- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Կառավարութիւնը Կազմելու Ջանքերը Դրական Տեղքայլի Մէջ Են, Իսկ Սալամ Պէտք Է Իւրաքանչիւր Կողմի Նախարարութիւնները Ճշդէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀակոբԲ [1]Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պատասխանելով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հեռաձայնային հաղորդակցութեան, կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր լաւատեսութիւն կը տիրէ:

Ան շեշտեց նաեւ, որ ներկայիս կառավարութիւնը կազմելու ջանքերը դրական տեղքայլի մէջ են:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու ճիգերը տակաւին առկայ են, սակայն ցարդ կարելի չէ դրական աւարտի մը յանգիլ:

«Կառավարութիւնը կազմելու համար բարիք գործողներ կան, սակայն աւելի կարեւոր է, որ նշանակեալ նախարար Թամմամ Սալամ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմի` Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յատկացուած նախարարութիւնները ճշդելու նախաձեռնէ, որպէսզի քաղաքական ուժերը իրենց կարգին անցնին տուեալ նախարարութիւնները ստանձնելիք ատակ նախարարներու անունները ճշդելու աշխատանքին», ըսաւ ան:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ կազմուի համախմբող կառավարութիւն մը եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ իր իրաւունքը ստանայ` ըստ խորհրդարանին մէջ անոր ներկայացուցչութեան:

Ան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն տակաւին կառավարական ոչ մէկ կազմի մասին տեղեկացած է Սալամէն:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ հարցը պարզապէս նախարարութիւններու հարց չէ, այլ` Լիբանանի կացութիւնը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի շրջանային իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապին հետ: «Սակայն Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը ունենալու ճակատագիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումին կամ իշխանութեան շարունակութեան հետ կապելը չափազանցութիւն է», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի հաւանական նկատեց հանրապետութեան նախագահութեան պարագային ստեղծուելիք անիշխանութիւնը` աւելցնելով, որ այդ պատճառով իրենք կը շեշտեն անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:

«Կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը ստեղծելը անիրապաշտ քայլ է, որովհետեւ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ լուծում եւ ոչ թէ նոր հարց մը ստեղծէ երկրին մէջ», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

aztagdaily.com