Ուրուկուայի պատգամաւորի պատասխան նամակը թուրք դեսպանին

01-Ուրուկուայի խորհրդարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի, ինչպէս նաև ՄԵՐԳՕՍՈՒՐ խորհրդարանի նախագահ, Հայ Դատի պաշտպան և զօրակից Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմօ, նամակ մը ստացաւ Արժանթինի և Ուրուկուայի պետութիւններու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թանէր Գարագաասէն, վարչապետ Էրտողանի, մեր բոլորին ծանօթ, Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարեդարձի առթիւ հայութեան և միջազգային հանրութեան յղած ուղերձի լրիւ բովանդակութիւնը, ուր Թուրքիոյ վարչապետը իր “Ցաւակցութիւնը” կը յայտներ Ցաղասպանութեան Ժառանգորդներուն։

Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ստանալէ ետք պատգամաւոր Ուէլմոյի հաւանութիւնը, հայ մամուլին թարգմանաբար ներկայացնելու իր պատասխան նամակը թուրք դեսպանին, կը հրապարակենք զայն։

“Թուրքիոյ դեսպանութիւն
Պր. դեսպան Թանէր Գարագաս

Ողջոյններ,

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր ուղղարկած Թուրքիոյ Վարչապետ Պր. Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանի հրապարակած Ապրիլ 24-ի ուղերձի լրիւ բովանդակութեան համար, որուն ծանօթ էի, քանի որ ան պատգամ մըն էր միջազգային հանրութեան։

Իմ պարտականութիւնս կը սեպեմ ձեզի տեղեկացնելու թէ, Ուրուկուայի Արևելեան Հանրապետութիւնը 1965 թուականէն սկսեալ, անվերապահօրէն ճանչած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ապրիլ 20 1965ին թիւ 13 326 օրէնքի միջոցով, որմէ ետք իմ երկիրս վերածուեցաւ Միջազգային Ընտանիքի մէջ առաջինը որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Ճիշտ այդ օրը Ուրուկուայի խորհրդարանի մէջ, ընթացք առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան պատգամաւորներ և իմ երկրի բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց պատգամը փոխանցեցին այդ առիթով։

Վերջերս, Ուրուկուայի խորհրդարանը 4 Նոյեմբեր 2011ին թիւ 18 834, յօդուած 205ի բանաձևի մը հիման վրայ, օրէնք մը որդեգրեց յանձնարարելով կրթութեան և մշակոյթի նախարարութեան, որպէսզի յառաջացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան, նպատակ ունենալով տարածելու հայոց մշակոյթը և տեղեկութիւններ հաւաքելու հայ գաղթականութեան մասին։

Բոլոր այդ դրոյթները միաձայնութեամբ որդեգրուած են Ուրուկուայի բոլոր քաղաքական համակարգի կողմէ, առանց որևէ արարկութեան։

Ուրուկուայը համաձայն իր աւանդութեան, հաւատարիմ կը մնայ պահպանելու Մարդու Իրաւունքները և Հայոց Հարցը մեզի համար, վճռուած է ինչ որ արժանի կը գտնենք թէ, ճանաչումն ու հատուցումը միակ ճանապարհն է որմէ պէտք է անցնիլ, հարթելու համար ճշմարիտ հաշտեցման ուղին։

Ուրուկուայը երիտասարդ երկիր մըն է, անով հանդերձ, ան ձևաւորուած է տարբեր գաղթականական ալիքներու վրայ ուր մարդիկ մեր հողերը եկած են, ձգտելով հեռու մնալ ատելութեան և այլ տխուր հանգամանքներէ և կարելի է ըսել թէ մենք, խորագոյն փորձարութիւն ձեռք ձգած ենք որ մեզի հասցուցած է խօսքի ազատութեան, արդի լրիւ ժողովրդավարական համակարգի և լիարժէք ապահովման, թէ խաղաղութեան և թէ մարդու իրաւունքներու ճանապարհին։

Այնպէս որ, առանց խորանալու և վերլուծելու վարչապետ Էրտողանի ուղերձը, ուր վստահաբար շարք մը տարաձայնութիւններու պիտի հանդիպիմ, պէտք է արտայայտուիմ որ այն համերաշխութիւնը որ մենք Ուրուկուայցիներս կը տածենք հանդէպ հայ նահատակներուն, զգացած ենք մեր մորթին վրայ։

Ուրուկուայը սկզբունքներու երկիր է և այս ձևով կը շարունակէ գործել, պարզ այն պատճառով որ կը փափաքինք որ աշխարհը մեզի այսպէս ճանչնայ և կարչած կը մնանք այն ազնիւ սկզբունքներուն, ուր մեր ազգային հերոս Խօսէ Արթիկասը կ՜ըսեր “Ազատութեան հետ, մարդու չեմ վիրաւորեր և ոչ ալ կը վախնամ”։

Հաճելի է ինծի համար ստանալ ձեր գրութիւնը և անոր կցուած ձեր երկրի բարձրագոյն ղեկավարի ուղերձը։

Կ՜ողջունեմ ձեզի և յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր կարևոր առաքելութեան մէջ։
Ջերմօրէն

Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմօ
Ազգային պատգամաւոր

-Հայ ժողովուրդի բարեկամ այս յարգելի Ուրուկուայցի պատգամաւորի այս յստակ պատասխան նամակն էր որ յղեց Արժանթինի և Ուրուկուայի կառավարութիւններու մօտ գտնւող թուրք դեսպանին։

Ուրուկուայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբ

Տպել Տպել