ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեքշաբթի, 6 մայիսին այցելեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով նախագահական ընտրութիւններն ու Լիբանանի վրայ ազդող Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները:
aztagdaily.com