- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Հակամարտող Կողմերը Ազատ Են ԵԱՀԿ-ի Առաջարկները Ընդունելու Կամ Չընդունելու», Կ՛ըսէ Զանիէր

Zannier [1]ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէր Եւրոպական խորհուրդի ամսագիրին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ը կրնայ հակամարտութիւններու լուծումներ առաջարկել, սակայն վերջ ի վերջոյ կազմակերպութեան դերը միջնորդութիւնն է, եւ կողմերը ազատ են ԵԱՀԿ-ի առաջարկները ընդունելու կամ չընդունելու:

ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման մասին խօսելով` Զանիէր նշած է, որ կազմակերպութիւնը համապատասխան մեքանիզմներ ստեղծած է.«Մենք լուծումներ ունինք, սակայն կողմերը պէտք է որոշեն` զանոնք ընդունի՞լ, թէ՞ ոչ»:

Ըստ անոր, որոշ պարագաներու կազմակերպութիւնը քաղաքական չի տեսներ անհրաժեշտ շարժում, որ իր կարգին պիտի առաջնորդէ հակամարտութեան լուծման: Իբրեւ յետընթացի օրինակ` ան նշած է Վրաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակումը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ղարաբաղի եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութեան կարգաւորման յոյս կա՞յ, Զանիէր ընդգծած է, որ միասնական որոշում չկայ: «Ամէն ինչ կախեալ է երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումէն, եւ մենք պիտի փորձենք յառաջընթացի հասնելու ճիշդ ճամբայ գտնել», ըսած է ան:


aztagdaily.com


15/10/2013