Ռուս-ուքրանական յարաբերութիւններու խորապատկերին վրայ լուսարձակները տեղաշարժեր կ՛արձանագրեն եւ կեդրոնացումի արագ փոփոխութիւններ կը կատարեն` իրադարձութիւններու միջավայրային տեղափոխումներու անմիջական զուգահեռականութեամբ: Մայտանը համեմատաբար մութի մէջ է այս օրերուն Խրիմի վրայ աշխարհաքաղաքական ուշադրութեան շատ արագ սեւեռումով:
Փորձենք հեռու մնալ աշխարհաքաղաքական մեծ օրակարգերու հետ կապուած յայտարարողական թէ գետնի վրայ երեւցող ոլորապտոյտներէն` ամփոփուելու համար հայկական գործօնին յարաբերակցութեամբ իրադրային նշանակութիւն ունեցող գործընթացներուն վրայ:
Խրիմի մէջ տեսանելի դարձող քաղաքական շարժերը հայկական գործօնի յարաբերակցութեամբ երկու ուղղութեամբ մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանան: Եթէ պահ մը շատ արագ մտաբերենք Խրիմի հայ համայնքի պաշտօնական մարմիններու հրապարակումները, որ հայութիւնը այնտեղ չէ ներքաշուած լարուած իրավիճակին մէջ, անմիջապէս իբրեւ թէժ առաջնային կէտ տեսանելի կը դառնայ արցախեան հիմնահարցը` դիպաշարի զարգացման առընթեր անպայման նկատի ունենալով Խրիմի նկատմամբ Մոսկուայի որդեգրելիք զինուորաքաղաքական քայլերը, Արեւմուտքի պատժամիջոցային ճնշումի հակազդեցութիւնը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան (չ)աշխատիլը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան այս առումով դէպքերէն զերծ մնալու փաստը կամ Վրաստան – Ուքրանիա – Ազրպէյճան – Մոլտաւիա (ՎՈՒԱՄ) դաշինքի վերաշխուժացման հաւանականութեան (ան)իրատեսութիւնը: Խրիմը Ռուսիոյ վերադարձնելու պահանջներուն կողքին իբրեւ հնարաւորութիւն կը քննարկուի նաեւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ նման կարգավիճակի տուչութեան հարցը: Այս ենթադրեալ տեսութիւնն է, որ կ՛առաջնորդէ նոյն կարգավիճակի մասին մտածելու նաեւ Արցախի պարագային:
Արցախը կրնայ դուրս մնալ քաղաքական այս առեւտուրէն` նկատի ունենալով արդէն իսկ ռուս- վրացական եւ ռուս-ուքրանական ոչ բնականոն յարաբերութիւններու վրայ նաեւ չաւելցնելու ռուս- ազրպէյճանականը: Ուղղուածութիւն մը կայ սակայն, որ ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Այն ալ ռուս-տուեալ կողմեր պատերազմներու իբրեւ անմիջական հետեւանք տարածքային ամբողջականութիւններու վերաքարտէսագծումն է, որ եթէ ոչ այս հանգրուանին, գուցէ այլ հանգամանքներու մէջ վերաբերի նաեւ Արցախին: Իրողական անկախութիւններու ռուսական միակողմանի ճանաչումի մասին է խօսքը առաւելաբար:
Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած, փորձ պէտք է կատարել դիտարկելու համար կազմաւորման ընթացքի մէջ եղող Մաքսային միութեան ճակատագիրը` տրուած ըլլալով, որ մեծ հանգոյցը այս գործընթացին մէջ Քիեւն էր. իշխանափոխուած Քիեւը արդէն իսկ խանդավառ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ դէպի Եւրոպական Միութիւն սուրալու:
Ուղղակի թէ անուղղակի իւրաքանչիւր աղերս իր հերթին քաղաքական վերլուծումներու կարիքը ունի` միշտ նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական գերտէրութիւններու շահագրգռուածութեան չափն ու կշիռը այս բոլորին մէջ:
Վերջապէս` թրքական գործօնի աշխուժացումը Խրիմի աշխարհաքաղաքական օրակարգ յայտնուելուն առիթով: Խրիմի մէջ ստեղծուած անկախութեան առաջին օրերէն իսկ Անգարան սկսած էր ներգրաւուիլ այս հարցին մէջ` իր աշխուժ հետաքրքրութիւնը պայմանաւորելով այն բնորոշումով, որ Խրիմի թաթարները իրենց հայրենակիցներն ու ցեղակիցներն են: Անկախ այն իրողութենէն, որ Խրիմի նկատմամբ լուրջ յաւակնութիւններ մատնող քայլեր կը կատարէ Անգարան, աւելորդ չըլլար ենթադրելը, որ ներքին բարդ մարտահրաւէրներ եւ ճգնաժամներ ունեցող Թուրքիան այսպիսով իր տագնապը կ՛արտահանէ դէպի արտաքին օրակարգ համաթրքական առաջադրանքներ ձեւակերպելով` ցեղակիցներու, հայրենակիցներու տիրութիւն կատարելու կարգախօսներով: Հետաքրքրական է մէջբերել նաեւ Տաւութօղլուի յայտարարութեան այս բաժինը.
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, դիմելով Խրիմի բնակիչներուն, ըսած է. «Թող ձեր մօտ նոյնիսկ կասկած չյառաջանայ այն մասին, որ մենք իրադարձութիւններէն դուրս կը մնանք: Մենք առաջինը կը շտապենք մեր եղբայրներուն օգնութեան. անոնց, որոնք դժուարութեան մէջ յայտնուած են… Մենք առաջինը կը շտապենք Խրիմին օգնութեան. մասունքներ, որոնք ձգած են մեր նախնիները»:
Իր պաշտօնավարած երկրին մէջ այլ մասունքներ ձգած այլ ժողովուրդներ ալ կան, որոնք երբ պահը գայ դէպի այնտեղ շտապելու պատճառ ունին: Այս մասին ալ Տաւութօղլուի ներկայացուցած պետութեան համար «նոյնիսկ կասկած պէտք չէ յառաջանայ»:
Հայկական ոսպնեակը բազմաթիւ ուղղութիւններով իր կեդրոնացումը Խրիմի վրայէն չհեռացնելու պատճառներ ունի:
«Ա.»
aztagdaily.com