- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Ազդակ» ի խնբագրական – Ջաւախք. Նպատակ Եւ Ռազմավարական Ուղիներ

akhalkalak- [1]Ջաւախահայութեան վերաբերող հարցերու քննարկման որեւէ փորձ բնականաբար պէտք է նկատի ունենայ Թիֆլիսի կեդրոնական իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ. եւ տակաւին վրացական դիտանկիւնէ` անջատուած Աբխազիոյ եւ հարաւային Օսեթիոյ իրականութիւնները կամ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան (չ)պահպանման փաստը:

Փաստօրէն, Թիֆլիսը որդեգրած էր զարգանալ զիջելով տարբերակը: Դէպի Արեւմուտք, Եւրոպական Միութիւն եւ ՕԹԱՆ սրընթաց համարկումի քաղաքական վարքագիծը, եւ անոր զուգահեռ հակափտածութիւն ներքին պայքարի սաստկացումն ու իրաւական ներդրումային դաշտի կայացման միտող քայլերն ու ժողովրդավարացման համոզումի փոխանցման համար արձանագրուած քարոզչաքաղաքական գործողութիւնները Թիֆլիսին ապահովեցին արեւմտեան տարազ մը:

Որոշակի տեսանելիութեամբ յատկանշուած փոփոխութիւնները, որոնք արձանագրուեցան վրացական ընդդիմութեան իրականացուցած իշխանափոխութեամբ, այսուհանդերձ քաղաքական արտաքին վարքագիծի կտրուկ փոփոխութիւններու տեղի չտուին: Նոյն մեղմութեամբ փոփոխութիւններ երեւցան նաեւ ներքին առումով եւ ջաւախահայութեան ուղղուած կեդրոնական իշխանութիւններու գեղագիտական փոփոխութիւնները նշմարելի դարձան:

Պարզ դարձաւ, որ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ կտրուկ շրջադարձերու հետամուտ չեն Սահակաշվիլիի իշխանութիւնը տապալողները: Վրաստանը տարածաշրջանին մէջ իր դիրքն ու դերակատարութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ճշդած էր:

Զարգանալ չզիջելով կարգախօսին տակ իրականացուելիք քաղաքականութիւնը հայկական կողմին կը ստիպէ չդիմել վրացական քաղաքական արկածախնդրութեան: Դէպի Արեւմուտքը կամ զիջելով զարգանալու ընտրանքը սուղ արժեց Թիֆլիսին, որ զիջեցաւ Աբխազիան եւ Օսեթիան: Կը թուի, որ այդ տարածքներու վերադարձի պահանջը վրացական իշխանութիւններուն համար, գուցէ նաեւ Վրաստանի ժողովուրդին, առաջնային օրակարգ չէ: Բայց այս մէկը արդէն վրացական ընտրանքին մասին է:

Հայկական կողմը ջաւախահայութեան խնդիրի արծարծումին համար բացի վերոնշեալ հանգամանքներէն նկատի կ՛ունենայ այլ իւրայատկութիւնները:

Շրջափակուած Հայաստանի Հանրապետութեան համար վրացական սահմանը ռազմավարական գերկարեւորութիւն ունեցող այն անցքն է, որ միջազգային մեկուսացման մէջ մինչ այժմ յայտնուած իրանեան սահմանէն բացի, գլխաւոր ելքն է դէպի Ռուսիա, դէպի Եւրոպա, դէպի Սեւ ծով: Ռուս-վրացական կարճատեւ պատերազմին հայկական կողմին վրայ թողած հետեւանքներուն վերյիշեցումը բաւարար է այս սահմանի անարգել գործարկման կարեւորութիւնը շեշտելու: Հակառակ խտրականութեան, ուծացման քաղաքականութեան եւ նոյնիսկ հակահայ բնութագիրին հասնող վրացական կեդրոնական իշխանութիւններու կիրարկած քաղաքականութեան, Երեւանի կողմէ այս հաշուարկին հիման վրայ իրականացուած քաղաքականութիւնը որոշակի ընկալում ունի: Եւ նոյնքան հասկնալի է, որ Ջաւախքէն լսուող, սփիւռքէն հնչող եւ պաշտօնական Երեւանէն հրապարակուող յայտարարութիւններուն մէջ նկատուին պահանջներու շեշտադրումներու տարբերութիւններ:

Ջաւախքը հայապատկան տարածք է եւ մաս` պատմական Հայաստանի: Ջաւախահայութեան իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը հայկական առումով համակողմանի գերխնդիր է: Տարբեր հարց, որ նոյնիսկ օգտագործուած քաղաքական բառեզրերը շեշտակի չեն խօսիր հիմնական առաջադրանքին մասին, այսուհանդերձ համազգային նպատակը Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան նկատմամբ միեւնոյնն է պարզապէս:

Մենք չենք խօսիր անկախութեան կամ միացման մասին: Բայց կը խօսինք խտրականութեան քաղաքականութեան դէմ, ազգային փոքրամասնութեան լեզուի, կրթութեան, կրօնի եւ նման իրաւունքներու յարգման եւ պահպանման մասին. եւ եթէ Արցախի պարագային անկախութիւնը վերջնական նպատակին հասցնող ուղի է, այս պարագային ինքնավարութիւնը այդպիսին է: Իսկ այս առումով Վրաստանը համադաշնակցային պետութեան վերածելու առաջադրանքը ոչ միայն հայկական գունաւորում ունի, այլ նաեւ համավրացական:

Այս հարցերուն մասին սփիւռքահայութեան իրազեկուածութեան աստիճանաչափի բարձրացման կը նպաստէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած ջաւախեան շաբաթը: Ժողովրդային ընդառաջումը նոյնպէս:

aztagdaily.com