- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարութիւնը Ստանձնեցինք` Վերջ Տալու Համար Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Խոչընդոտին» Շեշտեց Յ. Խաչերեան

Խեչերյան [1]Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթի շաբաթ, 15 փետրուարի թիւով հրատարակուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը ստանձնեց` հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին:

«Կեդրոնական կոմիտէն այս նախարարութիւնը ստանձնելու իր որոշումը տուաւ` խորհրդակցելով իր դաշնակիցներուն հետ եւ հիմնական նպատակ ունենալով վերջ տալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտի մը», շեշտեց Յ. Խաչերեան:

aztagdaily.com