- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սլէյմանին

logo [1]ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս խօսուեցաւ Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն մասին եւ շեշտը դրուեցաւ անոնց մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան վրայ:

Այցելութիւն Զօր. Աունին

Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ռապիէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, եւ ներկայացուեցաւ կառավարութեան յառաջիկայ գործունէութեան գծով ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքը: Դարձեալ խօսակցութեան առարկայ դարձան Քեսապի վերջին իրադարձութիւնները եւ անոնց մէջ Թուրքիոյ ակնյայտ դերակատարութիւնը:

aztagdaily.com