[1]Երէկ «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյրի նախագահած ցանկը ամբողջութեամբ ընտրուեցաւ, մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:
Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի անդամակցութեան յաղթանակ արձանագրած ցանկը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ անունները. Մոհամետ Շուքէյր, Կապի Թամեր, Ուիսամ Արիս, Սարգիս Պուտագեան, Մոհամետ Լամահ, Նեպիլ Ֆահտ, Իսմայէլ Ալի Իսմայէլ, Շաքիպ Շեհապ, Սաուսան Ուազզան, Հատի Նահհաս, Ահմետ Հթէյթ, Ժումանա Շլալա, Մահմուտ Մաթար, Խալիլ Տաղեր, Ռապիհ Նաամթալլա Աֆրամ եւ Հիշամ Իթանի:
Նշենք, որ Սարգիս Մինաս Պուտագեանի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ:
Մոհամետ Շուքէյր յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսական եւ ելեւմտական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ` մաղթելով, որ կառավարութիւնը անյապաղ կազմուի` փրկել կարենալու համար երկրին տնտեսութիւնը:
Պէտք է աւելցնել, որ Մոհամետ Շուքէյր նախանցեալ օր հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուած էր նաեւ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան:
aztagdaily.com