[1]Ընդառաջելով Թեհրանի եւ Սպահանի ազգային թեմական խորհուրդներու հրաւէրին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հնգօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Իրան, ուր հանդէս եկաւ դասախօսութիւններով եւ հանդիպումներ ունեցաւ հայկական ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Թեհրան կեցութեան ընթացքին, երեսփոխան Բագրատունի մէկ ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց եւ ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Ալատտին Պորուժերտիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Իրանի խորհրդարանի անդամներ Կարէն Խանլարեան եւ Ռոբերդ Բեգլարեան, «Ալիք»-ի ներկայացուցիչ Գէորգ Մկրտիչեան եւ ազգային վարչութեան փոխատենապետ Արա Շահնազարեան:
Իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի եւ Իրան – Լիբանան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի անդամ, Յակոբ Բագրատունի բարձր արժեւորեց Լիբանան – Իրան յարաբերութիւնները, Լիբանանի նկատմամբ իրանեան դրական կեցուածքները եւ բոլոր կողմերուն հետ յարաբերութիւններ մշակելու յանձնառութիւնը:
Լայնօրէն քննարկուեցան շրջանային կացութիւնն ու յատկապէս Սուրիոյ տագնապն ու այդ ուղղութեամբ Իրանի դերակատարութիւնը եւ հարցերը քաղաքական դրուածքով լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սուրիացի գաղթականներու հարցին, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Երկու կողմերը լուսարձակի տակ առին Թուրքիոյ վարած բացասական քաղաքականութիւնը ու տարածաշրջանին մէջ անոր կասկածելի եւ վտանգաւոր նկրտումները:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Թուրքիա տեւաբար իսլամութեան անունը շահագործելով` շարունակած է գործադրել ոճրային ծրագիրներ ու հարուածած ո՛չ միայն հայութիւնը, այլ նաեւ այլ ժողովուրդներ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Արցախի նկատմամբ Իրանի կեցուածքներուն մասին ու շեշտեց Հայաստան – Իրան բարեկամական կապերը:
Իր կարգին, Պորուժերտի վեր առաւ հայութեան դերակատարութիւնը Իրանի եւ առհասարակ շրջանին մէջ, յատուկ կերպով անդրադառնալով Լիբանանի մէջ հայութեան ունեցած դերակատարութեան ու երկրի գերիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու ձգտող չափաւորական եւ զգօն դիրքորոշումներուն ու կեցուածքներուն: Ան` բաժնելով Թուրքիոյ նկատմամբ հայութեան ունեցած կեցուածքները, անհրաժեշտ նկատեց ընդհանրապէս շրջանին մէջ զգուշաւոր վերաբերում ցուցաբերել թրքական յայտնի ու թաքուն ծրագիրներուն շուրջ:
aztagdaily.com