- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Մեզի Յանձնել Կը Նշանակէ Ընդունիլ Քրիստոնեաներուն Համար Անոր Ներկայացուցած Ռազմավարական Արժէքը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀակոբԲ [1]Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ, 15 փետրուարին լոյս տեսած «Նահար» օրաթերթի թիւին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Տէյր Քալաայի դռնփակ հանդիպումէն ի վեր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կը գործէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ խորհրդակցելու սկզբունքով:

«Այս շրջագիծին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը լիբանանեան խորհրդարանի բոլոր պլոքներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ, բացի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքէն` վերջինին մերժումին պատճառով», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Պատասխանելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ հանդիպումին կայացումը կարելի չէ հաստատել կամ հերքել: «Եթէ տեղի ունեցաւ, ապա անիկա կարեւոր է, իսկ եթէ տակաւին տեղի չէ ունեցած, ապա պէտք է տեղի ունենայ», ըսաւ Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները ուշացնելով հարցերը յաւելեալ բարդացում կ՛արձանագրեն` աւելցնելով, որ վերոնշեալ երկու ուժերուն միջեւ ապագային եւս կրնայ գործակցութիւն արձանագրուիլ` նախագահական ընտրութեան, վարչապետի պաշտօնին, յաջորդ կառավարութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով, «սակայն այդ գործակցութեան հիմնական նպատակը պիտի մնայ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ երաշխաւորել նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին մօտ պահելը կը նշանակէ, թէ համոզում մը կայ, որ անիկա քրիստոնեաներուն համար ռազմավարական արժէք է:

Դաշնակից քաղաքական ուժերու խումբին մէջ հերթագայութեան սկզբունքին գործադրութեան մտայղացումի հեղինակ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հերթագայութիւնը մէկ անգամուան համար գործադրուելու համար գեղեցիկ սկզբունք մը չէ, եւ եթէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համոզուած են անոր կարեւորութեան, ապա պէտք է որդեգրել զայն պաշտօնական համաձայնագիրով եւ յանձնառու մնալ այդ սկզբունքին` իրերայաջորդ կառավարութիւնները կազմելու ընթացքին:

Նախագահական ընտրութեան թեկնածութեան պարագային, Հըզպալլայի կողմէ զօր. Աունի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իբրեւ դաշնակից ուժեր Հըզպալլա, Ազգային ազատ հոսանք եւ Ամալ շարժում բազմիցս զօրակցած են իրարու: «2006-ին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրէն ի վեր անոնք տարբեր հանգրուաններու ընթացքին փոխադարձ զօրակցութիւն ցուցաբերած են: Այս հանգրուանին կառավարութեան կազմութեան առումով այո՛ զօրակցութիւն կայ, իսկ վաղը` նախագահական ընտրութեան պարագային, ինչո՞ւ ոչ: Ինչո՞ւ Հըզպալլա պիտի չզօրակցի զօր. Աունի թեկնածութեան: Հըզպալլա դաշնակից է եւ բազմիցս փաստած է, թէ ինք անկեղծ է, եւ Հըզպալլա կը փափաքի, որ Լիբանան ունենայ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը հաւատայ Իսրայէլի դիմադրելու գաղափարին», ըսաւ ան:

Զօր. Աունի թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան միջեւ զօրակցութեան շփոթի ստեղծման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ֆրենժիէ քանի մը անգամ բացայայտ կերպով յայտարարած է, թէ զօր. Աունի թեկնածութեան եւ հանրապետութեան նախագահ դառնալու առիթին պարագային ինք պիտի զօրակցի զօր. Աունի թեկնածութեան: «Ի վերջոյ բոլորս մէկ թեկնածուի զօրակցելու շուրջ պիտի համաձայնինք», նշեց Յ. Բագրատունի:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ընդմէջէն քաղուած դասերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կան որոշ հարցեր, որոնք արմատական լուծման կարիքը ունին: «Սահմանադրական բարեփոխումի խիստ կարիք կայ: Յստակ է, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին իրաւասութիւններուն, կառավարութեան եւ այլ հարցերու առումով լուրջ բացթողումներ կան:

Սահմանադրական բարեփոխումները անհրաժեշտ են, պայմանաւ որ անոնք երկրին ապահովական կայունութեան վրայ չազդեն, ինչպէս նաեւ չդպչին համայնքներուն միջեւ համերաշխութիւն եւ գոյակցութիւն ապահովող հաւասարութեան սկզբունքին», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

aztagdaily.com