- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՅԴ 123-ամեակի Արժանավայել Տօնակատարութիւն

Խաչերեան. «Դաշնակցութիւնը Կը Գերադասէ
Լիբանանահայութեան Անվտանգութիւնը
Եւ Կը Մերժէ Ներքաշուիլ Ներլիբանանեան
Քաշքշուքներու Մէջ»
Մարգարեան. «Ներկայիս Կարեւորութեամբ
Կը Շեշտուի Հզօր Պետականութիւն Ունենալը,
Ղարաբաղի Հարցն Ու Հայ Դատի
Հետապնդումը Ամէն Ինչէ Վեր Դասելը»

IMG_4248-420x280 [1]123 տարիներ շարունակ միշտ Հայաստանի, հայութեան եւ Հայ դատի ի խնդիր պայքար մղած, հայկական գերագոյն նպատակներուն համար անխոնջ նուիրումով գործած, հայկական արժէքներու եւ ազգային շահերու համար նոյնիսկ կեանքեր զոհած Դաշնակցութիւնը միշտ փաստած է, որ ընդմիշտ իր ժողովուրդին կողքին է, Հայ դատի համար մղուած պայքարի առաջին գիծերուն վրայ է, կամաւոր բանակ է` հայութեան վսեմ նպատակներու իրագործման մարտերու ընթացքին:

ՀՅ Դաշնակցութեան 123-ամեակը արժանավայել հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 5 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:huri [2]ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Ղազարեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Դաշնակցութեան համար ժողովուրդին կարեւորութեան: «Ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովուրդին համար գործող այս կուսակցութիւնը գործելու իր աննկուն կամքը, հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարելու եւ զանոնք պահանջելու իր անսակարկ նուիրումը, իր էութեան աւիշը կ՛առնէ ժողովուրդէն», հաստատեց ան:

Անոր համաձայն, աւանդութիւն դարձած Դաշնակցութեան օր նշելը հրապարակային հաշուետուութեան առիթ է, եւ երբեք` ինքնագովութեան եւ սնապարծութեան: Այս առիթով Դաշնակցութիւնը իր համակիրներուն, բարեկամներուն եւ շարքերուն, այսինքն` սեփական ժողովուրդին հետ կը բաժնէ ոչ միայն իր նուաճումներն ու յաղթանակները, այլ նաեւ իր դիմաց ցցուող հարցերն ու մարտահրաւէրները:

Հ. Ղազարեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը եղաւ այն կուսակցութիւնը, որ 123 տարիներ շարունակ գործեց միայն ու միայն իր ժողովուրդին համար, 123 տարիներ շարունակ դարձաւ թուրքին օրհասը, եղաւ այն քաղաքագէտն ու դիւանագէտը, որ կրցաւ Հայ դատը տարածել աշխարհով մէկ` առանց ընկրկելու պատմութեան տուած հարուածներուն դիմաց, որովհետեւ ազգն ու հայրենիքը նկատեց ամէն բանէ վեր ու վեհ:

Իր խօսքը եզրափակելով` Հուրի Ղազարեան դիտել տուաւ, որ 123 տարի ետք երթը չէ աւարտած, տակաւին երկար է ճանապարհը, բազմաթիւ եւ բազմատեսակ են Դաշնակցութեան առջեւ ցցուող ճակատները, սակայն կուսակցութիւնը պատրաստ է դիմագրաւելու զանոնք, այնքան ատեն որ կայ հայ ժողովուրդ, այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը չէ հասած իր իրաւունքներուն, այնքան ատեն որ չէ իրականացած իր երազը` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ տարբեր շրջանակներէ եւ տարբեր տարիքի անձնաւորութիւններ իրենց կարծիքը յայտնեցին 123-ամեայ Դաշնակցութեան, անոր արժէքին եւ հայութեան կեանքին մէջ ունեցած դերակատարութեան մասին:xecheryan [3]

Առաջին խօսք առնողը եղաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, որ հաստատեց, թէ Դաշնակցութեան օրը առիթ կը նկատուի ներկայացնելու իրագործուածն ու այն, որ չյաջողեցանք իրագործել` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը հաւատացած է ու կը շարունակէ հաւատալ ժողովուրդին դատողութեան, որովհետեւ կը գիտակցի, որ ժողովուրդը շատ արագ բնազդով կը կշռադատէ ճիշդն ու սխալը, օգտակարն ու վնասակարը, ազգօգուտն ու ազգավնասը:

Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ շրջանային եւ յատկապէս լիբանանեան զարգացումներուն` դիտել տալով, որ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին հիմնական պատգամն է այն, որ Լիբանան պէ՛տք է շարունակէ պահպանել միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքն ու անոր վրայ հիմնուած պետական եւ հասարակական համակարգը` բացառելով բռնամիջոցը, մերժելով ներլիբանանեան բախումները եւ միայն քաղաքական երկխօսութեամբ լուծելով հարցերը:

Յակոբ Խաչերեան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կը գերադասէ համայնքի անվտանգութիւնը եւ անոր համար կը մերժէ ներքաշուիլ լիբանանեան կողմերու անվերջանալի քաշքշուքներուն մէջ:

Ապա Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ներկայութեան` նշելով, որ մենք պարտաւոր ենք աչալուրջ հսկելու մեր թշնամիի վարած քաղաքականութեան բոլոր դրսեւորումներուն եւ մանաւանդ այդ զգօնութիւնը լիբանանեան բոլոր կողմերուն մօտ վառ պահելու համար անվերջ աշխատանք տանելու:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ երիտասարդութեան անդրադառնալով` Յակոբ Խաչերեան դիտել տուաւ, որ 100-ամեակի սեմին գտնուող հայ երիտասարդը Դա՛տ ունի ստանձնած իբրեւ յանձնառութիւն եւ այդ Դատի կենսագործման համար իրաւունքը չունի իր դաւանած արժէքներէն հեռանալու` կարեւոր նկատելով հայ երիտասարդին դերակատարութիւնը բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Ան նաեւ խօսեցաւ ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն, տարածուող յոռի բարքերուն, արտագաղթի երեւոյթին եւ լիբանանահայութիւնը մտահոգող տարբեր տեսակի հարցերու մասին` հաստատելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն վճռակամ տրամադրուած է այս երկարաշունչ աշխատանքին լծուելու, իրեն հետ աշխատանքի լծելու նաեւ ժողովուրդը, որմէ ծնած է ան, եւ որուն համար կը գործէ: (Խօսքի ամբողջութիւնը տեսնել http://www.aztagdaily.com/archives/163661):

Սարին Փոլատեան ընթերցեց Սօս Սարգսեանի վերջին ճառը, որմէ ետք 6 երգերով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու նուագախումբը:
Hrant-Markarian51220131-720x415 [4]Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Հայաստանի քաղաքական-ընկերային իրավիճակին վրայ` հաստատելով, որ իր ելոյթին ընթացքին յատկապէս պիտի անդրադառնայ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ցաւերուն, թերութիւններուն, սխալներուն եւ անարդարութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել այդ բոլորը եւ աշխատիլ զանոնք ուղղելու նպատակով: Անոր համաձայն, պէտք չէ նաեւ ուրանալ, որ այսօրուան Հայաստանը նախկինէն շահեկանօրէն տարբեր է, որովհետեւ զարգանալով կը յառաջդիմէ անիկա: Հրանդ Մարգարեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի մէջ տարերային բնոյթ ստացած արտագաղթը, անգործութիւնը, աշխատավարձերու անբաւարարութիւնը եւ տարբեր տեսակի անարդարութիւններ` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը պետական շահերը գերադասելով, արդէն իսկ մշակած եւ ներկայացուցած է «Մենք ուզում ենք ապրել մեր երկրում» խորագիրը կրող ծրագիր մը:

Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ, հակառակ ընդդիմադիր ըլլալուն, Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի, որ ներազգային, ներպետական հակադրութիւնները, տարակարծութիւնները պէտք է աւարտին հոն, ուր անհրաժեշտութիւն, կարելիութիւն կայ միասնաբար պաշտպանելու ազգային-պետական շահերը, որպէսզի գերագոյն դատերը չտուժեն: Առ այդ, ան կարեւոր նկատեց հզօր պետականութիւն ունենալը, Ղարաբաղի հարցն ու Հայ դատի հետապնդումը ամէն ինչէ վեր դասելը, Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան հզօրացումը:

Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան վիճակին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, սփիւռքի կազմակերպուածութեան անհրաժեշտութեան, որովհետեւ անիկա հիմնական դերակատարութիւն ունի հայրենիքի յաւելեալ հզօրացման իմաստով: (Խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել http://www.aztagdaily.com/archives/163664):

aztagdaily.com