- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Copy-of-0215apo1-240x300 [1]Արցախէն ու Հայաստանէն ձայներ կը լսուին՝ Քեսապ զինեալ ջոկատներ ուղարկելու մասին, դուրս հանելու համար զինեալները եւ ապահովելու համար քեսապցիներուն վերադարձը:
Որքա՛ն ալ անհաւանական՝ այս ձայները յուզիչ են ու պարզապէս կը մատնեն այն խոր յուզումն ու անհանգստութիւնը, զորս իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր ալ ապրի, կը զգայ իր ազգակիցներուն պարտադրուած դժխեմ ճակատագիրին պատճառով:

Մենք ի՞նչ կրնանք ընել…

– Ընդառաջել Հայ Դատի յանձնախումբի կոչերուն, ցուցմունքներուն: Երբ մեզմէ կը պահանջուի նամակներ գրել մեր բնակած շրջանը ներկայացնող Քոնկրեսի կամ Ծերակոյտի անդամներուն, ապա անպայմանօրէ՛ն արձագանգենք, գրենք մեր ինքնուրոյն նամակը: Եթէ դժուար է գրել, բառերը գտնել, ապա այցելենք Հայ Դատի յանձնախումբի կայքէջը. այնտեղ մեր գործը դիւրացնող բոլոր տուեալները ներկայացուած են: Չբաւականանալ նամակներով: Վերցնել հեռաձայնը եւ ուղղակի փոխանցել մեր պահանջները, մեր ընդվզումը պատահածին հանդէպ: Մեր ընդվզումը հասցնել մինչեւ Սպիտակ տուն, նախագահ Օպամային:

– Ընդառաջել ցոյցերու եւ հաւաքներու մասնակցելու կոչերուն, հրաւէրներուն: Մեր բողոքը արտայայտելու համար, վստահաբար, ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին: Ժամանակ պիտի չըլլայ լայն քարոզչութիւն կատարելու: Կազմակերպողները պիտի վստահին մեզմէ իւրաքանչիւրի նախաձեռնութեան եւ ինքնաբուխ մասնակցութեան: Մե՛նք տարածենք ձեռնարկներու լուրերը, հաւաքներուն մասնակցելու յորդորներով դիմենք մեր շրջապատին:

– Մեր նիւթական աջակցութիւնը բերենք դրամահաւաքի աշխատանքներուն:

– Արժանապատուութեան հարց դարձնենք դարաւոր թշնամիին ձեռագիրով իրագործուող մեր ժողովուրդի մէկ հատուածը տարագրելու ծրագիրին ձախողութիւնը:

Այլապէս՝ մեր զաւակները մեզ պիտի ծաղրեն ամէն անգամ, երբ բեմերէն յայտարարենք Ցեղասպանութիւնը կրկնել չտալու մեր յանձնառութիւնը:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com
25/03/201