Ուաշինկթընի մէջ Հ.Յ.Դ.-Խ.Ժ.Կ. (BDP) բարձրաստիճան հանդիպում

Ձախէն՝ Կարօ Արմէնեան, Մեհմէտ Եուկսէլ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Սալահէտտին Տէմիրթաշ, Նազմի Կիւր, Անի Հարոյեան, Արամ Համբարեան

Ձախէն՝ Կարօ Արմէնեան, Մեհմէտ Եուկսէլ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Սալահէտտին Տէմիրթաշ, Նազմի Կիւր, Անի Հարոյեան, Արամ Համբարեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29-ին, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) համանախագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։

Հանդիպումէն տեսարան մը

Հանդիպումէն տեսարան մը

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայ-քրտական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական հասարակաց ձգտումները:

Նախորդ օրը, Յ. Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած հայկական պատուիրակութիւն մը մասնակցած էր Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Քրտական Դերը Նոր Միջին Արեւելքի Մէջ» խորագրով խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցան քիւրտ քաղաքական գործիչներ` Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն:

Տէմիրթաշի հետ հանդիպումէն ետք, Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը առիթ ընծայեց օգտակար երկխօսութեան մը` հայ-քրտական համագործակցութեան հնարաւորութիւններու, Արեւմտահայաստանի եւ Քիւրտիստանի, եւ աւելի ընդգրկուն` հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումներու մասին»:

Հանդիպումին համար Տէմիրթաշին կ՚ըներակցէին Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, Վանէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, BDP կուսակցութեան Ուաշինկթընի ներկայացուցիչ Մեհմէտ Եուկսէլ։

Որպէս Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Տէմիրթաշ, 2009-էն ի վեր, խորհրդարանէն ներս եւ դուրս՝ հրապարակաւ արծարծած է Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այն ուրանալու թրքական պետական քաղաքական, դատապարտելով զանոնք։

ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան

Տպել Տպել