[1]Հայրենիքի պաշտպանութեան համար պետութիւններ կը մշակեն ազգային ռազմավարութիւն եւ կը կազմեն բանակ՝ ատոնց ի սպաս դնելով սեփական երկրի կարելիութեանց կարեւորագոյն տոկոսը, մարդկային թէ տնտեսական:
Քաղաքական գետնի վրայ մշակւած այդ ռազմավարութիւնը պարտադիր է եւ կերկարաձգուի բոլոր հանգրուաններու վրայ, պատերազմի նախապատրաստութենէն մինչեւ յաղթանակի օգտագործում-շահագործումը: Ինչ որ կը նշանակէ՝ նաե՛ւ «խաղաղութեանե շըրջաններուն մեր պարագային, Ղարաբաղի ազատագրական պայքարի բովին մէջ, ֆիտայական աւանդով ու օրինակով ձեւաւորուած մարտական խումբերու խարիսխին վրայ կազմուեցաւ հայկական բանակը: Այն օրերուն, երբ հայրենի բնակչութիւնը կ’ապրէր թշուառ պայմաններու տակ, կը տուայտէր իր ներկային մղձաւանջովն ու ապագայի անորոշութեամբը. երկրաշարժէ հարուածուած եւ զըրկուած ՝ լոյսէ ու ջեռուցումէ, նոյնիսկ առօրեայի կենսականօրէն անհրաժեշտ սնունդէ: Կը նշանակէ, որ ազգային բանակին կազմութիւնը մեզի արժեց ոչ թէ երկրի կարելիութեանց մեծ տոկոսը, այլ՝ գրեթէ ամբողջութիւնը: Ղարաբաղի պատերազմը հրամայական կը դարձնէր կազմութիւնը ազգային բանակի, որ մեզ պիտի առաջնորդէր փառապանծ յաղթանակի եւ պիտի հանդիսանար երաշխիքը մեր անվտանգութեան, անկախութեան պահպանման, ժողովրդավար ու իրաւական պետութեան կայացման:
Արդար էր ուրեմն, բանակի Օրը տօնելու համազգային հպարտութիւնը:
Աչքի լոյսի պէս թանկ է ու անփոխարինելի, որով եւ արժանի ՝ համահայկական հոգածութեան: Զգո՜յշ սակայն… նաեւ աչքի պէս զգայուն է ազգային բանակը:
Ահա թէ ինչու քաղաքական այրերէ ու շարքային քաղաքացիներէ կը պահանջուի չափազանց զգուշաւորութիւն, որպէսզի տեղի-անտեղի խնդրական չդարձնեն հմայքը բանակին ու բանակայիններուն, որոնց շնորհիւ կը պաշտպանուին հայրենիքի սահմանները թշնամիի ոտնձգութիւններէն: Փոխադարձաբար ու միաժամանակ, արդարօրէն կ’ակնկալուի բանակայիններէն, որ տիպար զինուորականէ պահանջուած կարգապահութեամբ ՝ ազնիւ վարքի կրողներ ըլլան, նախանձախնդիր ու հետամուտ՝ բանակի վարկին բարձրացման: Տակաւին կը պահանջուի անոնցմէ՝ առանց ձգձգումի, հատու ու վճռական հետազօտութեամբ երեւան հանել բանակայինի հաւանական որեւէ յանցանք եւ խստագոյնս պատժական տնօրինումներ՝ յանցաւորներուն: Մանաւանդ անոնց, որոնք գերադասի հանգամանքով իրենց քմայքին կ’ենթարկեն ստորադասները եւ որոնց պատճառով պատահած է նոյնիսկ, որ մայրեր մինչեւ այսօր կ’ողբան յումպէտս կորուստը իրենց զինակոչեալ զաւակներուն եւ կը սպասեն յանցանքի ու յանցագործներու բացայայտման ու արդարադատութեան վճիռին…:
Ազգային պաշտպանութեան վերաբերող այս հպանցիկ անդրադարձը, գաղափարներու զուգորդութեամբ մը, մեր մտածումին կը բերէ Վ. Նաւասարդեանի դիպուկ մէկ բնորոշումը, ըստ որուն՝ ազգը ոգեղինացած, շնչող ու շարժուն հայրենիք է, իսկ հայրենիքը՝ առարկայացած ազգ:
Սփիւռքի տարածքին հայագաղութներու մէջ կապրի կշնչէ «ոգեղինացած հայրենիքինե, այսինքն մեր ազգին աւելի քան երկու երրորդը, որուն համար նոյնպէս անյետաձգելի պէտք մըն է եւ բոլորիս պարտքը, որ մշակուի պաշտպանութեան ռազմավարութիւն՝ ատոր ի սպաս դնելով մեր կարելիութեանց կարեւոր բաժինը:
Դպրոց ու հայակրթութիւն, եկեղեցի եւ քաղաքական պայքար: Ահա գլխաւոր առանցքը՝ սփիւռքի ազգային ռազմավարութեան, պաշտպանականը՝ մեր ինքնութեան:
Առանց ստորագնահատած ըլլալու մինչայժմեան ի գործ դրուած ճիգերն ու իրագործումները, սրտբաց ու անկեղծ հարցումով մը, կարելի՞ է արդեօք համազգային բաւարարութեամբ ու հպարտութեամբ արձանագրել, որ ընդառաջած ենք պաշտպանական այդ պէտքին, մեր պարտքին:
Սփիւռքահայութեան ներկայի կամակոր պատկերը պատասխան մը կու տայ արդէն հարցադրումին:
Շատ տկար, գրեթէ անգոյ ենք նաեւ ներկայ օրերու ամէնէն հիմնական կռուադաշտին մէջ: Զանգուածային եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներն են անոնք, սահման չճանչցող այսօրուան ամէնազդու ու անդիմադրելի զէնքերը (mass media, social media) հեռատեսիլ, ֆէյսպուք, եութուպ, թուիթըր, ձայնասփիւռ, գրաւոր մամուլ, եւ այլն, որոնց միջոցաւ ժողովրդային ընդվզումներ կ’առաջանան, յեղաշրջումներ կը յաջողին: Այնպէս կը թուի, որ կռուադաշտի այդ մարզը մեր օրակարգին չէ ներառնուած տակաւին անհրաժեշտ լրջութեամբ:
Տխուր հաստատում,- Տեսանելի է նահանջը ամէն մարզի մէջ. Լաւատես գնահատումով՝ տեղքայլի ընթացքով հազիւ թէ մատակարարումը ազգային մեր ինքնութիւնը պաշտպանող սփիւռքեան գործօններուն:
Շատ դժուար է նոր օրերու մէջ հին զէնքերով ու գործելու հինցած ոճով յաղթանակ ապահովել պայքարի ճակատներուն վրայ:
Բանակով հպարտ ենք, բայց սփիւռքի պաշտպանականո՞վ:
Անարդար հռետորութիւն պիտի ըլլայ արձանագրել, որ շուրջ վերջին երկու տասնամեակներու սփիւռքեան «իրագործումներըե առիթ կու տան մեզի «յաղթանակիե մը համազգային հպարտութեան:
Բարեկամ մը կ’ըսէր , թէ շատ հոգ չընենք, հիմա որ ազգային բանակ ունեցանք, եւ՝ յաղթակա՜ն բանակ, մնացեալներն ալ կունենանք. ժամանակ պէտք է եւ համբերութիւն:
Հպարտանանք ուրեմն մեր բանակով եւ…համբերենք :
Միհրան Քիւրտօղլեան