[1]Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Նուր» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը քննարկելու նպատակով տեղի ունեցած խորհրդարանի լիագումար նիստերուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն 95 առ հարիւրը ծրագիրին չէր վերաբերեր:
Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին բանակին դէմ ցեխարձակումներ կատարուած են` հարց տալով, որ առանց բանակի ինչպէ՞ս կարելի է լիբանանեան պետութիւնը պահել ու հզօրացնել:
«Բանակին կամ ապահովական որեւէ կառոյցի դէմ յարձակումը մերժելի է», նշեց Յ. Բագրատունի:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը երկու ամսուան կեանք ունի եւ կարելի չէ անկէ սպասել, որ հրաշքներ գործէ: «Լիբանանի մէջ ներկայիս կը տիրէ ոչ բնական իրավիճակ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական թէ ապահովական առումով», ըսաւ ան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը նշեց, որ կառավարութիւնը հաշուետուութեան կը կանչուի իր աշխատանքային ծրագիրին գործադրութեան հիման վրայ:
Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու` ընդգծելով, որ անիկա կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն, «եւ կայ այդ ընտրութիւնը կատարելու կարելիութիւն», աւելցուց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ բնական կազ եւ քարիւղ արտահանելու իր ծրագիրէն` մտավախութիւն յայտնելով, որ Լիբանանի ունեցած նիւթական պարտաւորութիւնները կրնան ուղղակիօրէն առնչուիլ բնակեցումի թղթածրարին:
Ան հաստատեց, որ լիբանանցիներուն կենցաղային հարցերը Լիբանանի կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլան, յատկապէս նկատի ունենալով սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարները:
Այս շրջագիծին մէջ ան ընդգծեց, որ լիբանանցիին օրապահիկը քաղաքականացնելը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան որեւէ պայթում կամ ընտրութեան ուշացումի որեւէ պարագայ:
Լիբանան հասած սուրիահայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պէյրութ հասած են 14 հազար սուրիահայեր, որոնք հիմնականին մէջ եկած են Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամըշլիէն եւ Տէր Զօրէն: Ան աւելցուց, որ շուրջ 12 հազար սուրիահայեր ուղղուած են Հայաստան` նշելով սակայն, որ Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ տակաւին կը գտնուին 40-50 հազար հայեր:
«Հալէպի մէջ տակաւին կը գործէ Հայոց թեմի առաջնորդարանը, կը գործեն հայկական վարժարանները եւ միութիւնները», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան հզօր նախագահի մը:
aztagdaily.com