- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Այցելութիւնը Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին

ARF_Logo-colored [1]Երէկ առաւօտուն Պուրճ Համուտի Հայոց առաջնորդարան այցելեց եւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին հետ տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն:

Աւելի քան ժամ մը տեւած ծանօթացման այս հանդիպումը առիթ ծառայեց զրուցելու գաղութին առնչուած զանազան հարցերու մասին:

Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները յաջողութիւն մաղթեցին սրբազան հօր` իր ստանձնած նոր առաքելութեան մէջ: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր կարգին հաստատեց գաղութի կեանքին մէջ համագործակցութեան ոգիով համախումբ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:

aztagdaily.com