- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ահմետ Տաւութօղլուի Աթէնք այցելութեան առիթով՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ցոյցը իր նպատակին հասաւ

slide-show-mikriՑուցարարները հաւաքուեցան Նէա Զմիռնիի «Իմվրիոն» միութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, ուր պիտի ժամանէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Իմվրոս կղզիի մշակութային ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը բացման ներկայ գտնուելու համար։

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն ընկերացած էին Պոնտոսի Երիտասարդական Միութեան նախագահն ու անդամները։

Ցուցարարները կանուխէն հաւաքուեցան կեդրոնի մուտքին առջեւ, սակայն երբ փորձեցին պահանջատիրական պաստառ մը պարզել, ոստիկանութիւնը մի քանի մեթր ետ մղեց իրենց։ Այսուհանդերձ, ցուցարարները տեղւոյն վրայ մնացին, պահանջատիրական լոզունգներ բացագանչելով, մինչեւ Տաւութօղլուի ժամանումը։

Մէկ ժամ ուշացումով հասաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։ Իր ժամանումի ընթացքին ցուցարարներու բողոքը սաստկացաւ։ Տաւութօղլու առաջնորդուեցաւ «Իմրիոն» միութեան սրահէն ներս, ուր դիմաւորուեցաւ միութեան նախագահին եւ անդամներուն կողմէ։ Ինք եւս ողջոյնի կարճ խօսք մը ուղղեց։

Խօսքերու լման տեւողութեան, դուրսէն կը լսուէին ցուցարարներուն ձայները, որ հակառակ Թուրքիոյ նախարարին ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներու ճիգին, որոնք դուռ¬պատուհան փակեցին, կարելի չեղաւ խանգարել բնաւ ցուցարարներու բողոքի ձայնը։

«Թուրքիա ճանչցի՛ր Հայոց Ցեղասպանութիւնը», «Հայեր, Պոնտոսցիներ, Կիպրացիներ՝ միացեալ պայքար», «Հայութեան արդար իրաւունքը կը պահանջենք» լոզունգներ բարձրաձայն կþարձագանգէին սրահէն ներս, շարունակաբար խանգարելով ելոյթ ունեցող թուրք նախարարին։

Յաւելեալ լուսանկարներու համար հետեւեցէք հետեւեալ յղումին.

https://www.facebook.com/azad.or.3/media_set?set=a.695158320509035.1073741846.100000446204647&type=1

azator.gr