- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Տեսլականի Եւ Արժէքներու Նուիրուած Երեկոյ Մը՝ Հայ Դատի Ճաշկերոյթը

 Մանաս Պուճիքեանին կը յանձնուի «Ժառանգութիւն» մրցանակը

Մանաս Պուճիքեանին կը յանձնուի «Ժառանգութիւն» մրցանակը

«Լոզ» պանդոկի «Ռէյ Տոլպի» սրահը, Նոյեմբեր 30ի երեկոյեան, ամբողջութեամբ լեցուն էր. մօտաւորապէս 1000 հարաւային քալիֆորնիացիներու սոյն հաւաքը սովորական հաւաք մը չէր, այլ երազի մը արտայայտութիւնն էր ու պատկերը՝ ազգին վիճակը բարելաւելու նպատակին շուրջ հաւաքուած ժողովուրդի մը նուիրումին: Հաւաքը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկն էր, որ վստահաբար ներկաներու յուշերուն մէջ տարիներով պիտի մնայ:
Բացայայտ էր, որ կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ համաատենապետութեամբ Այտա Տիմեճեանի ու իրաւաբան Սարին Պզտիկեանի, ամիսներու աշխատանքը լաւապէս արդիւնաւորուած էր:

Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄի սկաուտներու դրօշակներու արարողութեամբ, որմէ ետք Ռաֆֆի Քերպապեան երգեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: Կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներու բացման խօսքերուն ընթացքին շորհակալութիւն յայտնուեցաւ ձեռնարկի կազմակերպման մէջ ներդրում ունեցողներուն, յատկապէս՝ Կալեան ընտանիքին, որ հանդիսացած էր ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորողը, ինչպէս նաեւ գլխաւոր նուրատուներ տէր եւ տկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, Հերի եւ Շերըլ Նաճարեաններուն եւ Աշխէն Փիլաւճեանին:

Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Տարուան անձանաւորութիւնը» մր-ցանակը շնորհուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեանի ձեռամբ:
Կարսեթի երկար տարիներով հայութեան մօտիկ քաղաքական գործիչ մը եղած է, յատկապէս Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ իր պաշտօնավարութեան 12 տարիներուն ընթացքին: Ան խօսեցաւ Հայաստան իր կատարած այցելութեան տպաւորութիւններուն մասին եւ շեշտեց, թէ մեծապէս տպաւորուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան եւ յատկապէս անոր երիտասարադութեան քաղաքական գործունէութեամբ: Ան յիշեցուց, որ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Արցախի անկախութեան, ինչպէս նաեւ շեշտեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ դրուատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ յատկապէս անոր ատենապետ Նորա Յովսէփեանի տարած աշխատանքը:

Մրցանակի յանձնումէն ետք, շրջանի հայութեան հոգեւոր առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան, վեր. Յովսէփ Մաթոսեան ու հայր Գրիգոր Շահինեան միասնաբար կատարեցին օրհնութեան աղօթքը, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան հրաւիրեց առաջնորդներ Մարտիրոսեանն ու Տէրտէրեանը, որ միասնաբար «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը յանձնեն Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին: Յովսէփեանasp2 [1] դրուատեց Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն Պարգեւ առաջնորդին իրագործումները, այնուհետեւ մեծարեալը խօսք առնելով՝ շեշտեց, թէ հայութեան պատմութեան մէջ որքա՛ն կարեւոր անձնաւորութիւն մըն էր Խրիմեան Հայրիկը, ինչ որ Հայ Դատի յանձնախումբին սոյն մրցանակը առաւե՛լ արժէքաւոր կը դարձնէ իրեն համար:

Յաջորդ մրցանակը՝ «Ժողովուրդի ախոյեան»ը, յանձնուեցաւ պասքեթպոլի հռչակաւոր մարզիկ Ճերի Թարխանեանին, որուն ներկայացումը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սթիւ Արթինեանը: Ներկաներէն շատերը տարիներով պատկերասփիւռէն հետեւած էին Թարխանեանի բեղմնաւոր ասպարէզին, որ իր գագաթնակէտին հասաւ անցեալ Սեպտեմբերին, երբ ան «Պասքեթպոլի հռչակաւորներու սրահ»ին անդամ դառնալու պատիւը ունեցաւ: Այդ մրցանակը ստանալու ընթացքին ան յիշեցուցած էր, թէ իր ծնողներն ու ինք ինչպիսի՛ դժուարութիւններէ անցած էին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքով: Հայ Դատի ձեռնարկին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ, Թարխանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ զինք պատուելու որոշումին համար, եւ բոլոր այն հայերուն, որոնք իր ասպարէզին ընթացքին նեցուկ կանգնած էին իրեն: Յատկանշական է, որ Թարխանեանի առողջական վիճակը վերջին քանի մը շաբաթներուն զգալիօրէն վատթարացած էր, սակայն հակառակ այդ վիճակին, ան պնդած էր, որ ներկայ գտնուի ձեռնարկին ու ելոյթ ունենայ անոր ընթացքին:

Թարխանեանի մրցանակի յանձնումէն ետք, հիւրերը վայելեցին հռչակաւոր խոհարար Ուոլֆկանկ Փաքի հովանիին տակ պատրաստուած ճաշերը, որմէ ետք բաժին մը յատկացուեցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին համար կամաւոր աշխատանք կատարած վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն, որոնք էին՝ Մարիսա Պազիկեան, Անուշ æրբաշեան, Անի Իսայեան, Նաթալի Քալփաքեան, Փօլին Սաֆարեան, Ալինա Սարգիսեան եւ Լեւոն Շանթ Թորոսեան: Անոնց յատուկ գնահատագիրներ յանձնուեցան Արեւ-մտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեանի ձեռամբ, որ նաեւ դրուատանքի խօսքեր հասցէագրեց կամաւորներուն:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, որ զգայացունց կերպով ներկայացուց շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան տարած աշխատանքները եւ իրագործումները: Ապա ան խնդրեց, որ ոտքի կանգնին այն ներկաները, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին հայկական որեւէ կազմակերպութեան համար կամաւոր սպասարկութիւն մատուցած էին՝ որեւէ ձեւով: Ան քանի մը տարբերակներով հարցուց նոյն հարցումը, մինչեւ որ բոլոր ներկաները ոտքի կանգնեցան, ապա Նորա Յովսէփեան շեշտեց, թէ բոլո՛ր ներկաները կերպով մը նեցուկ կանգնած են Հայ Դատի աշխատանքներուն՝ նպաստելով հայութեան վիճակը բարելաւելու ընդհանուր նպատակին:
Ապա տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անոր մասնաճիւղերուն տարեկան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող յոյժ տպաւորիչ տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, որուն կարեւոր մասերէն մէկն էր Քալիֆորնիոյ նահանգային ու Լոս Անճելըսի քաղաքային ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու Հայաստան ու Արցախ կատարած այցելութիւնը:

«Վահան Քարտաշեան» մրցանակը յանձնուեցաւ Արա Սիւտճեանին, որուն ներկայութիւնը հաւանաբար պատճառ մըն էր, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ձեռնարկը «երիտասարդացած է», նկատի ունենալով, որ ան փայլուն օրինակ մըն է երիտասարդ հայ գործիչին, որ արդիւնք է նոյնինքն այս համայնքին: Շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի աշխարին մէջ իր արձանագրած յաջողութեանց կողքին, Արա շարունակաբար կամաւոր աշխատանք կատարած է Հայ Դատին համար, պատրաստած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկներուն ցուցադրուող շարք մը տեսաերիզներ ու արձանագրած է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններ: Մրցանակը Արային յանձնուեցաւ անոր մօտիկ բարեկամներէն՝ Ռաֆֆի Քասապեանի կողմէ, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներէն մէկն է. ան նշեց այդ պատճառները, որոնց շնորհիւ Արան արժանի է «Վահան Քարտաշեան» մրցանակին: Իր կարգին, Արա շնորհակալութիւն յայտնեց ու խօսքը ներկաներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Ես չեմ, դո՛ւք էք Հայ Դատը» ու մրցանակին արժանի տէրը նկատեց իր հայրը, որ զինք մղած է իր համայնքին ուasp3 [2]իր ազգին նեցուկ կանգնելու կարեւոր գործին:

Կարգը հասած էր «Տարուան օրէնսդիրը» մրցանակին, որ այս տարի շնորհուեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեանին, ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներէն Փաթիլ Աբօշեանի, որ նշեց 2010էն ի վեր, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ նահանգի 35րդ ընտրատարածքը ներկայացնող Աշաճեանի կողմէ հայութեան ի նպաստ կատարուած աշխատանքները, որոնց շարքին՝ Թուրքիայէն հայկական եկեղեցիներու վերադարձն ու կրօնական ազատութիւններ պահանջող բանաձեւը: Աշաճեան նաեւ մաս կազմած էր անցեալ Սեպտեմբերին Հայաստան եւ Արցախ այցելած Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի պատուիրակութեան: Բացայայտօրէն զգացուած Աշաճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց այս արժէքաւոր մրցանակը իրեն յանձնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի որոշումին համար եւ խոստացաւ առաջ մղել հայութիւնը յուզող հարցերը, որոնք շատ մօտիկ են իր սրտին:

Ձեռնարկին ներկայ էին տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարներ, որոնք առիթն ունեցան մօտէն ծանօթանալու հայ համայնքին:

Վերջաւորութեան, «Ժառանգութեան» մրցանակը յանձնուեցաւ համայնքի երկարամեայ գործիչ ու Հայ Դատի ջատագով Մանաս Պուճիքեանին, ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանի, որ ներկաներուն հետ բաժնեց Մանաս Պուճիքեանէն իր յուշերը, որոնք որոշ չափով բացայայտեցին մեծարեալի նուիրումին մակարդակը: Գրեթէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Հայ Դատին նեցուկ կանգնած Պուճիքեանը քանի մը առիթներով եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ. ան կատարած է յատկանշական նուիրատուութիւններ, որոնցմէ մէկուն շնորհիւ կարելի եղած էր գնել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի կեդրոնը: Պուճիքեան, իրեն յատուկ համեստութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն՝ յիշեցնելով, թէ տարիներու ընթացքին իր նուիրումը եղած է առանց որեւէ ակնկալութեան:

(Քաղուած Իրաւաբան Վանա Կիտզինեանի Յօդուածէն)

asbarez.com
06/12/2013