- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

ARF_Logo-colored [1]Շաբաթ օր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը` բաղկացած Սեպուհ Յովհանեանէ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց զօր. Քահուաժին` վերջինիս պաշտօնավարութեան երկարաձգման առիթով:

Հանդիպումը առիթ ընձեռեց քննարկելու համար ներլիբանանեան իրադարձութիւնները եւ մանաւանդ վերջերս Լիբանանը հարուածած ապահովական անցուդարձերը:

aztagdaily.com