«… Ես այդ երկրի վրայ իմ գոյութիւնը պահել էի մինչեւ 1915: Մինչեւ 1915 ես իմ երկրի մէջ էի ու նշանակութիւն չունի, թէ այդ երկրի վրայ ինչ դրօշակ կը ծածանուէր, կամ իմ աշխատանքի հարկը հայոց թագաւորը կը ստանար, թուրքի սուլթանը, թէ ռուսաց ցարը. սա նշանակութիւն չունի: Ինձ համար նշանակութիւն ունի իմ ծագած հողին վրայ հայերէն լեզուով խօսելը. մենք 3000-4000 տարուան մասին ենք խօսում, որն այսօր ցամաքել է: Մեր համար ամենադժուար տանելի երեւոյթը սա է. մենք պատմութեան մէջ թուով շատ զոհեր ենք տուել, ու հարցը այդ 1.5 միլիոն նահատակներու ցաւը չէ. այդ 1.5 միլիոն նահատակները մենք միշտ էլ տուել ենք: Հարցը մեր հայրենիքէն զրկուելն ու Արժանթին կամ Ուրուկուէյ աքսորուելն է»:
Բագրատ Էսդուկեան
«Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր, Պոլիս
Վերջապէս բարոյական մխիթարութեան ճախճախուտէն դուրս գալու մտածումներ կան: Բարոյական մխիթարութիւնը` Ցեղասպանութեան ճանաչումը այս կամ այն երկրի կամ այս կամ այն քաղաքապետութեան կողմէ: Փուչիկային եւ հովահարային աղմկարարութիւնը մոռացման մղեց հայոց ազգային էական հարցը, որ հայրենահանումն էր եւ է: Մարդիկ իրենց ամպագորգոռ ճառերէն դուրս ձգեցին ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄ բառը: Պէտք է հասկնալ, որ այդ իմացումով հրապարակ գալ` կը պահանջէ քաղքենիական ինքնագոհութիւններէ տարբեր յանձնառութիւններ, որոնք սոսկ յիշողութիւն չեն:
Այս խորհրդածութեան սկիզբը արձանագրուած պարբերութիւնը, եթէ կարդացող եւ լսող ըլլայ, կը պարտադրէ հիմնական վերատեսութիւններ` քաղաքական, մշակութային կողմնորոշման եւ կատարուած իրողութիւններու բազմամակարդակ խնդիրներու պարագային: Զարմանալի է, որ վերատեսութեան հիմնարար մտածումը չի գար ո՛չ Հայաստանէն եւ ո՛չ ալ ցարդ հայկական հարցին այս կամ այն ձեւով տիրութիւն ըրած բազմագոյն սփիւռքներէն: Ան կու գայ հայկական մշակութային եւ քաղաքական անցեալի մեծ կեդրոն Պոլիսէն, նոյնիսկ եթէ ան այսօր կը կոչուի Իսթանպուլ:
Արդարեւ, մեր բարդ պատմութեան մէջ խաղաղութիւնը հազուադէպ է, անկարելի թուացող պերճանք: Բայց մինչեւ 1915 տարբեր հաւաքականութիւն էինք, եւ անկէ ետք տարբեր հաւաքականութիւններ ենք, մէկ էինք, հիմա` կտրատուած եւ բազմաթիւ: Պոլիս լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի խմբագիրը, իր արտայայտութեամբ, հանդէս կու գայ որպէս պատմաքաղաքական մտածող, նոյնիսկ եթէ այդ մտածումները հրապարակուած են հարցազրոյցի մը սահմաններուն մէջ:
«… Ես այդ երկրի վրայ իմ գոյութիւնը պահել էի մինչեւ 1915: Մինչեւ 1915 ես իմ երկրի մէջ էի ու նշանակութիւն չունի, թէ այդ երկրի վրայ ինչ դրօշակ կը ծածանուէր, կամ իմ աշխատանքի հարկը հայոց թագաւորը կը ստանար, թուրքի սուլթանը թէ` ռուսաց ցարը. սա նշանակութիւն չունի»: Ազգի համար հողն էր հիմնականը, աւելի քան համրանքը, որքան որ ալ զարմացնող թուի այս հաստատումը, որ տրամագծօրէն կը հակադրուի Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչումով տասնամեակներէ ի վեր տեւող աղմուկին, որ այս կամ այն ձեւով մեր դժբախտութիւնը ճանչնալու համար գութ կը հայցէր… ճանաչումով` Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնելով քաղաքական ֆեթիշ:
Չէր խօսուեր ԱԶԳԻ ՄԸ ՀԱՆԴԷՊ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՈՃԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄՆ ԷՐ: Եւ հայրենահանումը իրականացուցած պետութեան սահմաններուն մէջ ապրած հայն է, որ իրաւութեամբ հրապարակ կու գայ եւ ճշդում կ՛ընէ` պատմութեան գնացքը իր գծին վրայ դնելու արտակարգ յանդգնութեամբ: Ազգ էինք մինչեւ 1915, զայն գոյացնող բոլոր երանգներով: 1915-էն ետք, բախտաւոր պարագային դարձանք կրօնական համայնքներ կամ գաղութներ, կամ ընդունելի ըլլալու համար` աղաղակուող «ծագումով հայեր», երբեմն ալ` այս կամ այն տոկոսով հայեր:
«Ինձ համար նշանակութիւն ունի իմ ծագած հողին վրայ հայերէն լեզուով խօսելը. մենք 3000-4000 տարուան մասին ենք խօսում, որն այսօր ցամաքել է: Մեր համար ամենադժուար տանելի երեւոյթը սա է. մենք պատմութեան մէջ շատ թուով զոհեր ենք տուել, ու հարցը այդ 1.5 միլիոն նահատակներու ցաւը չէ. այդ 1.5 միլիոն նահատակները մենք միշտ էլ տուել ենք», կ՛ըսէ «ԱԿՕՍ»-ի խմբագիրը: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Ազգի մը լեզուն թաղարի մը մէջ պահպանուող արեւադարձային ծաղիկի մը նմուշ չէ, նոյնիսկ երբ կը յաջողինք զայն աճեցնել: Նոյնիսկ տիրապետուած, ինքնութիւն պահած էինք` պահելով լեզուն: Այսօր ինչո՞ւ կը կուրանանք եւ չենք տեսներ, որ կորսնցնելէ ետք հողը, մեր անկարողութեամբ, թեթեւսոլիկութեամբ, ինչո՞ւ չըսել` վատութեամբ, կը կորսնցնենք լեզուն: Այս վատութեան կը հագցնենք յառաջդիմութեան կամ յաջողութեան շապիկ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ուրիշներու կողմէ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պարտադրուած զսպաշապիկ, զոր կը կրենք ինքնագոհութեամբ:
«Հարցը մեր հայրենիքէն զրկուելն ու Արժանթին կամ Ուրուկուէյ աքսորուելն է»: Կամ մոլորակի յայտնի կամ անյայտ կողմերը:
Հարցը ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆն է, ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ, այլ նաեւ` ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Այլ խօսքով, էականը Ցեղասպանութեան ճանաչումը կամ անորոշ բովանդակութեամբ հատուցում(ներ)ը չէ, այլ` հայրենահանման հակառակ ուղղութեամբ ընդգրկուած ուղին, որ հայրենադարձութիւնն է, եւ այսօրուան եւ վաղուան իրաւ քաղաքականութիւնը: Խարխափումները եւ մանր քաղքենիական պատշաճեցումներու ինքնագոհութիւնը վերջ պէտք է գտնեն: Այսինքն հայոց հայրենիքի կորուստը դուրսէն պէտք չէ դիտել, անոր վրայ հեռաւոր հարուստ ազգականի հայեացք պէտք չէ ունենալ:
Երբեմն կը յիշեմ Վիքթոր Հիւկոն, որ կ՛ըսէր, թէ` «կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին»: Պիտի դնե՞նք «կարմիր գլխարկ»… ի՜նչ ի՛նչ բաներու…
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
aztagdaily.com
