[1]Աննա Կիֆման եւ Տիմա Քորս իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իրենց վերոնշեալ խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրեն, որ Հարաւային Կովկասը Իսրայէլի համար ռազմավարական արժէք կը ներկայացնէ` շնորհիւ իր աշխարհաքաղաքական դիրքին եւ Իրանի մօտ ըլլալուն: Տարածաշրջանին մէջ կարեւոր դերակատարներէն Ազրպէյճանը իսլամ շիա երկիր մըն է, որ եբրայական պետութեան հետ աշխատանքային սերտ յարաբերութիւններ ունի: Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ լարուած յարաբերութիւնները եւս կարեւոր ազդակ մըն են:
«Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է»-ի դասական կացութենէն անկախ` Իսրայէլ Ազրպէյճանին թեքնիք ծառայութիւններ, արհեստագիտութիւն եւ ապահովական համակարգեր ծախելով` շահ կ՛ապահովէ: Աւելի՛ն. Իսրայէլ միշտ ալ չափաւորական իսլամ գործընկերներ փնտռած է. դեր մը, որ նախապէս Թուրքիան կը կատարէր, իսկ հիմա Ազրպէյճանը կրնայ կատարել:
Ներկայիս Իսրայէլ-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, եւ նոյնիսկ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց յաւելեալ ամրապնդման հեռանկարներ գոյութիւն ունին:
Միջին Արեւելքի մէջ խառնակ վիճակը Կասպից ծովու շրջանին կ՛ազդէ եւ նոյն ատեն առիթներ կ՛ընծայէ Իսրայէլի, որուն` Ազրպէյճանի հետ հասարակաց շահը արմատական իսլամութեան դիմակայումն է:
Անուանապէս իսլամ Ազրպէյճանի աշխարհիկ վարչակարգը սիւննի եւ շիա արմատականները վտանգ մը կը նկատէ:
Քայիտայի առնչուած սիւննի արմատականները պատրաստ են գործակցելու հարեւան Տաղստանի ահաբեկչական գաղտնի ցանցին հետ, որ Ազրպէյճանի հիւսիսային բաժիններուն մէջ մերթ ընթ մերթ գործունեայ կը դառնայ:
Մտահոգութեան աւելի մեծ աղբիւր մըն են շիա արմատականները, որոնք Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդին ձեռքին մէջ գործիք մըն են եւ կը ջանան Ազրպէյճանի մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելով` զայն իրանամէտ վարչակարգի մը վերածել: Ուստի Իսրայէլի հետ ազրպէյճանական որեւէ կապ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ մտահոգութիւն կը պատճառէ. օրինակի համար, 2009-ին Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի Ազրպէյճան այցելութիւնը Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ բարդութիւններ ստեղծեց եւ «խորհրդակցութեանց համար» Իրանի դեսպանին տուն կանչուելուն պատճառ դարձաւ:
Ազրպէյճանի ներքին կայունութիւնը ականահարելու Իրանի միտումին վերաբերեալ եւս ուժեղ փաստեր գոյութիւն ունին: Ուստի, ըստ օտար աղբիւրներու, զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճան արեւմտեան եւ իսրայէլեան հակաիրանեան ռազմական եւ տեղեկահաւաքի ջանքերու ռազմավարական կամուրջ մըն է: Թեհրան մտահոգ է այն իրերայաջորդ, թէեւ` պաշտօնապէս հերքուած, տեղեկութիւններէն, թէ իսրայէլեան բանակը Ազրպէյճանը կ’օգտագործէ իբրեւ Իրանի դէմ յառաջապահ զօրակայան: Անկախ այդ տարաձայնութեանց ստոյգ ըլլալէն, իսրայէլեան իշխանութիւնները կը գնահատեն համագործակցութեան կարեւորութիւնը Ազրպէյճանի հետ, որ կը ջանայ իրանեան սպառնալիքին առջեւ ինքզինք պաշտպանել: 2012-ի սկիզբը այս գործակցութիւնը ձեռք բերաւ լաւ արդիւնքներ. Պաքուի մէջ իսրայէլացի դիւանագէտներու դէմ ահաբեկչական յարձակումներ կ՛անխարգիլուեցան:
Բացի Իրանէն, Ռուսիան եւս պատճառ մըն է, որ Պաքու եւ Թել Աւիւ իրենց ռազմավարական գործընկերութիւնը ամրապնդեն: Իսրայէլ դժգոհ է Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ներկայութենէն, մասնաւորաբար` Իրանի եւ Համասի հետ անոր կապերէն:
Ազրպէյճան, իր կարգին, դժգոհ է Մոսկուայի` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Հայաստանին զօրակցելու ընթացքէն: Սակայն Իսրայէլ կրնայ Ռուսիոյ հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ մշակել` շնորհիւ արհեստագիտական մարզին մէջ համագործակցութենէն բխելիք կարողական շահերուն, ինչպէս նաեւ` արմատական իսլամութեան նկատմամբ հասարակաց մտավախութեանց, մանաւանդ որ հակառակ գործընկերութեան կերպարանքին, Ռուսիոյ` Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ բաւական լարուածութիւն գոյութիւն ունի: Իրան կրնայ Ազրպէյճանի դէմ բուռն կերպով հակազդել, եթէ իր հիւլէական կեդրոններուն դէմ արեւմտեան յարձակում մը տեղի ունենայ:
Պաքու իր կարգին կը գիտակցի, որ Մոսկուա իր աշխարհիկ վարչակարգին կը զօրակցի եւ Կասպից ծովու մասնատման վերաբերեալ Ազրպէյճանի դիրքորոշման նկատմամբ լաւ տրամադրուած է:
Նաեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, որ Ազրպէյճանն ու Իսրայէլը իրարու կապող կէտ մըն է:
Ազրպէյճանի համար Հայաստան թունդ թշնամի մըն է, որուն հետ մօտիկ ապագային հաշտութիւն գոյացնելու լուրջ առիթներ գոյութիւն չունին: Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի, Հայաստան Իրանի ամէնէն մտերիմ գործընկերներէն մէկն է, ան հաւանաբար նաեւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններէն արգիլուած զէնքերու եւ արհեստագիտութեան ձեռքբերման համար կամուրջ մըն է:
Իսրայէլ-Ազրպէյճան յարաբերութեանց առջեւ ցցուած արգելքներէն մէկը «թրքական հարցը» կրնայ ըլլալ: Անցեալին ատիկա պարզ կը թուէր, որովհետեւ Թուրքիա Ազրպէյճանի ամէնէն մտերիմ դաշնակիցն ու Իսրայէլի ռազմավարական գործընկերն էր: Սակայն վերջին քանի մը տարուան ընթացքին Թուրքիոյ իսլամականացման պատճառով կացութիւնը նկատառելի կերպով բարդացած է: Ներկայիս Իսրայէլը հետաքրքրողը թրքական ազդեցութենէն Ազրպէյճանի հեռացումն է:
Իսրայէլ եւ Ազրպէյճան յարաբերութեանց յաւելեալ ամրապնդումէն մեծապէս պիտի օգտուին: Իսրայէլեան տեսանկիւնէն` տնտեսական կապերը ընդլայնելու լուրջ կարողականութիւն մը գոյութիւն ունի, պարզապէս այն պատճառով, որ Պաքու Իսրայէլի քարիւղ կը ծախէ եւ արդէն իսրայէլեան արհեստագիտութեան եւ ռազմական ճարտարարուեստի յաճախորդ մըն է:
Իսրայէլի առանց օդաչուի թռչող սարքերը Ազրպէյճանի մէջ նոյնքան պահանջուած են, որքան` այլուր: Իսրայէլի իր ազրպէյճանցի գործընկերոջ նաեւ զրահապատ մեքենաներ, հրթիռարձակման համակարգեր, «Թաւոր» տիպի հրացաններ եւ փամփուշտեր կը ծախէ:
Բայց եւ այնպէս, նկատի ունենալով, որ այդ երկիրներէն ոչ մէկը իր սահմաններէն անդին բաւարար բարեկամներ ունի, պէտք է յստակ ըլլայ, որ իւրաքանչիւր գործընկեր կրնայ միւսին համար պահանջուած արտաքին լոպիինկ կատարել: Ազրպէյճան կրնայ Թուրքիոյ մէջ դրական ազդեցութիւն մը ըլլալ, իսկ Իսրայէլ կրնայ հաւասարապէս օգտակար ըլլալ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի համար լոպիինկ կատարելով:
Թէեւ Երուսաղէմի եւ Պաքուի միջեւ յաւելեալ համագործակցութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն, սակայն Իսրայէլ պէտք է այս առիթը օգտագործէ:
aztagdaily.com