Լիբանանի Նահատակաց օրուան խորհուրդի ձեւախեղումը արդէն հանգիստ ընկալուած է լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջանակներուն կողմէ: Ամբողջ երկրի մը Օսմանեան Կայսրութենէն կրած արհաւիրքը խորհրդանշող Լիբանանի Նահատակներու օրուան խորհուրդի հեզասահ անցումը դէպի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ինկած մամուլի աշխատակիցներու յիշատակի օրուան, շատ լուրջ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ:
Այստեղ, առարկայականութեան սահմաններուն մէջ մնալու փորձը կը շեշտէ, որ թրքական միջամտութեան հետ կապ չունի սեփական պատմութեան ճշմարտութիւններէն ինքնակամ հրաժարումի այս իրականութիւնը, որ համալիբանանեան առումով Օրուան խորհուրդը հետզհետէ պարպեց իր նշանակութենէն: Անգարան պարզապէս շատ հանգիստ պիտի հետեւէր լիբանանեան այս ինքնաուրացման կեցուածքին:
Երկար ատենուան բացակայութենէ ետք Նահատակաց յուշարձանը վերատեղադրուեցաւ իր պատուանդանին վրայ: Յուշարձանը սակայն չյաջողեցաւ յուշել բուն խորհուրդը: Արդէն քանիերորդ տարին ըլլալով միայն հայկական միաւորներ մայիս 6-ին կը յիշեն լիբանանեան պատմութեան սեւ էջերը, թրքական ջարդարարութիւնն ու կախաղանը եւ այդ բոլորին մէջ թրքական բռնատիրութեան դէմ ծառացած լիբանանցի զոհերուն յիշատակը:
Վերջին երկու տարիներուն ապրիլեան քայլարշաւներուն վախճանական կէտը պատահականութեան իբրեւ արդիւնք չէր, որ ճշդուած էր Նահատակաց հրապարակը: Անկախ կեդրոնական Պէյրութի մէջ հայոց պահանջները բարձրաձայնելու առաջադրանքէն, խորհրդանշական իմաստ ունէր Նահատակաց հրապարակին վրայ յիշելը, յիշեցնելն ու պահանջելը: Օսմանեան Կայսրութեան նորօրեայ ժառանգորդներուն ուղղուած յայտարարութիւններ կամ անոնցմէ սպասուող պահանջներու բանաձեւումներ ա՛յդ վայրին մէջ անպայման կրկնակի իմաստ կ՛ունենան: Կը թուի, որ լիբանանեան ինքնաուրացման ընթացքի հայկական զգուշացումը եւ խորհուրդի ակունքներուն վերադարձ կատարելու հրապարակային պահանջը կ՛անհանգստացնէ սեփական պատմութեան որոշ էջերու ինքնամոռացման երեւոյթները հաշտ աչքերով դիտարկող մեր հակառակորդը:
Լիբանանահայութիւնը այս խնդիրին արծարծումը պիտի շարունակէ ոչ միայն իբրեւ ազգութեամբ հայ միաւոր, այլ նաեւ իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի: Եւ եթէ պետական հաստատութիւններն ու որոշ համայնքներ մեկնած` Պէյրութ-Անգարա յարաբերութիւններու ներկայ պատկերին թելադրած քաղաքական տրամաբանութենէն նպատակայարմար չեն նկատեր սեփական պատմութեան սեւ էջերու վերաբացումը, ապա հասարակական մակարդակներու վրայ, զուտ լիբանանեան հայեցակէտերէ քաղաքացիական շարժումներու այ՛ս հարցի ներառումը կը բխի համալիբանանեան շահերէ:
Որքան մեր երթերը ուղղուին դէպի Նահատակաց հրապարակ, որքան ալ Նահատակաց յուշարձանին առջեւէն բարձրաձայնուին մեր պահանջները, որքան ալ Մայիս 6-ի բուն խորհուրդի վերականգնման յուշարարութիւններ կատարուին, ամէնէն ազդեցիկ ձեւը Լիբանանի պատմութեան վերաքաղին զուտ լիբանանեան շրջանակներէ նման անհրաժեշտութեան արծարծումը պիտի ըլլայ: Ներշնչումները կրնան հայկական ըլլլալ, սակայն պահանջի ծաւալումն ու սեփական պատմութեան առերեսումն ու նահատակներու յիշատակումի յարգումը` լիբանանեան:
Այս աշխատանքի կազմակերպումը կրնայ կարեւորութեամբ շեշտուիլ 100-ամեակի նախօրեակին: Չմոռնանք, որ Անգարան այստեղ հայկական հարցերու նկատմամբ նոյն ժխտողական աշխուժութիւնը չի ցուցաբերեր, այլ միջավայրերու նման: Թրքական ռազմավարութիւնը լիբանանեան շրջանակներու մէջ նպատակադրած է օսմանեան ջարդարարութիւնը մոռցնել տալ եւ այդ բոլորին փոխարէն դարմանատուներ հիմնել, դպրոցներ վերանորոգել, թուրքմեն ազգաբնակչութիւնը հովանաւորել, համաարաբական համակրանք ստեղծել, եւ խաղաղապահ ծրագիրներուն մաս կազմելով «անմեղ» դիմագիծ ապահովել:
Անգարայի դիմակազերծումի աշխատանքին կը նպաստէ լիբանանեան պատմութեան այդ կարեւոր հատուածին վերաքաղը եւ Նահատակաց օրուան բուն խորհուրդի վերականգնումը:
.aztagdaily.com