- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ակնարկ. Ինչ-Որ Փաստաթուղթ(Եր)

EU_Arm [1]Երեւութապէս իրարմէ անջատ երկու յայտարարութիւն համատեղ քննարկման անհրաժեշտութիւն կ՛ընդգծեն: Անոնք կը վերաբերին Հայաստան-Մաքսային Միութիւն եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ձեւաչափերու ճշդման:

«Հայաստանը չի կրնար անդամակցել Մաքսային միութեանը` ո՛չ վաղը, ո՛չ վաղը չէ միւս օրը, ո՛չ այս տարի, ո՛չ ալ հաւանաբար յաջորդ տարի», ըստ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան, յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը պայմանաւորած է ընթացակարգային ճանապարհի անցումով, որուն ընթացքին Հայաստան կը ճշդէ թէ Եւրոպական Միութեան ուղղութեա՞մբ կ՛երթայ, թէ՞ Մաքսային Միութեան:

«Եւ չի բացառուիր, որ մենք կը ստորագրենք փաստաթուղթ` Հայաստանի ՄՄ-ին միանալու մտադրութեան մասին», ըսած է Լուքաշենքոն` ակնարկելով Մինսքի մէջ այս շաբաթ կայանալիք ԱՊՀ երկիրներու եւ ԵւրԱզեսի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին:

Այս յայտարարութեան հիմնական ուղերձը այն է, որ կայ հաւանականութիւն, թէ շուտով Հայաստան ստորագրէ փաստաթուղթ մը` ՄՄ անդամակցութեան ճամբուն վրայ: Անիկա անշուշտ ուղղակի անդամակցութիւն չէ, այլ` համագործակցութեան ձեւաչափի նոր հարթութիւն:

Հիմա նայինք, թէ ի՞նչ ըսած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարը` այս անգամ Հայաստանի դէպի ԵՄ ընկերակցութեան ուղղութեան վրայ տեսանելի հաւանականութիւնը ընդգծելու առումով:

«Այո՛, մենք կը յուսանք, որ նման փաստաթուղթ պիտի ստորագրուի, ուր կը ճշդուի Հայաստան – ԵՄ համագործակցութեան շրջանակը. փաստաթուղթին անունը դեռ չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ մենք քննարկումներու փուլին մէջ ենք տակաւին»:

Այս մասին որեւէ դիտարկում կատարելէ առաջ մէջբերենք նաեւ Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան` Ռուսիոյ Արեւելեան գործընկերութեան, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ հարցերու տնօրէն Կունար Վիկանտի յայտարարութիւնը, ուր ան նշած էր, որ շատ մասնակի ժամանակահատուածի մէջ կը գտնուին հիմա` Վիլնիւսի գագաթնաժողովի նախօրէին. պիտի քննարկուին բոլոր հարցերը, եւ շատ կարեւոր է, որ քննարկուի նաեւ ՄՄ-ին անդամակցելու հարցը:

Զուգահեռ-հակակշիռ յայտարարութիւններու տպաւորութիւնը կը ձգեն այս երեք ընդգծումները: Եթէ նախագահ Լուքաշենքոն Հայաստանի ՄՄ-ի անդամակցութիւնը կը պայմանաւորէ դէպի ՄՄ կամ դէպի ԵՄ ուղղութեան ճշդումով, ապա աւելի նուրբ դիւանագիտութեամբ նոյնը կ՛ըսէ եւրոպացի պաշտօնատար Վիկանտը` շեշտելով, որ Վիլնիւսէն առաջ, այսինքն որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելէ առաջ, պէտք է քննարկել Հայաստանի ՄՄ-ի անդամակցութեան հարցը:

Եւ եթէ Լուքաշենքոն չի բացառեր, որ դէպի ՄՄ ինչ-որ փաստաթուղթ կրնայ ստորագրուի, ապա Հայաստանի տնտեսութեան նախարարը չի բացառեր դէպի ԵՄ ինչ-որ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը:

Պարզ կ՛երեւի, որ թէ՛ Մաքսային Միութեան հետ համագործակցութեան ճարտարապետերը, եւ թէ Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան շրջանակը գծագրողները կը փորձեն համագործակցութեան ձեւաչափեր ճշդել եւ պահպանել յարաբերութիւնները` տարածաշրջանին մէջ գործընկերներ չկորսնցնելու եւ խաղի կանոններուն վրայ ազդեցութեան գործօնները պահպանելու միտումով: Երկկողմանիօրէն, սակայն յիշեցնելով ընտրանք կատարելու պայմանականութիւնը: Ընդհանուր այս պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել Հայաստանի կողմէ տեսանելիութիւնը`
ինչ-որ փաստաթուղթեր ստորագրելու:

«Ա.»

aztagdaily.com