[1]Ուաշինկթընի թատերաբեմին վրայ երկու ախոյեաններ կատաղի մարտի դուրս եկած են՝ արիւնալի աւարտով վերջացող աքլորամարտերու մոլեգնութեամբ:
Ո՛չ մէկ զիջում. կը յայտարարէ Սպիտակ Տան ղեկավարը:
Ո՛չ մէկ զիջում. կը յայտարարէ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը:
Իւրաքանչիւր կողմ, ամէն անցնող օր, կարծես աւելի ու աւելի կը խրամատաւորուի, դիմացինի անզիջողութենէն աւելի կ՛ոգեւորուի ու կը կարծրանայ, իսկ փոխզիջման հնարաւորութիւնները կը շոգիանան:
Մինչ այդ, առանց դրամի մնացած հարուստ Ամերիկայի կառավարութիւնը կը փորձէ միջոցներ գտնել իր գոյութիւնը քարշ տալու, կենսական նկատուող ամէնօրեայ ծախսերը գոյացնելու: Ռազմական եւ քանի մը այլ կենսական նկատուող բաժանմունքներու պիւտճէները, անշուշտ, երաշխաւորուած են: Սակայն, այլ բաժանմունքներու հարիւր հազարաւոր աշխատաւորները եւ անոնց ծառայութիւններէն օգտուող միլիոնաւորներուն յուսալքումը կարելի՞ է անտեսել. արդեօք անորոշ ապագայի մտավախութիւնները չե՞ն սպառնար այս երկիրի անվտանգութեան, արդեօք ո՞վ պիտի կրէ ժողովուրդին ու պետութեան կրած նիւթական, բարոյական ու քաղաքական վնասներու պատասխանատուութիւնը:
Քաղաքական մարդիկը, երկու կուսակցութեան ղեկավարները, վստահաբար կը հետեւին ժողովուրդի բազկերակը չափող վիճակախոյզերու արդիւնքներուն: Մինչեւ հիմա, երկու կողմերն ալ ինքնավստահ կը թուին ըլլալ, թէ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը հակառակ կողմը աւելի յանցաւոր պիտի գտնէ ստեղծուած իրավիճակին համար, ու այդ համոզումէն մեկնած՝ չեն պատրաստուիր որեւէ զիջումի երթալու:
Ու այսպէս, երկիրը կը թաւալի անորոշութեան մէջ՝ սասանելով տնտեսական վերականգնումի համար անհրաժեշտ կայունութիւնը:
Աքլորամարտը պիտի շարունակուի, եթէ քաղաքացիները անոր հանդէպ իրենց դիրքորոշումները հիմնեն նեղ կուսակցական շահերու վրայ:
Լուծումը. քաղաքացիական ուժգին շարժում մը թերեւս կարենայ երկու կողմերն ալ զգաստութեան հրաւիրել:
Աբօ Պողիկեան
07/10/2012