդի անդամներուն կողմէ, որոնք փոքրիկներուն եւ իրենց ընկերակցող պատասխանատու ուսուցչուհիներուն ընձեռեցին ամէն տեսակի յարմարութիւն՝ հանգստաւէտ կեցութեան համար «Զաւարեան»էն ներս։ Նաեւ, իրենց այցելեց Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Աբղ. Սաղտըճեան, որ պատանիներուն հետ հետաքրքրական ժամանցի եւ իրենց յուզող հարցերու զրոյցներ ըրաւ։

Երեկոյեան ժամերուն պատանիներուն այցելեցին Հայր Սուրբը, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» Կոմիտէի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ Պատանեկանի եւ Երիտասարդականի անդամներ, որոնք մօտէն ծանօթացան Արցախի մեր սիրելի հայորդիներուն։ «Զաւարեան»ի դալար տանիքին վրայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիները համեղ ճաշերով հիւրասիրեցին հայրենի հիւրերը։

Ուրբաթ 23 Օգոստոսի առաւօտեան 22 պատանիները ճամբորդեցին դէպի Սիրոս կղզին, ուր 10-օրեայ ամառնային կեցութեան ընթացքին պիտի հիւրանկալուին քաղաքապետութեան կողմէ եւ ինչպէս ամէն տարի, պիտի վայելեն կղզիի գեղատեսիլ ծովերը եւ տեսարժան վայրերը՝ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։