Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ տեղական մարմիններուն, Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլին Նիկոսիոյ «Նարեկ» Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քեսապի մասին զեկուցական հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, հոգեւոր հայրեր, ազգային, կրթական ու հասարակական կառոյցներու պատասխանատուներ:
[1]Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արթօ Դաւիթեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք Քեսապի կացութիւնը, բացատրեց հաւաքին նպատակը ու յայտագրին մանրամասնութիւնները: Ան թուեց նաեւ Քեսապի կապակցութեամբ կիպրահայ գաղութէն ներս պետական ներկայացուցիչին, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին եւ երեք կուսակցութիւններու տեղական մարմիններուն կատարած աշխատանքները:
Աւետիս Փոշօղլեան ներկայացուց Քեսապի համառօտ պատմութիւնը ընդգծելով, թէ Քեսապը պատմական Կիլիկիոյ վերջին անկիւնն էր, որ հայաթափուեցաւ Թուրքիոյ հետապնդած նենգ ծրագիրներուն հետապնդումով: Ան ներկայացուց Քեսապի գաւառակի գիւղերը, եկեղեցիները եւ կառոյցները եւ բոլոր այն վնասները որոնք կրեց սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս:
Ապա, Յակոբ Մանուկեան խօսեցաւ Սուրիական տագնապի ներկայ փուլին մասին, ներկայացնելով բոլոր այն փաստերը որոնք կը վկայեն արեւմտեան ուժերուն կողմէ արաբական աշխարհն ու յատկապէս Սուրիան ոչնչացնելու մեծ ծրագրիի մը առկայութիւնը: Բանախօսը կարճ վերլուծում մը ըրաւ նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն մասին եզրակացնելով, թէ Թուրքիոյ՝ դրացիներու հետ «զէրօ խնդիրներ»ու քաղաքականութիւնը ներկայիս վերածուած է «զէրօ դրացիներ»ու քաղաքականութեան:
Ներկայացուեցաւ Քեսապի տագնապին շուրջ լրատուական միջոցներէն քաղուած տեսաերիզներու փունջ մը, որ յստակ կերպով կը ցուցադրէր գործողութիւններու ընթացքն ու գաղթականութեան վիճակը:
Վերջին խօսողն էր Ասատուր Տէվլեթեանը, որ սկսելով ցեղասպանութենէն, անդրադարձաւ սուրիահայ գաղութին կազմութեան ու դերակատարութեան, որպէս նորակազմ սփիւրքի հիմնասիւնը: Ան համոզիչ կերպով ընդգծեց, թէ հայ ժողովուրդը ի գին ամէն զոհողութեան պէտք է անպայման զօրաշարժի անցնի ու պահէ սուրիահայ գաղութը, որովհետեւ առանց հայրենամերձ ու համախմբուած այդ գաղութին, կը վտանգուի ամբողջ հայկական սփիւռքը:
Երեկոն փակուեցաւ Տ. Մաշտոց Քահայնայի հակիրճ խօսքով ու Պահպանիչով: