[1]Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին նախագահ Սարգսեանի խօսքին հետեւեալ բաժինը այժմէական խնդիրներու հետ ուղղակի առնչութիւններ կ՛ընդգծէ: Թէեւ առաջին հայեացքով այս բաժինը կը կեդրոնանայ արցախեան կարգավիճակի յստակացումին վրայ, այսուհանդերձ անիկա կը տարածուի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն վրայ:
Այսպէս.- «Ղարաբաղը եղել է, կայ եւ կը մնայ Եւրոպայի մաս: Ղարաբաղի այսօրուան հանրութիւնը եւրոպական հանրութեան` եւրոպական ընտանիքի մասնիկ է` անկախ իր պետութեան քաղաքական կարգավիճակից: Ուստի ես կարծում եմ, որ Եւրոպայի խորհուրդը կարող է, կարգավիճակից անկախ, ուղղակիօրէն շփումներ նախաձեռնել Ղարաբաղի հետ` իր իսկ գործառոյթների շրջանակներում, առաւել եւս, երբ Եւրոպայի խորհուրդը նման փորձ ունի այլ հակամարտութիւնների գօտիներում»:
Արցախը եւրոպական տարածք համարելը հետեւեալ տրամաբանութիւնը ունի: Արցախը, թէկուզ իբրեւ երկրորդ հայկական հանրապետութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան անքակտելի մասն է, պատմականօրէն մաս կազմած Հայաստան աշխարհին: Հետեւաբար Արցախի Եւրոպա համարումը Հայաստանի Եւրոպա համարումն է, ինչ որ այս վեհաժողովին վերընդգծելը քաղաքական մակարդակով այժմէական խնդիրներ կ՛արծարծէ: Այստեղ նշումը «անկախ իր պետութեան կարգավիճակից» կը վերաբերի իրողական անկախութեան: Եւ այս պարագային, անկախ զատ հանրապետութեան կարգավիճակ ունենալէ, խորքին մէջ հայաստանեան տարածքին ամբողջականութեան մաս կազմող շրջան պէտք է համարել եւ իբրեւ այդպիսին Արցախը ընկալել Եւրոպայի մասնիկ:
Նախագահին կոչը Եւրոպական խորհուրդին ուղղակի շփումներու նախաձեռնելու Արցախի հետ, կ՛ենթադրէ Արցախի Հանրապետութեան նախաճանաչման քայլ ակնկալել եւրոպական կառոյցներէն: Այստեղ «անկախ կարգավճակէն»-ը փոխան իրողական անկախութեան կ՛արծարծէ իրաւական անկախութեան կարգավիճակը: Այլ խօսքով, հակառակ անոր որ տակաւին իրաւական անկախութիւն չէ նուաճած Արցախը, եւրոպական կառոյցներուն կոչ կ՛ըլլայ ուղղակի բանակցութիւններու ձեռնարկման` յիշեցնելով նման հակամարտութեան գօտիներու հետ արձանագրուած ուղղակի կապերը իբրեւ նախադէպ:
«Անկախ կարգավիճակէն»-ը երկու անգամ օգտագործուած է այս խօսքի բնագիրին մէջ: Առաջին անգամ հակառակ իրողական անկախութեան Արցախը պէտք է համարել Հայաստանի մաս, ուրեմն նաեւ Եւրոպայի մաս. իսկ երկրորդ անգամ «անկախ իր կարգավիճակէն», այսինքն` հակառակ անոր որ իրաւական անկախութեան չէ հասած Արցախը, եւրոպական կառոյցները պէտք է ձեռնարկեն ուղղակի բանակցութիւններու պաշտօնական Ստեփանակերտի հետ:
Պարզ է, որ Արցախի եւրոպական տարածք ըլլալու յիշեցումը այս օրերուն կը կապուի Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան փաստաթուղթի նախաստորագրման հաւանականութեան վտանգուած ըլլալուն հետ:
Կարեւոր դիտարկում մը պէտք չէ բացթողել այս պարագային: Հայաստանի Ազգային ժողովի լսումներուն, արտաքին գործոց նախարարը մշուշոտ պատասխան տուած էր այն հարցումին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Մաքսային միութեան անդամակցութեան պարագային Արցախը իբրեւ տարածք եւ իբրեւ անկախ միաւոր մաս պիտի կազմէ՞ առաջադրուած այս միութեան:
Սթրազպուրկի մէջ շատ հաստատ էր Արցախի Եւրոպական Միութեան նախանդամակցութեան Երեւանի պատկերացումը: Արցախը պատմականօրէն եղած է Եւրոպայի մասնիկ եւ այժմ ալ պէտք է այդպէս ընկալուի: ԼՂՀ-ն ՀՀ-ի մաս, ՀՀ-ն Եւրոպայի մաս, ուրեմն` ԼՂՀ-ն Եւրոպայի մաս:
«Ա.»