Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը


Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հիմնուած է 1890-ի օգոստոսին, այժմու Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Կազմուած է իբրեւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն՝ նպատակ ունենալով համախմբել Արեւմտահայաստանի ազգային-ազատագրական պայքարին լծուած յեղափոխական բոլոր կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: 1892-ին գումարուած իր Առաջին Ընդհանուր Ժողովին վերանուանուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն՝ կազմակերպական ապակեդրոնացումի հիման վրայ վերածուելով գաղափարական ու բարոյական միաձոյլ նկարագրով կուսակցութեան: Իբրեւ այդպիսին՝ Հ.Յ.Դ. գլխաւորած է եւ կը շարունակէ դրօշակիրը մնալ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին:
Իր գործունէութեան առաջին իսկ օրերէն Դաշնակցութիւնը եղած է շեշտակիօրէն Գործի կուսակցութիւն՝ հայ ժողովուրդի մարտական բազուկը դառնալով: Իր ծաւալած յեղափոխական եւ կազմակերպական եռուն գործունէութեամբ՝ Դաշնակցութիւնը զինած է մեր ժողովուրդը եւ պատրաստած է զայն ինքնապաշտպանութեան եւ համաժողովրդային ընդհանուր ապստամբութեան: Համիտեան բռնատիրութեան տապալման եւ Պարսկական սահմնադրական շարժման յաղթանակին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Հ.Յ.Դ.:

1907-ին գումարուած իր Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովէն սկսեալ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծաւալուն պայքար մղած է նաեւ Արեւելահայաստանի ու Կովկասի մէջ՝ ի խնդիր հայութեան ազգային-մշակութային եւ ընկերային-տնտեսական իրաւունքներու պաշտպանութեան: Յատկապէս հայ աշխատաւորութեան շահերու պաշտպանութեան ճակատին վրայ մղած է ծաւալուն պայքար. այդ ճամբով՝ իբրեւ ռուսական իրականութեան մէջ գործող ընկերվարական կուսակցութիւն, Հ.Յ.Դ. անդամակցած է Ընկերվարական Բ. Միջազգայնականին եւ ստացած է հայ ժողովուրդի ընկերվարական հոսանքը ներկայացնող լիիրաւ անդամի կարգավիճակ: Այսպիսով՝ Դաշնակցութիւնը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն արժեւորած է թէ՛ Օսմանեան Թուրքիոյ եւ թէ Ցարական Ռուսաստանի լուծէն հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան դատերը: 1918-ին ղեկավար դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի անկախութեան նուաճումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մէջ՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի քաղաքական հանգանակը որդեգրելով:

1920-ի Դեկտեմբերին Հայաստանի անկախութեան կորուստէն եւ Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դարձած է տարագիր կուսակցութիւն՝ մինչեւ 1932 ընդյատակեայ իր գործունէութիւնը շարունակելով հանդերձ Հայաստանի մէջ: Այնուհետեւ, մինչեւ 1988ի Արցախեան Շարժման պոռթկումը, Հ.Յ.Դ. գործունէութեան առանցքը եղած են մէկ կողմէ Հայկական Սփիւռքի ազգապահպանումն ու կազմակերպումը, իսկ միւս կողմէ Հայ Դատի հետապնդումը՝ իր զոյգ մակարդակներով.- Առաջին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան արդար հատուցման պահանջով պայքար Թուրքիոյ դէմ. երկրորդ՝ Խորհրդային Հայաստանի հայութեան ազգային եւ մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ընդդէմ խորհրդային ամբողջատիրութեան:

1988-ի Արցախեան Շարժման պոռթկումէն ասդին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերահաստատած է համահայկական կազմակերպութեան իր տեղն ու դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Օժտուած է Հայաստանի, Արցախի, Ա.Պ.Հ. եւ արտասահմանեան 28 երկիրներու մէջ գործող կազմակերպական ծաւալուն ցանցով: Կ՚առաջադրէ ամրապնդումը Հայաստանի եւ Արցախի հայկական զոյգ պետականութեանց՝ իբրեւ կռուանները հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումին:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով կը պայքարի հայ ազգի քաղաքական-տնտեսական, ընկերային-մշակութային բովանդակ շահերու պաշտպանութեան համար:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ իր գաղափարաբանութեամբ: Ան կ՚առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերութեան համերաշխութեան եւ բարօրութեան ճամբով ապահովել հայ մարդու եւ հայ ազգի անկաշկանդ, բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ Դատի լուծման.- ամբողջական հայութեամբ՝ ամբողջական հայրենիքի կերտումին:

Տպել Տպել