- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ին Մրցանքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 12 Ապրիլ 20014ին, Կաթողիկոսարանին մէջ։ Նիստին կը նախագահէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Մասնակիցներն էին Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, Աշոտ Մելքոնեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։1927168_10152326888292873_1593769921_n-720x465

Ժողովը քննեց կատարուած աշխատանքները, հրատարակուած գիրքերու տարածումի պատկերը եւ ապա հրատարակութեան յանձնախումբին ուղարկուած ուսումնասիրական աշխատանքները։

Հրատարակչական ծրագիրներուն առընթեր եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով նիստը որոշեց նաեւ երիտասարդական շրջանակներուն քաջալերել գիտահետազօտական բնոյթի աշխատասիրութիւններու պատրաստութիւնը եւ այդ նպատակին համար հաստատել դրամական պարգեւներ։ Իւրաքանչիւր մրցանակի արժանացողը կը ստանայ 5.000 ամերիկեան տոլար։

Մրցանակներու արժանացող ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին։ Մասնակիցները պէտք է նկատի ունենան հետեւալ պայմանները.

1. Աշխատանքները պէտք է քննարկեն, գիտական ու ակադեմական մօտեցումով, Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատին եւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման վերաբերող նիւթ։

2. Աշխատասիրութիւնները իրենց շօշափած նիւթով ու մօտեցումով կարեւոր նպաստ պէտք է բերեն վերոնշեալ մարզերէն ներս։

3. Գործերու յանձնումի ժամկէտը նկատի ունենալ 28 Փետրուար 2015ը։

4. Աշխատանքները պէտք է ըլլան անտիպ, հայերէն կամ օտար լեզուներով։

5. Մասնակիցներուն տարիքն է 20էն 35։

6. Ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ունենալ մէկէ աւելի հեղինակներ։

7.Տառատեսակը նկատի ունենալ «Գրապալատ» (GHEA Grapalat, http://mincult.am/fonts.html), տառաչափը՝ 12 կէտ/pt։ Տողերու հեռաւորութիւնը՝ տողամիջոցը 24 կէտ/pt։ Համակարգչային A4 էջաչափ՝ 29-30 տող, նուազագոյնը 200 էջ։ Տողերու նշաքանակը (character count) 59-60։ Իւրաքանչիւր էջի վրայ նուազագոյնը՝ 1.800 նիշ/character, միջոցները/space ներառեալ։ Էջատակի ծանօթագրութիւնները (footnotes) 10 կէտ/pt տառաչափով, 20 կէտ/pt տողամիջոցով։

Աշխատասիրողները մասնակցութեան պայմաններուն վերաբերեալ որեւէ հարցի համար կրնան դիմել հետեւեալ հասցէին.-

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

«Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի Յանձնախումբ

Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O. Box 70317
Antelias, Lebanon
E-mail: [email protected]
Fax: +961-4-410 002

aztagdaily.com/